Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի «Մեր Տունը» Հատորը

August 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» լիբանանահայ գաղութի 1920-ական թուականներու կազմաւորման պատմական ժամանակաշրջանը կը բնորոշէ: Այնտեղ կը տողանցեն հեղինակին պատկառելի հայրը` Սահակ աղան, սրբակենցաղ մայրը` Մարիամ, Նոր Թոմարզայի թաղեցիները իրենց անձուկ պայմաններով եւ վերականգնելու յարատեւ ձգտումներով: Թիթեղածածկ տունը, դպրոցն ու եկեղեցին` քարաշէն շինութիւններու վերածելու ժողովուրդի կամքով: Գաղութահայ կեանքը` բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ կուսակցական բովանդակութեամբ հարստացնելու անհատնում ճիգերով: Այս բոլորին մէջ Սահակ աղայի տիպարը մեզ հիացումով կը լեցնէ: Ան իր մաքրամաքուր կենցաղով, մտքի հնարամտութիւններով, աշխատասիրութեամբ, արդարամտութեամբ հասաւ բարձրագոյն մակարդակի` որպէս ֆրանսական «Փարք տը Ժենի»-ի գլխաւոր յանձնակատար: Այդ պաշտօնով ալ դարձաւ բազմաթիւ հայ արհեստաւորներու գործի տեղաւորման եւ տնտեսական վիճակի բարելաւման պատճառ հանդիսացող բարերար անձնաւորութիւնը: Մարիամ մայրիկը, իր կարգին, սրբակրօն կենցաղով, տան եւ ընտանիքի հանդէպ անսակարկ նուիրումով եւ ծառայութեամբ, տիպար հանդիսացաւ նոր սերունդի մայրերուն համար: Անոնք երկուքով կը դառնան ընթերցողին սիրելին, որոնց մանրապատումներուն ան կը հետեւի մեծ բաւականութեամբ:

Սահակ աղային շինած տունը ֆրանսական ճարտարապետական ոճով ուշադրութիւնը կը գրաւէր բոլոր անոնց, որոնք շրջանը կ’այցելէին: Անոր կեդրոնական դիրքը կը դիւրացնէր ճամբորդներուն կողմնորոշուելու եւ ուղղուելու` ո՛ւր որ կը ծրագրէին երթալ: Շէնքին մուտքի նկարուած էր առաստաղին սեւ արծիւ մը, որուն մագիլները բռնած էին գառնուկ մը: Տան հիւրասենեակին առաստաղին բազմազան ծաղիկներ նկարուած էին: Տան կահկարասիներուն ամէնէն յատկանշականը գրադարանն էր, որ արեւմտահայ գրականութեան եւ մտածողութեան  մեծերուն գործերը կը ցուցադրէր: Գրադարանի կազմութիւնը գործն էր սկզբնական  շրջանին համար Սահակ աղայի եւ երէց որդի Խաչերի, եւ ժամանակի ընթացքին  երկրորդ մանչ զաւկին` փայլուն մտաւորական Մարզպետին:

Թոմարզայի գաւառաբարբառի օգտագործումը  հատորի էջերուն հիանալի կերպով կ’արտայայտէ  զայն գործածողներուն մտայնութիւնը, բարքերն ու  ըմբռնումները: Հարազատ կը հնչեն անոնց բառերը եւ կը փոխադրեն ընթերցողը դէպի պատմական հայրենի Թոմարզա: Այդ բարբառը օգտագործող կիներու խումբին առաւօտեան պահերը` Սահակ աղայի տան բակին մէջ, բացառիկ տեսարան մը կը պարզէ: Յատկապէս` սուրճի գաւաթներու գուշակութեան նուիրուած երկար պահերը: Այդ կիները ապա պիտի մեկնէին իրենց տուները, եփէին իրենց օրուան ճաշը` գոհացնելով իրենց ամուսինները: Ամուսիններ, որոնք կոշտ էին, միշտ բարկացկոտ եւ յաճախ հայհոյող: Այս կիները մեծ համբերութեամբ կը հպատակէին իրենց ամուսիններու կոշտ վերաբերմունքին:

Իրենց համար հիմնական նշանակութիւն ունէր զաւակներու դաստիարակութիւնը` հակառակ տան մէջ տիրող անբարենպաստ մթնոլորտին: Այդ պատճառով աղջիկները դարձան իրենց մայրերուն աւանդապահ կեցուածքին ժառանգորդները, իսկ տղաքը փայլեցան արհեստներու, առեւտուրի, գիտական եւ ուսումնական բնագաւառներու մէջ:

1956-ին Լիբանանի մէջ պատահած երկրաշարժին վախազդու փորձառութիւնը ապրած թաղեցիները պատսպարուեցան Սահակ աղայի ամրակուռ բնակարանին մէջ: Մեծ թիւով թաղեցիներ ապահովութիւն գտան այնտեղ, ուր մնացին մինչեւ կէս գիշեր: Անոնց ասպնջականութեան եւ հիւրամեծարութեան համար պատսպարեալներու ամբողջ խումբը երախտապարտ մնաց: Սահակ աղայի տան մէջ տեղի կ’ունենային նաեւ ազգականներու եւ մօտիկ բարեկամներու զաւակներու նշանտուքներն ու հարսանեկան խրախճանքները: Նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստէին հայ ընտանիքի կազմաւորման եւ բազմացման:

Սահակ աղայի երկիր վերադառնալու եւ իր մեծ հայրերուն ձգած հողերուն տիրանալու երազը ի սպառ կ’անհետանայ: Սարգիս տէտէն այդ հողերու կալուածագրերը կը յանձնէ իր կնոջ Թամամին` թելադրելով, որ անոնցմէ մէկը ծախելով` անոնք կարողանային իրենց ապրուստը հոգալ: Թամամ տատը կանչել կու տայ Սահակը, որ ճամբորդած էր, որպէս տան այր մարդը, տակաւին պատանի տարիքին, ու կը յանձնէ անոր կալուածագրերը` թելադրելով, որ հողերէն մէկը ծախէ ու այդ գումարով ձի, ոչխար, կով գնէ եւ վարէ-ցանէ հողերը, ընտանիք կազմէ: Թամամ տատիկ նաեւ 500 օսմանեան կը փոխանցէ Սահակին: Յաջորդ առաւօտ տատիկը արդէն մահացած կը գտնեն իր անկողնին մէջ: Ան իր առաքելութիւնը կատարած էր եւ ընտանիքին ժառանգը յանձնած իր արժանաւոր թոռնիկին` Սահակին: Կը հասնին գաղթականութեան ծանր տարիները ու անոնք կ’անցնին Հաուրանէն, սուրիական հողերէն եւ ի վերջոյ ժամանակ մը ետք շոգեկառքով կը հասնին Քարանթինա, Լիբանան: Մարդ չեն ճանչնար այնտեղ: Անծանօթ լիբանանցի մը իր կառատունը կը տրամադրէ իրենց` մինչեւ բնակավայր մը կարենալ ապահովելը: Սահակին մայրը` Խաթուն մայրիկը, Աստուծոյ փառք կու տայ այս բարիքին համար:

Ժամանակ կ’անցնի, եւ տարիները կը թաւալին, բայց կալուածագրերը ստանալէ 50 տարի ետք Սահակին երազը` իրենց հողերուն վերատիրանալու, ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ, բոլորովին յօդս կը ցնդին իր երազները: Այն հողերը, որոնք հայերունը եղած էին հազարամեակներ ամբողջ, կորսուած էին հայութեան համար:

Պատանի Սահակ Լիբանան հաստատուելէ ետք գործ կը փնտռէ եւ պատահմամբ ֆրանսական «Փարք տը Ժենի» կը կանչուի գործի: Ինքզինք կ’արժեցնէ որպէս ատաղձագործ: Բ.  Համաշխարհային պատերազմին ֆրանսական հրամանատարութիւնը 50 հիւղակներու շինութեան պէտք կ’ունենայ ու քաղաքի 12 ատաղձագործարաններուն միջեւ մրցոյթը կը յայտարարէ: Անոնք իրենց սակերը պիտի ներկայացնէին պահարանով մը: Սահակ եւս կը ներկայացնէ իր ծախսերու արժեւորումը, որ ճիշդ կէս գինն էր մնացեալ 12 դիմումներ ներկայացնողներէն: Անշուշտ Սահակ կը շահի մրցոյթը, կը համախմբէ իր թոմարզացի երիտասարդ հայրենակիցները ու կը լծուի աշխատանքի: Մեծ վարպետութեամբ եւ արագաշարժութեամբ սահմանուած ժամանակէն առաջ կը յանձնէ գործը: Կը դառնայ «Փարք տը Ժենի»-ի ատաղձագործական բաժանմունքի պատասխանատուն: Իր անունը պատուոյ տախտակին վրայ կ’արձանագրուի:

Մեծ նուիրումով ու ծանր աշխատանքով Սահակ կը շարունակէ իր գործը: Օրին մէկը Ռաֆֆուլ Ֆախրի անունով երկրաչափ մը զինուորական ճիփով եւ երկու զինուորներով կը փնտռէ Սահակին տունը եւ կը զարնէ դուռը: Ռաֆֆուլ կը հարցնէ, թէ քանի՞ ժամէն կը շինուի «պարաք» մը` հիւղակ մը: 48 ժամէն, կ’ըսէ Սահակ: Փորձի համար կը շինէ ճիշդ 48 ժամէն: Ռաֆֆուլ կ’առաջարկէ Սահակին իր մօտ աշխատիլ, քանի որ ֆրանսացիք պիտի մեկնէին Լիբանանէն: Սահակ գիտէր, որ պիտի մեկնէին ու կը հրաժարի ֆրանսացիներու մօտ իր 20 տարուան պաշտօնէն` միանալու համար Ռաֆֆուլ Ֆախրիի աշխատակազմին` որպէս շինարարութեան ընդհանուր պատասխանատու: Մեծ որդին` Խաչերն ալ դպրոցը աւարտելէ ետք կը կոչուի աշխատանքի: Անոնք կ’աշխատին մեծ գործառնութիւններու վրայ: Ամերիկեան «Սանթա Ֆէ» ընկերութեան հետ կ’աշխատին քարիւղ գտնելու նպատակով: Սահակին կը տրուի պարտականութիւնը եւ շաբաթ մը ետք արդէն կը յաջողին գտնել քարիւղը, որ սիմենթով կը փակեն: Այդ սիմենթը կը բացուի 63 տարիներ ետք` 2015-ին, երբ պետութիւններու հետ համաձայնութիւն կը կնքուի ծովէն քարիւղ հանելու: Հազիւ քանի մը տարի դպրոց տեսած Սահակ կը դառնայ ջուրի, ելեկտրական կայաններու եւ ճանապարհներու շինութեան հսկիչ ու պատասխանատու: Ան երկար տարիներ տաժանագին աշխատելէ ետք գործէ կը քաշուի` իր զաւկին Խաչերին ձգելով աշխատանքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Մարիամի մանկութիւնը շատ դառն եղած է աքսորի ճանապարհին: Ան հինգ տարեկան էր, երբ եղբօր` Յովիկին եւ մօր ձեռքը բռնած` կը քալէր անապատին մէջ: «Ջուր, ջուր» կը թախանձէր Յովիկ եւ գետին կ’իյնար ու կը մահանար: Մայրը եւս չի դիմանար ու ճամբուն վրայ կը  մահանայ: Բոլորովին առանձին մնացած էր Մարիամ, երբ հայ կին մը իր ձեռքը բռնած` կ’առաջնորդէ զինք եւ ի վերջոյ կը յանձնէ զայն Այնթուրայի որբանոցը: Այնտեղ խժդուժ պայմաններուն մէջ կ’ապրի Մարիամ: Բարեբախտաբար հոն կը պաշտօնավարէին մայրապետներ, որոնք որպէս հրեշտակ` կը խնամէին որբերը եւ կը դաստիարակէին զանոնք: Մարիամ իր կեանքի ընթացքին միշտ ալ օրհնեց յիշատակը այդ մայրապետներուն:

Մարիամ մայրիկը օրուան մէջ կէսօրէ վերջերը, երբ վերջացուցած էր իր տան գործերը, կ’անցնէր իր սենեակը փակ դռներու ետին եւ կ’աղօթէր: Ան խսիրի վրայ կը կայնէր գլուխը ծածկուած եւ մոմը վառած: Ինչպիսի թախանձանքով Աստուծոյ կը պարպէր իր սիրտը արցունքով եւ տուայտանքով: Սեդան յուզումով կը լեցուէր` ի տես իր մօր երկիւղած աղօթքին: Ան որքան տառապանք ունէր իր սրտին մէջ, որ չէր յայտներ իր շուրջիններուն: Իր հարազատներու մահուան ցաւն ու տառապանքը զինք դարձուցած էին չափազանց գերզգայուն եւ տխուր: Մարիամ մայրիկն ու Սահակ հայրիկը կ’ապրէին իրենց դժբախտ որբութեան ու ընտանիքի անդամներու մահերու կսկիծն ու սահմռկեցուցիչ յաճախանքները` իրենց առօրեան դարձնելով վշտահար եւ ցաւոտ: Այս  մթնոլորտին մէջ հասակ առին իրենց զաւակները, որոնք Եղեռնի ողբերգութեան յիշատակներով ապրեցան` միշտ յիշելով Տէր Զօրի աւազներուն մէջ փոշիացած իրենց հարազաատներուն աճիւնները:

Սահակ եւ Մարիամ Մարկոսեանները ունեցան 9 զաւակ, որոնցմէ երեքը մանկական հիւանդութիւններէ վարակուելով մահացան` խոր վիշտ պատճառելով իրենց ծնողաց: Ապրող զաւակներն էին` Խաչեր, Սոնա, Անահիտ, Մարզպետ, Յարութիւն եւ Սեդա: Անոնք պատրաստեցին իրենց զաւակները խոր հայրենասիրութեամբ եւ հայ ժողովուրդին ճակատագրուած ահաւոր Ցեղասպանութեան ճանաչողութեամբ: Պէտք էր գիտնային իրենց զաւակները, թէ ինչո՛ւ իրենք հայրենիքէն դուրս կ’ապրէին եւ ինչո՛ւ ցրուած էին աշխարհի չորս կողմը: Թէ անոնք յանձնառու պէտք էր ըլլային` վերատիրանալու կորսուած հայրենիքին հաւաքական եւ միասնական պայքարով: Իրենց ստացած այս զօրեղ դաստիարակութեամբ բոլոր զաւակներն ալ դարձան խորապէս ազգասէր եւ նուիրուած` հայ ժողովուրդի արդար դատի կենսագործման:

«Մեր տունը» հատորին դերակատարներէն նպարավաճառ Մկրտիչը շատ հետաքրքրական տիպար մըն էր: Ան ատանացի էր եւ թրքախօս: Թաղի տղամարդոց սովորութիւնն էր գործէն վերադարձին թաղի կիններուն գնած բանջարեղէններու պարպուած սնտուկները դարձնելով նստիլը շուքին տակ: Իրենցմէ ամէնէն լաւ ընթերցողը կը սկսէր օրուան թերթը կարդալ եւ ծայր կու տար տեղեկատուութիւնն ու վիճաբանութիւնը: Մկրտիչ այնքան մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր օրուան նիւթերուն, որ յայտնուող յաճախորդին կ’ըսէր` «մա ֆի», որպէսզի իր ունկնդրութեան թելը կանգ չառնէր: Ճշմարիտ ժողովի մը պատկառելի տեսարանը կը պարզուէր: Մկրտիչ իր օղիի գաւաթը քանի մը  անգամ կը լեցնէր առանց անսալու բարեկամներու թելադրութեան, թէ օղին խիստ վնասակար էր իր առողջութեան համար: Ան կ’ըսէր` ասիկա «իլաճ է, իլաճ», դեղ է: Հայերէն լաւ չգիտնալուն վրայ թաղեցիները կատակներ կը յերիւրէին: Օրին մէկը, երբ «Ղանտուր»-ին բեռնակառքը ապրանք կ’իջեցնէ Մկրտիչին խանութը, Մարզպետը Սեդան կը ղրկէ հէլվա գնելու համար, բայց կը թելադրէ գործածել «հրուշակ» բառը: Մկրտիչ չի գիտնար, թէ ի՛նչ է հրուշակը, «չունիմ» կ’ըսէ: Մինչդեռ հրուշակը «Ղանտուր»-էն նոր հասած էր: Երբ Սեդա ցոյց կու տայ հրուշակը, ան ջղայնացած կը պատասխանէ`  «ասոր հէլվա կ’ըսեն եւ ոչ հրուշակ», եւ թուղթին փաթթելով` կը յանձնէ Սեդային: Մկրտիչի գինեմոլութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ անոր առողջութիւնը երկար չտոկայ եւ յաճախ հիւանդանոց փոխադրուելով ի վերջոյ մահանայ երիտասարդ տարիքին` ետին ձգելով այրի իր կինը եւ 6 զաւակները:

1946 թուականին ներգաղթը մեծ եռուզեռ ստեղծեց հայ գաղթական ընտանիքներուն մօտ: Հայրենիք մեկնելու բաղձանքը հայրենազուրկ մեծ թիւով հայեր լեցուցած էր անասելի խանդավառութեամբ: Բոլոր հայերը կը փափաքէին երթալ Հայաստան եւ կը դիմէին Ներգաղթի կոմիտէին, որ կ’որոշէր մեկնողներու ինքնութիւնը: Այն ընտանիքները, որոնք կը մերժուէին, շատ անբախտ կը զգային իրենք զիրենք: Առհասարակ տուն չունեցող եւ ոչ բարեկեցիկ ընտանիքներ նկատի կ’առնուէին մեկնումի համար: Մեկնումի արտօնութեան պայմաններէն մէկը նաեւ Դաշնակցութեան շարքերէն հրաժարիլն էր: Ոմանք հրաժարեցան եւ ուրիշներ` Սահակ աղայի նման, չհրաժարեցան կուսակցութենէն ու մնացին Լիբանան: Ներգաղթող զանգուածները թէեւ մեծ ներդրում կատարեցին հայրենիքին, Հայաստան հաստատուելէն ետք, սակայն ենթարկուեցան բազմաթիւ դժուարութիւններու, ինչպէս նաեւ` աքսորի:

Սահակ աղային ընտանիքը Անթիլիաս կը փոխադրուի 40 տարի Նոր Թոմարզա ապրելէ ետք: Արծիւով տունը վարձու ուզած էր ջուրի ընկերութեան տնօրէնը եւ յայտնած իր փափաքը` Ռաֆֆուլ Ֆախրիին, Սահակ աղայի գործատէրին, որուն միջամտութեամբ կ’ուզէր իրականացնել այդ ծրագիրը: Սահակ չէր կրնար մերժել այդ միջամտութիւնը` տրուած ըլլալով, որ մեծ յարգանք ունէր պարոն Ֆախրիի նկատմամբ: Ու այս պատճառով Սահակ աղային ընտանիքը փոխադրուեցաւ Անթիլիաս, Սիմիթեան շէնքեր: Ընտանեկան նոյն աւանդութիւններն ու սովորութիւնները շարունակուեցան նոր բնակարանին մէջ: Ատոնցմէ էր զատկական գաթայ շինելու արարողութիւնը, որ սկիզբ առած էր Նոր Թոմարզայի իրենց բնակութեան օրերէն: Գաթայի բաղադրութեան հեղինակի իրաւունքը կը պատկանէր Խաթուն մեծմօր, Սահակ աղայի մօր, որ իր կարգին կը հետեւէր երկրէն սորված աւանդութիւններուն: Գաթան հաւաքական աշխատանքով կը կատարուէր: Մայրիկին կ’օգնէր շաղելու մէջ Սոնան, իսկ Անահիտը կը զարդարէր զանոնք: Տղաքը` Մարզպետն ու Յարութիկը, փուռ կը տանէին փռապան Մուրատի քով, որպէսզի եփել տան: Ներկայ շրջանի տան փուռերու դիւրութիւնը չկար այդ օրերուն: Բաղադրութեան գլխաւոր յատկանիշը կը կազմէր հաւկիթներու առատութիւնը, որ մայրիկին մօտ անհաշուելի էր: Չափերը կարելի չէր արձանագրել, քանի որ անոնք յարատեւ փոփոխութեան կ’ենթարկուէին մայրիկի առատաձեռնութեան պատճառով: Սեդան` որպէս կրտսերագոյնը, ընտանիքին եփած գաթաները կը բաժնէր դրացիներուն եւ ազգականներուն` միշտ բաժին հանելով փռապան Մուրատին, որ բարձր կը գնահատէր Մարիամ մայրիկին գաթաները` զանոնք նկատելով լաւագոյնը ամբողջ թաղին մէջ: Գաթայ շինելու աւանդութիւնը կը շարունակուի զաւակներու ամուսնութենէն ետք ալ: Խումբին կը միանային հարսերը եւ խնամիները: Ամուսինները, իրենց զբաղած կիներուն որպէս օգնութիւն` կէսօրուան ճաշը կ’ապահովէին` ամէն մէկը բան մը բերելով տուն, ինչպէս` ֆալաֆիլ, խորոված հաւ ու համմոս եւ ուրիշ ուտելիքի տեսակներ:

Անթիլիասի տան մէջ կը շարունակուէին ընտանեկան աւանդութիւնները: Կիրակի օրերը Սահակ աղայի զաւակները, թոռնիկները, հարսերը, փեսաներն ու խնամիները կը մէկտեղուէին կէսօրուան ճաշի: Իւրաքանչիւր ընտանիք ուտելիքի իր բաժինը կը բերէր` խորոված, ջրածալի (սու պէորէկ), չի քէօֆթէ, ճիտապուր, ասիական ճաշեր եւ այլ ուտելիքներ: Անուշեղէնի սեղանը նոյնպէս ճոխ կ’ըլլար արեւելեան անուշեղէններով եւ լիբանանեան նամմուրայով, զինկիլիկով (արեւելեան անուշ): Ամէն կիրակի տօնահանդէսի կը վերածուէր Սահակ աղային տունը:

Նոր Թոմարզայի մէջ հանդիսութիւններ կը կատարուէին մայիս 28-ի եւ այլ տօներու առիթով`  արհեստական բեմ մը տեղադրելով, սաւանով վարագոյր մը շինելով, աթոռներ բերելով: Թաղին պատանիները, իրենց կարգին, թատրերգութիւն մը կը բեմադրեն, որուն համար տոմսեր կը ծախեն: Այս ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին գլխաւոր դէմքը Սեդան է, որուն թելադրանքով ձեռնարկին հասոյթը կ’որոշուի «Թռչնոց բոյն»-ին յատկացնել: Որոշում կը կայացուի գառնուկ մը գնել եւ Ճիպէյլ տանիլ եւ այդ թատերական ձեռնարկը հոն որբերու ներկայութեան եւս ներկայացնել: Զիրենք կ’ընդունի Մամա Ճէյքըպսընի քոյրը` Աննան, եւ մէկտեղելով որբերը առիթ կու տայ դուրսէն եկած պատանիներուն ներկայացնել իրենց թատրերգութիւնը: Սոյն ձեռնարկը մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ որբերուն մօտ: Աննա մեծաւորուհին կը գնահատէ զիրենք եւ իրենց բերած նուէր գառնուկը: Պատանիները ուրախ-զուարթ եւ մեծ գոհունակութեամբ կը վերադառնան Նոր Թոմարզա, Պուրճ Համուտ: Տուն վերադարձին Սահակ հայրիկը, գնահատելով պատանիներու այս նախաձեռնութիւնը, 10 ոսկի կը նուիրէ Սեդային, որ պաղպաղակ գնէ ամբողջ խումբին համար` մեծ ուրախութիւն պատճառելով հնարամիտ այդ տղոց: Իսկ թաղի մտաւորական Դանիէլ Մածունեանը «Նոր Կեանք» թերթին մէջ պատանիներու նկարներով կարճ գրութիւն մը կը հրատարակէ` որպէս քաջալերութիւն իրենց իմաստալից նախաձեռնութեան: Այս դրական արձագանգները մեծապէս նպաստեցին, որ Սեդան ու իր ընկեր-ընկերուհիները, խրախուսուելով այս վերաբերմունքէն, թռիչքներ ունենան ապագայ իրենց կեանքին համար:

«Թռչնոց բոյն»-ին վերաբերեալ Սեդա Խտըշեանի փափաքը` տեղեկութիւններ փոխանցելու, կու գայ կաթողիկոսարանի «Թռչնոց բոյն»-ի յանձնախումբին  ատենապետութեան իր տարիներէն՛ 2001 թուականէն սկսեալ:  Տարիներու իր աշխատանքները եւ հետապնդումները առիթ հանդիսացան Սեդային` մտածել նաեւ թանգարանի մը մասին, որ իրականացաւ Արամ Ա. վեհափառի տնօրինութեամբ:

«Թռչնոց բոյն»-ի որբուկներէն մին` Վարդան Մելքոնեան, դարձեր էր երաժիշտ եւ Լոնտոնի արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավարներէն մին: Ան ամէն տարի գալով «Թռչնոց բոյն»` իր նուէրը կ’ընէր եւ կ’ուզէր անծանօթ մնալ: Ժամանակ մը ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, ան իր փափաքը կը յայտնէ համերգ մը տալու` հնչեցնելով «Տը Տրէյք Փասէյճ» երաժշտական համանուագը` նուիրուած «Թռչնոց բոյն»-ի «մամային»` Մարիա Ճէյքըպսընին, որ հանդիսացած էր առաջինը` զինք ծանօթացնելու դասական երաժշտութեան: Համերգը պիտի ընդգրկէր Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը: Ան օրուան իր խօսքին մէջ դրուագներ պատմեց Մարիա Ճեյքըպսընի կեանքէն, որոնք կ’արտայայտէին անոր հոգածու վերաբերմունքը իրեն հանդէպ եւ փոխադարձաբար իր սէրն ու յարգանքը՛ այդ մեծ մարդասէր առաքելուհիին հանդէպ: Հանդիսութեան աւարտին, Արամ Ա. վեհափառը «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Վարդան Մելքոնեանը: Անմոռանալի էր տպաւորութիւնը այդ երաժշտական գլուխ-գործոցին, որ «Թռչնոց բոյն»-ի երբեմնի որբուկը ներկայացուց հայ հասարակութեան: Այդ օրն էր, որ հայութեան մէկ հատուածը ծանօթացաւ իր տաղանդաւոր զաւկին:

«Թռչնոց բոյն»-ի թանգարանի հիմնադրութիւնը մեծ նուաճում էր հայ հաւաքականութեան համար: Այնթուրայի եւ Ղազիրի որբանոցները դադրած էին գործելէ, եւ անհրաժեշտ էր «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ հիմնել թանգարան մը: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ գալով եւ Արամ Ա. վեհափառի տնօրինութեամբ, «Թռչնոց բոյն»-ին աշակերտած Ալեքքօ Պեզիքեան իր հօր` Արամ Պեզիքեանի անունով ստանձնեց բարերարութիւնը թանգարանին, որ կոչուեցաւ «Թռչնոց բոյնի Արամ Պեզիքեան թանգարան»: Մարիա Ճեյքըպսընի եւ գործակից միսիոնարներու հանգստեան տունը վերածուեցաւ թանգարանի: 1900-ական թուականներուն` օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին, կառուցուած է այս հսկայական շէնքը` ընդարձակ սրահներով եւ բազմաթիւ սենեակներով: Մարիա Ճէյքըպսըն մինչեւ 1960 թուական կը ղեկավարէ հաստատութիւնը 50 տարիներ: Իր մահէն ետք, 1960-ին, քոյրը` Աննա Ճէյքըպսըն եւ խումբ մը դանիացի միսիոնարներ կը ստանձնեն տնօրէնի պաշտօնը եւ 10 տարիներ կը շարունակեն ծառայել հայ որբերուն` անոնց տալով կրթութիւն, խնամք ու հոգածութիւն: Անոնք կու գան այն եզրակացութեան, որ ալ ժամանակն է յանձնելու հաստատութիւնը հայկական խնամատարութեան: 1971 թուականին հաստատութիւնը պաշտօնապէս կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Յիսնամեակէ մը ի վեր կաթողիկոսարանի խնամքին յանձնուած հաստատութիւնը իր կրթական ծրագիրով եւ գիշերօթիկի բաժանմունքով կը գործէ որոշ թիւ կազմող որբերով եւ ամուսնալուծուած ծնողներու զաւակներով: Նաեւ հայ համայնքին ուշադրութեան առարկան է «Թռչնոց բոյն»-ը եւ արժանի` անոր խնամքին:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» հատորին ընթերցումը վայելք կը հանդիսանայ բոլոր տարիքի ընթերցողներու համար: Մեծ հաճոյքով կը կարդացուին բոլոր դէպքերը, մասնաւորաբար անոնք, որոնք ծիծաղաշարժ են եւ կը ներկայացնեն գլխաւոր դերակատարներ Սահակ աղան եւ Մարիամ մայրիկը: Անոնց մտերմութեան մէջ գտնուելով` ընթերցողը կը ծանօթանայ անոնց խոհերուն, յոյզերուն, անցած կեանքի ապրումներուն: Սահակ աղան իր կենսախինդ բնաւորութեամբ, ընկերասիրութեամբ եւ երգիծական խառնուածքով  շատ համակող է եւ խիստ գրաւիչ` որպէս անհատականութիւն: Մարիամ մայրիկը իր առօրեայ կեանքին հանդէպ եզակի եւ իւրայատուկ կեցուածքով, շատ յաճախ ծիծաղաշարժ դարձուածքներով ընթերցողին ուշադրութեան գլխաւոր  առարկան կը դառնայ: Եկեղեցւոյ եւ աղօթքի հանդէպ իր խոր ապրումները երկիւղածութեամբ կը լեցնեն ընթեցողին հոգին: Ազգասիրութիւնն ու հայ արժէքներու կառչածութիւնը բնական կերպով կը թափանցեն մեր հոգիներուն մէջ: Աւանդապահութիւնը` որպէս գլխաւոր յատկանիշը այս խիստ համակրելի զոյգին, կը տիրապետէ հատորի բոլոր էջերուն:

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի արձակը հեզասահ է եւ ունի պատումի գրաւիչ ոճ:

Թոմարզայի բարբառի օգտագործումը շատ մեծ առաւելութիւն է` կեանքով օժտելու տիպարները: Լեզուն ունի տպաւորիչ հնչեղութիւն: Բազմաթիւ գլուխներէն իւրաքանչիւրը ունի սաղմը` դառնալու կարգին պատմուածք, իսկ հատորին ամբողջութիւնը կրնայ վերածուիլ վիպակի մը:

«Մեր տունը» Հայոց ցեղասպանութեան յուշագրութեանց պատկառելի շարքին մէջ իր պատուոյ տեղը կը գրաւէ անկասկած:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Օգոստոս 2025)

Յաջորդը

Թուրքիա Անապատացման Սեմի՞ն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.