Երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա նշեց «լիբանանցիներուն անցած ու շարունակուող դժուար պայմաններուն մէջ, նախ եւ առաջ իսրայէլեան պատերազմի հետեւանքներուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ հողերու բռնագրաւումով լիբանանեան գերիշխանութեան շարունակուող խախտումին պայմաններուն մէջ Լիբանանին ֆրանսական աջակցութեան տեւականութեան կարեւորութիւնը»:
«Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան նախ եւ առաջ պիտի հետեւի զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու կառավարական որոշումին առնչուող զարգացումներուն, երկրորդ` յաջորդ փուլին բանակին աջակցութեան հարցին», ըսաւ երեսփոխանը:
Ապի Ռամիա «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Ներքին եւ շրջանային տուեալներուն մէջ տեղի ունեցան նշանակալից փոփոխութիւններ, որոնց լոյսին տակ նախագահ Ժոզեֆ Աունի երդման ճառին եւ խորհրդարանին կողմէ գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրուած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուածին համաձայն պետութեան իշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելու եւ զէնքը լիբանանեան օրինականութեան մենաշնորհը դարձնելու կէտը կրնայ բոլոր լիբանանցիները հանգստացնել եւ գերիշխանութեան տարրերէն մէկը ըլլալ: Ուստի հզօր ու կարող պետութեան կայացումը կ՛իրականանայ անոր իշխանութեան տարածումով եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելով, ինչ որ յաւելեալ ուժի գործօն կը դառնայ»:
Ապի Ռամիա աւելցուց, որ այդ հոլովոյթին զուգահեռ պէտք է Իսրայէլ հեռանայ հարաւային Լիբանանի մէջ իր գրաւած կէտերէն, եւ պէտք է միջազգային երաշխիքներ գոյութիւն ունենան, թէ Իսրայէլ պիտի յարգէ զինադադարը եւ վերջ պիտի տայ 27 նոյեմբեր 2024-ին գոյացած զինադադարի համաձայնութեան խախտումներուն, «այս բոլորը դիւանագիտութեան, միջազգային ընտանիքին եւ Լիբանանի բարեկամներուն աջակցութեան ճամբով, այդ հեռացումը զինուորական գետնի վրայ իրագործելու անկարելիութեան լոյսին տակ»:
Անդրադառնալով զէնքի մենաշնորհի շուրջ երկպառակութեան շարունակման պարագային մինչեւ փողոցին մէջ բախումի հասնող որեւէ մագլցումի կարելիութեան` երեսփոխանը ըսաւ. «Լիբանանցիներուն միջեւ փողոցի մէջ պառակտումներու երեւոյթներէն որեւէ մէկուն վերադառնալ չկայ, ո՛չ ալ քաղաքացիական պատերազմի կամ ներքին բախումի վերադարձ»:
«Վերաշինութեան յատկացուած միջազգային խորհրդաժողովները յետաձգուեցան ապահովական վտանգներու շարունակութեան պատճառով», նշեց ան:


