Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու, պայմանով, որ միւս կողմերը լրջութիւն ու բարի կամեցողութիւն ունենան:
«Ֆրանսան, Գերմանիան ու Բրիտանիան Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերահաստատելու իրաւասութիւն չունին», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս իր կարգին յայտնեց. «Մեր դիմաց Իրանի հիւլէական թղթածրարին դիւանագիտական լուծումի հասնելու համար 30 օր կայ»:
Նախքան այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի օր քննադատեց Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ, այսպէս կոչուած Եւրոպական եռեակի, Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները վերականգնելու արագ արձագանգման մեքանիզմի, այսպէս կոչուած «սնափպաք»-ի գործարկման որոշումը:
«Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով կը մերժէ եւ խստագոյն կերպով կը դատապարտէ թիւ 2231 (2015) բանաձեւին վերաբերեալ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կատարուած անօրինական յայտարարութիւնը», նշուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Այդ անհիմն գործողութիւնը, որ կը հակասէ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վէճերու լուծման մեքանիզմին, չեղեալ յայտարարուած բանաձեւերը վերականգնելու անօրինական եւ անհիմն փորձ է եւ ակնյայտօրէն կը խախտէ թիւ 2231 (2015) բանաձեւը: Ինչպէս նշուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած բազմաթիւ նախորդ հաղորդագրութիւններուն մէջ, երեք եւրոպական երկիրները ո՛չ իրաւական, ո՛չ ալ բարոյական իրաւունք ունին կիրարկելու այսպէս կոչուած անյապաղ արձագանգման մեքանիզմը: Հետեւաբար, անոնց յայտարարութիւնը անվաւեր է եւ իրաւական ուժ չունի», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ նշած է, որ եւրոպական եռեակի քայլը պիտի վնասէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ Իրանի կապերուն եւ պիտի խաթարէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հեղինակութիւնը:


