Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին. Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հանդիսութիւն

May 11, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 10 մայիս 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակի աշակերտական հանդիսութիւն:

Հայաստանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ յայտնեց, թէ հայութիւնը կը գտնուի դէմ յանդիման Շուշիի պատմական յաղթանակը պահպանելու մարտահրաւէրին, որ կը յաղթահարուի հայերու հաւաքական ճիգերով` միասնաբար վերականգնելով եւ վերակառուցելով Արցախը:

Լիբանանահայ աշակերտութեան դերակատարութիւնն ու պարտաւորութիւնները ներկայացնելով` Տեմիրճեան շեշտեց, որ Շուշիի ազատագրումը Հայ դատի պայքարին մէջ ամբողջացուցած է նոր հանգրուան մը, որ սկիզբն է նոր յաղթանակներու եւ նուաճումներու` իրականացնելու հայութեան մեծ երազը:

Օրուան պատգամախօսն էր «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լրատուութեան բաժինի պատասխանատու Արմէն Ապտալեան, որ նախ եւ առաջ ներկայացուց Շուշիի ազատագրութենէն առաջ եւ ետք տիրող պայմանները, զինուորական գործողութիւններու ընթացքն ու Շուշիի յաղթանակին քաղաքական եւ զինուորական արժէքն ու կարեւորութիւնը:

Ապտալեան ըսաւ, որ անձնազոհ ազատամարտիկներու արեամբ կերտուեցաւ հայութեան նորագոյն յաղթանակը: Ան նշեց, որ լիբանանահայ աշակերտները յառաջիկային իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան մէջ գործ ունի կատարելիք` նեցուկ կանգնելու Հայ դատի աշխատանքներուն եւ ամբողջական կերպով ներկայացնելու հայութիւնը: Ապտալեան հաստատեց, որ Շուշին անկախ կը մնայ, երբ իւրաքանչիւր հայ ամբողջովին կը կատարէ իր պարտականութիւնները:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտները:

Այս առիթով, վերոնշեալ ցանկի առաջին տասը վարժարանները ներկայացուցին կոկիկ եւ գնահատելի աշակերտական յայտագիր մը, որուն ընթացքին տեսերիզի ցուցադրութեամբ, երգերով, պարերով, նուագներով եւ ասմունքներով արժեւորեցին Շուշիի յաղթանակը եւ ուխտեցին շարունակել հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը:

Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակի աշակերտական հանդիսութիւնը փակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգով:

 

 

Նախորդը

Համագաղութային Մասնակցութեամբ 57 Հազար Տոլար` Արցախի Հզօրացման Ի Նպաստ Տարուող Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Րաֆֆի Փափազեանի Մահուան Առիթով Սրտի Խօսք` Հայ Երիտասարդներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.