Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Պէտք Է Որոշէ Ինչպէ՛ս Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնել»

July 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՛ուզէ այս դժուար ժամանակին մէջ Լիբանանին օգնել»` նշելով. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ժողովը շինիչ էր»:

«Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, եւ երկու կողմերը զայն գործադրելու դժուարութիւն ունին», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:

«Մենք Լիբանան ենք խաղաղութեան հաստատման օգնելու, սակայն ժամանակացոյց գոյութիւն ունի, եւ մեր ժամանակը կը սպառի, ուստի ճնշում կը բանեցնենք համաձայնութեան հասնելու համար», ըսաւ ան:

«Ես զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնել չեմ պահանջեր, այլ գոյութիւն ունի օրէնք մը, որ կ՛ըսէ, թէ զինուորական մէկ հաստատութիւն կայ, եւ Լիբանան պէտք է որոշէ ինչպէ՛ս գործադրել այդ օրէնքը», յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը` աւելցնելով. «Պէտք է թեթեւ եւ ծանր զէնքերը վերցնել»:

«Լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է որոշէ զէնքը ինչպէ՛ս պետութեան մենաշնորհը դարձնել, եւ ասիկա Միացեալ Նահանգներու պատասխանատուութիւնը չէ», շեշտեց Պարրաք:

Անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ զինադադարի յարգման վերաբերեալ երաշխիքներ չտալուն` ան աւելցուց. «Ես լիազօրուած չեմ, եւ դերս քաղաքական միջնորդ է երկու կողմերուն միջեւ դրական ազդեցութիւն ունենալու համար»:

«Շրջանին մէջ տեղի ունեցողին լոյսին տակ մեր ժամանակը կը սպառի, ուստի պէտք է կայունութիւն հաստատել», նշեց Պարրաք:

«Պէտք է բարեկարգել Լիբանանի մէջ դրամատնային համակարգը», ըսաւ ան:

«Սէուտական Արաբիոյ մէջ 2030-ի հայեցակարգ գոյութիւն ունի, եւ լիբանանցիները պէտք է քննեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան նոյնպիսի ծրագիրներ ապահովել», յայտնեց Պարրաք:

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակը աւելցուց. «Սուրիոյ կայունութիւնը Լիբանանի մէջ կայունութիւն պիտի ապահովէ»` նշելով. «Սուրիական կառավարութիւնը այժմ լաւ է, եւ պէտք է անոր աջակցինք: Լիբանան շատ մեծ ներածող մըն է եւ Սուրիոյ պիտի օգնէ»:

«Շրջանի պետութիւններուն միջեւ լուծումի եւ համաձայնութեան հասնելու առիթ ունինք», շեշտեց Պարրաք:

Նախորդը

Պքերքէ Այցելելէ Ետք. Պարրաք. «Եթէ Կայունութիւն Չհաստատէք, Ոչ Ոք Փրկելու Պիտի Գայ»

Յաջորդը

Պըրրի. «Նոր Համաձայնութիւն Չկայ, Այլ Աշխատանք Պիտի Տանինք Գոյութիւն Ունեցողը Գործադրելու»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.