ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
ՇՈՒՏՈՎ`
«ՄԱՐԴԸ ԱԹԼԱՆԹԻՍԷՆ»
————————————–
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2025-2026
Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի մանկավարժութեան BT, TS եւ LT դասարաններու 2025-2026 տարեշրջանի վերամուտ` 3 հոկտեմբեր 2025-ին:
Դասաւանդութիւնները տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը` երեկոյեան ժամը 4:00-էն- 7:00, Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան 22 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր 2025, երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերուն, երեկոյեան ժամը 4:00էն-6:00 կեդրոնէն ներս:
Նոր ուսանողները պարտին իրենց հետ ունենալ
- Լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Իրենց վերջին պետական վկայականին պատճէնը
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել 03/627986 թիւին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը անմիջական կարիքը ունի մաքրութիւն կատարող տիկիններու:
Կը խնդրուի անձամբ ներկայանալ «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը` Տորայի շրջանին մէջ, անմիջական կարիքը ունի հաշուապահի մը, աշխատանքի լիաժամ կամ կիսաժամ դրութեամբ, ըստ յարմարութեան: Դիմել` հեռ. 03-164767:
————————————-
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ
ՏՈՒՆԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ
ՀԱՅ հիւանդապահուհիներու, ինչպէս նաեւ տարեցները խնամող պաշտօնեաներու: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն. 01-260533 կամ 01-260534:
