Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակում

Սեպտեմբեր 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 31 օգոստոս 2025-ին պաշտօնապէս փակուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ՀՅԴ հիմնադիր-ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան «Վիտոշի բազէ» բանակումը, որ ընթացք առած էր 24 օգոստոսին:

Բանակումին ընթացքին գործադրուեցան այլազան եւ բազմազան ծրագիրներ, որոնք ընդգրկեցին` մշակութային օր, ընկերային պահեր, դասախօսութիւններ, զարգացման մրցումներ, տեսերիզներ, աշխատանոցներ, խրախճանք եւ մարզական խաղեր ու մրցումներ:

Մշակութային օրուան ընթացքին նուագարաններու ծանօթացուց Հայկ Քէշիշեանը, մշակութային կոթողներու մասին աշխատանոց վարեց Նարօտ Սէրուժեանը, եւ ընդհանրապէս մշակոյթի կարեւորութեան մասին զեկուցեց մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանը:

ԼԵՄ-ականները նաեւ ունեցան աւանդական «մանթի» ճաշը պատրաստելու հաճելի ժամեր:

Դասախօսութիւնները բաւական հարուստ էին: Քրիստափոր Միքայէլեանի տիպարին մասին դասախօսեց Վիգէն Աւագեան, Եըլտըզի մահափորձին անդրադարձաւ Եսայի Հաւաթեան, երիտասարդին, միութենական կեանքին եւ համաշխարհայնացման մասին խօսեցաւ Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան: Լիբանանահայութեան պատմութիւնը, քաղաքական կեանքին մէջ անոր ներդրումը եւ ներկայ մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ բերաւ Աւետիս Կիտանեան, իսկ միջազգային քաղաքականութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները ներկայացուց Բենիամին Պչաքճեանը: Տեսերիզի միջոցով արհեստական բանականութեան մասին դասախօսեց Շանթ Տեմիրճեան:

Տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց համապատասխան լուծումներու որոնման մասին յատուկ աշխատանոց:

ԼԵՄ-ականները նաեւ ունեցան զոյգ զարգացման մրցումներ. առաջինը` ամբողջութեամբ նուիրուած Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին եւ գործունէութեան, իսկ երկրորդը` խառն հարցումներով:

Բանակումի վերջընթեր օրը հանդիսացաւ մարզական խաղերու օր, իսկ գիշերը ԼԵՄ-ականները իրենք պատրաստեցին խարուկահանդէսի յայտագիրը, որուն ընթացքին ներկայացուցին երգիծական, յեղափոխական, ազգային եւ ընկերային նիւթերու շուրջ զանազան ներկայացումներ:

Փակման արարողութեան խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գէորգ Եագուպեան` նշելով, որ բանակումին ձեռք բերուած յաջողութիւնները բնականաբար մօտ ապագային երեւան պիտի գան մասնաճիւղերու ամէնօրեայ աշխատանքներուն եւ բարելաւուած ընկերային մթնոլորտին ընդմէջէն: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը պիտի շարունակէ ձգտիլ լաւին ու լաւագոյնին:

ԼԵՄ-ականները բարձր տրամադրութիւններով եւ վերանորոգ վճռակամութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:

Նախորդը

Մուշեղ Գարավարդանեանին «Սթուտիօ Գարամուշ»-ը Պուրճ Համուտի Արաքս Փողոցին Մէջ

Յաջորդը

Արժանաւոր Նուիրեալին Յիշատակը Անթառամ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?