Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

July 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
                                                                     (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Երէկ` 14 յուլիսին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ անդամներու նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումներու մասին փաստաբաններու մամլոյ ասուլիսը:

Ասուլիսի ժամանակ փաստաբանները յայտարարեցին, որ ՀՅԴ-ի անդամները ազատ արձակուած են, քանի որ անոնց ձերբակալութիւնը իրականացուած է առանց որեւէ իրաւական հիմքի: Անոնք ընդգծեցին, որ ձերբակալուածները եղած են անմեղ, եւ անոնց ազատ արձակումը կը վկայէ նոյնինքն այդ փաստի մասին:

Փաստաբան Սերկէյ Յարութիւնեան, անդրադառնալով վերջին ամիսներու զարգացումներուն, նշեց, որ տեղի ունեցող գործընթացները պատահական չէին. «Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին, կարելի է դիտարկել իբրեւ մէկ միասնական ամբողջութիւն: Բոլոր ձերբակալութիւնները իրականութեան մէջ քանի մը նպատակ կը հետապնդեն: Նախ` հանրութեան տպաւորութիւն կը տրուի, թէ իբրեւ թէ բացայայտուած են ահաբեկչական խմբաւորումներ: Երկրորդ` ձերբակալելով որոշ մարդիկ` անոնք կը փորձեն կանխել եկեղեցւոյ հետ կապուած հաւանական դժգոհութիւնները եւ դիմադրութիւնները: Իսկ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութեամբ ուզած են ահաբեկել գործարարները, որպէսզի անոնք չհամարձակին ազատ արտայայտել իրենց դիրքորոշումները»:

«Կայ թիրախային պայքար` ընդդէմ որոշակի գաղափարախօսութեան. այդ կրնանք ըսել եկեղեցւոյ շուրջ, ազգային միտքի շուրջ, Արցախի շուրջ գաղափարախօսութիւնն է: Այն, ինչ որ կը նկատենք ազգային արժէք, կամ որոշակի քաղաքացիներու խումբ կը նկատեն ազգային արժէք, ատոր շուրջ կամ այդ գաղափարներուն շուրջ ով որ կը համախմբուի, այդ անձերուն դէմ կը սկսի որոշակի պայքար` գործարար, փաստաբան, հասարակ քաղաքացի, որեւէ կուսակցութեան անդամ», յայտարարեց փաստաբան Մանուշ Եսայեան` անդրադառնալով ձերբակալութիւններուն եւ ազատ արձակումներուն:

Փաստաբան Մկրտիչ Դաւթեանի գնահատմամբ` այս բոլորին նպատակը հայրենասիրական ուժերէն ազատիլն է, այն ուժերէն, որոնք ապագային կրնան դէմ երթալ իշխանութիւններու գործողութիւններուն: Ան աւելցուց, որ ազգային ուժերու ճնշումը նաեւ թոյլ պիտի տայ իշխանութիւններուն վերընտրուիլ 2026 թուականին:

Դաւթեան նշած է, որ իշխանութիւններուն մնացած է իրենց ճանապարհէն հեռացնել Հայ եկեղեցին եւ ՀՅԴ-ն, մնացած բոլոր հաստատութիւնները անոնք յաջողութեամբ քանդած են կամ կը շարունակեն քանդել:

Նախորդը

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»

Յաջորդը

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.