Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկին արծարծած է Մոսկուայի դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը` սպառնալով տնտեսական պատերազմով:
«Այն, ինչ որ մտքիս մէջ ունիմ, շատ լուրջ է, եթէ ստիպուած ըլլամ այդ մէկը ընել: Սակայն ես կ՛ուզեմ տեսնել անոր (պատերազմի) աւարտը», ըսած է ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ կրնայ տնտեսական պատերազմ ըլլալ, ինչ որ «Ռուսիոյ համար վատ պիտի ըլլայ»:
Միւս կողմէ, Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ «ամբողջովին անմեղ չէ»:
«Ես հիմա լաւ յարաբերութիւններ ունիմ անոր հետ, սակայն մեր յարաբերութիւնները պիտի փոխուին, որովհետեւ մենք այլեւս գումար չենք յատկացներ Ուքրանիոյ», ըսած է ան` նկատի ունենալով ՕԹԱՆ-ի անդամներու հետ գործարքը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը մտածէ Ռուսիոյ նախագահի Զելենսքիի հետ անմիջական հանդիպումէն հրաժարելու եւ Ուքրանիոյ նախագահի օրինականութիւնը կասկածի տակ առնելու մասին, Թրամփ ըսած է. «Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն: Անոնք բոլորը կեցուածք կ՛արտայայտեն: Ատիկա ամբողջովին յիմարութիւն է»:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահը Ուքրանիոյ տագնապի լուծում կ՛ուզէ:
«Ես կը կարծեմ, որ Փութին անկեղծ ջանքեր գործադրած է երկխօսութեան մէջ մտնելու համար: Ան հաստատ ատիկա ըրաւ Ալասքայի վեհաժողովին մէջ: Սակայն ատիկա շատ բարդ տագնապ է», ըսաւ Ուիթքոֆ:


