Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Վինըս Ուիլիամս 45 Տարեկանին Յաղթեց Մրցում Մը

July 24, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկար բացակայութենէ ետք, աշխարհի նախկին թիւ 1 թենիսվումըն Վինըս Ուիլիամս կ՛ուզէր պատգամ հասցնել ինքն իրեն եւ ուրիշներու, մրցելով 45 տարեկանին եւ յաղթելով թենիսի անհատական մրցումի մը: Եւ ան լրջօրէն կ՛ուզէր յաղթել: Ան այս յաղթանակով եղաւ աղջկանց թենիսի աշխարհի 2-րդ մարզիկը, որ 45 տարեկանէն ետք կը յաջողէր յաղթանակ մը արձանագրել Փէյթըն Սթըրզի դէմ, որ իրմէ 22 տարի աւելի երիտասարդ էր` 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:

«Ամէն շաբաթ, որ կը մարզուէի, եւ ինծի կը հարցնէի, թէ որքանո՞վ կրնամ թենիսի լուրջ մրցաշարքի մասնակցիլ: Կը կարծէի, թէ անկարելի բան մըն էր եւ պէտք էր շատ աւելի յառաջդիմել: Ամէնը մտքի պատրաստութիւն է, երբ որոշես, թէ կրնաս, պէտք է անկարելին կարելի դարձնես», ըսաւ Ուիլիամս, որ իր առաջին մրցումը կատարեց աւելի քան տարի մը բացակայելէ ետք, եւ առաջին յաղթանակը արձանագրելով 2 տարուան ընթացքին:

Միակ թենիսվումընը, որ աւելի մեծ տարիքով յաղթանակ արձանագրած էր, Մարթինա Նաւրաթիլովան էր, որ իր վերջին յաղթանակը արձանագրած էր 2004-ին, երբ 47 տարեկան էր:

Ուիլիամս 2024-ին Մայեմիի մէջ (մարտին) պաշտօնական իր վերջին մրցումը կատարած էր, որմէ ետք վիրաբուժութեան ենթարկուած:

«Պարզապէս կ՛աղօթեմ առողջ մնալու համար եւ առիթը ունենալու խաղալու առողջ վիճակի մէջ: Կարեւորը առողջ ըլլալն է եւ վերադառնալը` յոյսով, որ նախկին մակարդակիս հասնիլ»:

Ուաշինկթընի թենիսի այս մրցաշարքին մեծ թիւով համակիրներ եկած էին Ուիլիամսը քաջալերելու` յիշեցնելով կրան շլեմի 7 անգամ տիտղոսակիրին որոշ մակարդակը:

Ուիլիամս 4 կրան շլեմի տիտղոս շահած էր նոյնիսկ իր մրցակից Փէյթընը չծնած: Պէտք է ըսել, որ Փէյթըն Սթըրնզ այժմ թիւ 35 դասուած է, մինչ Ուիլիաս դասուած չէ…

Վինըս Ուիլիամսի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ լեհ Մակտալենա Ֆրեչ, որ աշխարհի թիւ 24 թենիսվումընն է:

 

 

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Ծանօթացման Մամլոյ Ասուլիսը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Փարէ – Փէյնթր Շահեցաւ 16-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Կը Հեռանայ

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.