Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»

July 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պնդումով` հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծումը շատ մօտ է: Ան այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ հանդիպումի ժամանակ:

«Մենք հարց մը եւս լուծած ենք: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տագնապը կարծես թէ կը մօտենայ յաջող հանգուցալծուման», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք ուրբաթ օր Ուաշինկթընի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛առաջարկեն 100 տարիով վարձել Հայաստանի այն հատուածը, որ Ազրպէյճանի արեւելեան շրջանները կը կապէ Նախիջեւանին:

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը վիճին 32 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ճամբու շուրջ: Մէկ տասնամեակ է կը վիճին 32 քիլոմեթրնոց ճամբու շուրջ: Եւ ահա թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ: Միացեալ Նահանգները կու գան եւ կ՛ըսեն. «Շատ լաւ, մենք կը վերցնենք զայն: Այդ 32 քիլոմեթրնոց տարածքը մեզի վարձու տուէք եւ բոլորդ անկէ օգտուեցէք», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան մեկնաբանելով Պարրաքի յայտարարութիւնը նշեց. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ քննարկած եւ չի քննարկեր սեփական գերիշխան տարածքի նկատմամբ վերահսկողութիւնը որեւէ երրորդ կողմի արտապատուիրակելը»:

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայաստանի Գերիշխանութեան, Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ժողովրդավարական Բարեփոխումներուն

Յաջորդը

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.