Լիբանանցի հռչակաւոր արուեստագէտ Զիատ Ռահպանի շաբաթ օր մահացաւ: Ան 69 տարեկան էր:
Զիատ Ռահպանի ծնած է 1 յունուար 1956-ին, Անթիլիասի մէջ, եւ անդամ է ականաւոր արուեստագէտ ընտանիքի: Անոր հայրը երգահան Ասի Ռահպանին է, իսկ մայրը` աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզը:
Զիատ Ռահպանի իր արուեստի ասպարէզին սկսած է փոքր տարիքէն: Ան 17 տարեկանին յօրինած է «Սաըալունի Նաս» երգը, որ անոր մայրը` Ֆէյրուզը երգած է 1973 թուականին: Ան նոյն տարին գրած եւ բեմադրած է իր առաջին թատրոնը, որմէ ետք ընթացք առաւ անոր թատերական ծրագիրը, որ կը յատկանշուէր ուղղակի խօսքով եւ քաղաքական ու ընկերային յստակ քննադատութեամբ:
Անոր ամէնէն հռչակաւոր երգերէն են «Պոսթա»-ն, «Քիֆաք Ընթա»-ն, «Ատտեշ քան ֆի նաս»-ը եւ «Նաթարունա»-ն:


