Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
– Լսեցի՞ր, թէ ի՞նչ փորձանք եկեր է Հայաստան-Փորթուգալ ֆութպոլի մրցումի տոմսերուն գլխուն…- հնչեց վրդոված բարեկամիս ձայնը ընկալուչիս մէջէն:
– Լսեցի՜, բարեկա՛մս, լսեցի՜…, մօտաւորապէս երկու շաբթուան պատմութիւն է…
– Ասիկա ըլլալիք բա՞ն է,- հնչեց երկրորդ հարցումը` նոյն վրդովմունքով:
– Հայաստանի մէջ շատ բան կրնաս արձանագրել այդ «ըլլալիք բա՞ն է» հարցումիդ դիմաց եւ պատասխանել. «Ըլլալիք բան չէ՛»:
– Այս չարաշահութիւնը, փտածութիւնը ի՜նչ սահմաններու հասեր են հոն, ըլլալիք բա՞ն է, որ առաջին օրը յայտարարեն, թէ 6 սեպտեմբերի մրցումին տոմսերը վաճառքի դրուած են…
-… Չմոռնաս, որ վաճառքը միայն համացանցի միջոցով կ՛ըլլայ, այդպէ՛ս որոշեր է ֆետերասիոնը…
– Հա՛, վաճառքը առցանց պիտի ընէին, մարդիկ փորձեր են տոմս գտնել, կայքէջը իբր թէ խանգարում ունեցած է, իսկ երբ օր մը ետք սկսեր է բանիլ, յայտարարեր են, որ տոմսերը սպառած են:
– Ատիկա նշան է, թէ Հայաստանի մէջ որքա՜ն մարզասէր կայ. անոնք քանի մը ժամէն սպառեր են տոմսերը,- կատակեցի: – Կար ժամանակ, որ գիրքերն ալ այդպէս` քանի մը ժամուան մէջ կը սպառէին հազարներով…
– Ի՜նչ մարզասէր, ի՜նչ բան,- շարունակեց` շեշտուած ընդվզումով: – Հիմա կ՛ըսեն, որ տոմսերը գնած են «ստուերայիններ» եւ «տակից» շուկայ իջեցուցեր են բարձր գիներով:
– Ամէն տեղ ալ ասանկ բաներ կ՛ըլլան. ասոր կ՛ըսեն` վաճառականութիւն,- փորձեցի մխիթարել, սակայն բացատրութիւնս հակառակ ազդեցութիւնը գործեց:
– Ի՜նչ կ՛ըսես. ուրիշ տեղ, այո՛, որոշ թիւով տոմսեր կանուխէն կը խլուին ու վերջին պահուն սուղ կը ծախուին, սակայն հոս բոլո՛ր տոմսերը, կամ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անցեր է այդ չարաշահներուն ձեռքը. Գնա՛, գտի՛ր, թէ գնողները ո՞ր նախարարին կամ իշխանականներուն մօտիկ մարդիկ են:
– Բայց… նորութիւն չես ըսեր, բարեկա՛մս. այս մարդիկը ամէն բան չարաշահութիւններու աղբիւրի վերածած են. ճամբաներու, դպրոցներու շինութիւն, մինչեւ իսկ Ծիծեռնակաբերդի վերանորոգութեան աշխատանքները չարաշահութիւններու եւ ապօրինութիւններու ցուցահանդէս կազմած են, ֆութպոլը ինչո՞ւ պէտք է զերծ մնայ,- հարցուցի` զայրոյթը խթանելու տրամադրութեամբ:
– Ըսածս լաւ չհասկցար: Այդ բոլորը գիտենք, բայց ֆութպոլը տարբեր է: Ասանկ մրցում մը դիտելու փափաք պիտի ունենան բոլոր խաւերու անդամները, մասնաւորաբար` համեստ նիւթականով մարդիկ: Երբ տոմսերը «անգտանելի» կը դառնան եւ յայտնապէս շահագործման նիւթ կը դառնան, համեստ դասու մարզասէրները բնականաբար պիտի զրկուին խաղէն, դաշտը պիտի լեցնեն անոնք, որոնք այս իշխանութեան «բարիքները» կը վայելեն, անոնց առիթ տրուած է եկամուտ ապահովելու` առանց արդար մրցակցութեան,- բացատրեց ընդվզած բարեկամս եւ շարունակեց.- Ֆութպոլը ամէնէն ժողովրդական մարզախաղն է, մարզասէրներ հոգի կու տան նման մրցումներ դիտելու համար, կը սպասեն, որ մեր խումբը յաղթանակ արձանագրէ, եւ եթէ յաղթէ, ազգային հպարտութիւն կը զգան, ինչպէս որ կ՛ըլլայ ծանրաբարձներու կամ ըմբշամարտիկներու յաղթականներուն ատեն: Ասոնց ըրածը անընդունելի է, պէտք է մարզական աշխարհն ու մամուլը դատապարտեն,- եզրափակեց:
Ընկալուչը վար դնելէ առաջ յիշեցուցի, որ քանի մը ամիս առաջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին անփառունակ վիճակին հպանցիկ արձագանգ մը արձանագրած էի` յիշեցնելով ծանօթ առած մը` «Ուղտին հարցուցեր են, թէ վիզը ինչո՞ւ ծուռ է, պատասխաներ է. իսկ ո՞ր մասս շիտակ է»: Այդ օրերէն ասդին «ուղտին» թուացեալ շիտակ մասերն ալ ծռեցան, այնքան մը, որ ուղտը անճանաչելի դարձած է: Իսկ ուղտ տեսնող մնացա՞ծ է, թէ՞ զայն ալ պէտք է փնտռել նշաձողերու հանքերուն մէջ:
1 սեպտեմբեր 2025


