Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդէմ Միակուսակցական Կառավարման

September 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձի համեստ տօնախմբութիւններուն առընթեր տեղի ունեցաւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան համագումարը: Համագումարը ընտրեց նոր վարչութիւն, որուն նախագահ դարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Շուրջ 500-ի հասնող ժողովականները քուէարկեցին եւ ընտրեցին վարչութիւն մը, որուն անդամները կանխորոշուած էին: Նման մեծաթիւ անդամներով համագումարներու մէջ դժուար է թեկնածուներու առաջադրմամբ ընտրութիւն կատարել. այդ պատճառով է հաւանաբար, որ քուէարկութեան արդիւնքներու ամփոփումը եւ յայտարարութիւնը ուշացան գրեթէ երկու օր:

Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան համագումարը տեղի կ՛ունենայ Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն տասը ամիս առաջ: Նորընտիր վարչութեան գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ընտրութեան կազմակերպումը: Ներկայ Ազգային ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութիւնը, որ մէկ մարդու` վարչապետին ցուցմունքով միահեծան կ՛իշխէ քաղաքական կեանքին ու կ՛արհամարհէ ամէն դիտողութիւն, թշնամի կը համարէ ընդդիմութիւնը, պիտի կարենա՞յ առողջ ժողովրդավարութիւններու օրինակով համախոհական եղանակով համաձայնական խմբաւորմամբ գործել: ՔՊ-ական մտածողութեամբ նման բան անկարելի է, որովհետեւ տեսանելի է, որ գործելու ոճը կը յիշեցնէ ամբողջատիրական վարչաձեւերու կառավարման եղանակը, երբ ամէն երեւոյթ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրթական ու մշակութային, դատաստանական եւ այլ, ենթակայ են խիստ վերահսկողութեան:

Բացարձակ մեծամասնութիւնը վերարտադրելու համար, ՔՊ-ն պիտի դիմէ ժողովուրդին հաճելի թուացող միջոցառումներու, անգամ մը եւս տուրք տալով ամբոխավարութեան եւ աժան ինքնագովեստի: Համագումարը բնականաբար որդեգրած է գործունէութեան ծրագիր մը, խոստանալով խթանել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը, տնտեսութիւնը մրցակցային դարձնել, կրթութիւնը արդիականացնել, կառուցել ակադեմական քաղաք, գոյացնել… դատական անկախ համակարգ, կաշառակերութիւնը վերացնել, խաղաղութիւն հաստատել եւ վերջապէս սահմանադրութիւնը փոփոխել: Այս առաջադրանքները, բացի վերջինէն, լաւ գաղափարներ են, որոնք կրնան որդեգրուիլ, առաւել կամ նուազ չափով, որեւէ քաղաքական ուժի կողմէ: Ցուցակէն գլխաւոր պակսողը ճշմարիտ ժողովրդավարութեան մը խոստումն է. ճշմարիտ ժողովրդավարութիւններուն մէջ իշխող ուժը չ՛արհամարհեր ժողովուրդի տրամադրութիւնը եւ ընդդիմութեան տեսակէտները:

Բոլոր ամբողջատիրական վարչաձեւերու ղեկավարներուն նմանողութեամբ, ՔՊ-ականները եւս կը խօսին ժողովուրդի անունով: Վերջին օրինակը գործող սահմանադրութեան մասին Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնն է. «Այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնն այնքան ատելի է ժողովրդի համար, որքան կայսրութիւնների կողմից պարտադրուածը»: Այս «ատելի» սահմանադրութեան ո՞ր յօդուածներն են ժողովուրդէն մերժելի, կը մնայ անծանօթ. նոյնիսկ ինքզինք ժողովուրդի հետ շփոթող վարչապետը չի բացայայտեր սահմանադրութեան կարծեցեալ սխալները:

Նիկոլ Փաշինեան եւ իր ղեկավարած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ջանք պիտի չխնայեն ընտրողները համոզելու համար, որ խաղաղութեան խաչմերուկը «իրական Հայաստանն» է, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութիւնը հաստատուած է արդէն եւ այս երկու բարեկամ դարձած երկիրներուն պահանջներուն գոհացում տալը գաղափարական սկզբունք է, Արցախի նախկին բնակիչները կրնան «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ դառնալ, Արարատի հետ պէտք է մոռնալ նախնիներու ծննդավայրերը, Ցեղասպանութիւնը չյիշել, հայրենիք ու պետութիւն շփոթել, Հայ դատ ու պահանջատիրութիւն թաղել:

Բողոքելով զինք 44-օրեայ պատերազմը հրահրելու մէջ ամբաստանութեան դէմ, Նիկոլ Փաշինեան ինքնապաշտպանութեան համար չի խորշիր յայտարարել. «Որ ես եմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատերազմի մէջ ներշաքել… 2018-ին 18 տարեկան զինուորը ի՞նչ գործ ունէր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքից դուրս»: Այսինքն` Արցախի մէջ: Այսինքն` Հայկական բանակը բռնագրաւած էր Արցախը:

Բոլոր ազգային ուժերը պարտաւոր են միասնական ճակատով թոյլ չտալ, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Քաղաքացիական պայմանագիր վերահաստատեն այժմու միակուսակցական կառավարումը:

 

 

Նախորդը

Ի Խորոց Սրտի Խօսք… «Հապիպ»-ին

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Մեծ Փոփոխութիւններ` 2026-ին

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.