Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

August 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզ Սեն Ժերմեն կիրակի գիշեր 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նանթը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, լաւ ձեւով սկսելով նոր տարեշրջանը:

Մայրաքաղաքի ակումբը, որ յաջորդական իր 5-րդ տիտղոսը կը հետապնդէ, տարեշրջանի փոփոխութիւն չզգաց, մանաւանդ որ խումբը գրեթէ դադար չունեցաւ: «Չեմփիընզ լիկ»-ի յաղթանակէն հազիւ 2 շաբաթ ետք ակումբը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու ակումբներու մոնտիալին: Ամիս մը ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի փենալթիներով յաղթանակը եւ 4 օր ետք Նանթի դէմ Ֆրանսայի տարեշրջանի բացման մրցումը:

Լուիս Էնրիքէ պահեստի աթոռներուն վրայ ձգած էր Ուսման Տեմպելէն, Քվիչա Քվարացխելիան, Ալրաֆ Հաքիմին, Նունօ Մենտեշն ու Տեզիրէ Տուէն` առիթ տալով պահեստի մարզիկներուն: Նանթի մարզիչ Լուիս Քասթրօ իր առաջին պաշտօնական մրցումին բաւական լաւ ձեւով սկսաւ Փարիզի դէմ, մրցումի առաջին 25 վայրկեաններուն միայն 2 առիթներու նուազեցնելով Փարիզի յարձակումները:

Եասին Պենհաթթապ քանի մը անգամ աջ ծայրէն յառաջացաւ եւ վտանգեց Լուքաս Շեվալիէի բերդը, որ սակայն մնաց անդրդուելի:

Փարիզ առաջին լուրջ առիթը ստեղծեց Կոնսալօ Ռամոսի միջոցով, որ մրցակից բերդապահ Անթոնի  Լոփեսը  պարտութեան մատնեց, բայց անոր հարուածը զսպուեցաւ Նանթի բերդին ձողին կողմէ:

Էնրիքէի տղաքը լրջօրէն հարցեր կ՛ունենային առիթ ստեղծելու, եւ 61-րդ վայրկեանին Մենտեշ, Հաքիմի, Տեմպելէ եւ Տուէ դաշտ ներկայացան` նոր կեանք տալու խումբին:

Մենտեշի փոխանցումէն օգտուելով` Վեթինիա հեռուէն հարուածեց գնդակը, որ պաշտպանի մը դպնալէ ետք ուղղութիւնը փոխեց` պարտութեան մատնելով Նանթի բերդապահ Լոփեսը:

67-րդ վայրկեանին նշանակուած կոլը եղաւ Փարիզի 29-րդ յաջորդական կոլը` Նանթի դէմ:

Ռամոս կոլ մը եւս նշանակեց 76-րդ վայրկեանին, բայց ՎԱՐ-ի իրաւարարները զայն օֆսայտ նկատելով կոլը չվաւերացուեցաւ:

Այդքան ալ լաւ ելոյթ մը չէր Փարիզի համար, բայց վստահաբար քիչ դադարէ ետք սպասելի բան մըն էր, մինչ Նանթ պայքարի բարձր ոգի ցուցաբերեց, բայց վստահաբար շատ աւելի որակաւոր մրցակիցի դէմ դժուար էր տարեշրջանը աւելի լաւ արդիւնքով սկսիլ:

Ստորեւ առաջին շաբթուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նանթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-1
Անժէ – Փարիզ Ֆ. Ք. 1-0
Մեձ – Սթրազպուրկ 0-1
Օքսեռ – Լորիան 1-0
Պրեսթ – Լիլ 3-3
Նիս – Թուլուզ 0-1
Մոնաքօ – Լը Հաւր 3-1
Լանս – Լիոն 0-1
Ռենն – Մարսէյ 1-0

Նախորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Յաղթեց Պզտիկ Սխալէ Մը Օգտուելով

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.