Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Նախաձեռնած «Թուինինկ» Ծրագիրի Ծիրին Մէջ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Հրապարակեց Երեք Գրքոյկներ

May 11, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 10 մայիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պէյրութի «Ռատիսըն Պլու Մարթինեզ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ վիճակագրական երեք ուսումնասիրութեանց հրատարակման յայտարարութիւնը:

Ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի, պետական, զինուորական, կրթական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտներու կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը ողջունեց ներկաները եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանը հրաւիրեց իր խօսքը ըսելու:

Անժելինա Էխհորեսթ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան անունով ողջունեց ներկաները` մեծապէս գնահատելով Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան պատրաստած վիճակագրական ուսումնասիրութիւններու աշխատանքը եւ ընդգծելով, որ նման քայլ մը մեծ ազդեցութիւն ունի ու կը նպաստէ աւելի լաւ կառավարման, աւելի խոր ժողովրդավարութեան հաստատման ու օրէնքի պետութեան կերտումին:

Նշելով, որ այս աշխատանքը Եւրոպական Միութեան նախաձեռնած ու հովանաւորած «Թուինինկ»-ի ծրագիրին անդրանիկ քայլն է Լիբանանի վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ու Հիւսիսային Իրլանտայի համանուն հաստատութեան` ՆԻՍՐԱ-ի միջեւ, Էխհորեսթ թուեց կարգ մը օրինակներ` Լիբանանի ընկերային թէ կրթական դրութեան մասին վիճակագրութենէն` իր ուրախութիւնն ու յուզմունքը արտայայտելով պարզուած արդիւնքներուն գծով:

«Եւրոպական Միութիւնը կը քաջալերէ ու կը զօրակցի միջերկրականեան ափի մեզի գործակից երկիրներու վիճակագրական տուեալներու հայթայթման բարելաւման ճիգերուն», ընդգծեց Էխհորեսթ:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդական դոկտ. Սամիր Նահհաս խօսք առնելով շեշտեց վիճակագրութեանց օգտագործման կարեւորութիւնը` պետական մակարդակի ծրագրումի թէ որոշումներու կայացման մէջ:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի վիճակագրական կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան, որ արաբերէնով ու ֆրանսերէնով ողջունելէ ետք ներկաները իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր գործակիցներուն ու յատկապէս Եւրոպական Միութեան, որ «Թուինինկ»-ի ծրագիրի կիրարկման համար ցարդ նպաստած է 900 հազար եւրոյի ներդրումով: Ան նշեց, որ այս առաջին անգամն է, որ միջազգային նման վարկով անձնաւորութիւն մը կ՛այցելէ վիճակագրութեան կեդրոնը:

Ապա, դոկտ. Կիտանեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ ֆրանսերէնով ներկայացուց իր ղեկավարած կառոյցի անձնակազմէն` Նաժուա Եագուպի եւ Լարա Պատրի աշխատասիրած ու համադրած երեք ուսումնասիրութիւնները.

1.- «Աշխատանքի շուկան Լիբանանի մէջ»
2.- «Բնակչութիւնն ու բնակարանները Լիբանանի մէջ»
3.- «Կրթութիւնը Լիբանանի մէջ»

Միաժամանակ խտասալիկի վրայ «փաուըր փոյնթ»-ով վիճակագրական տախտակներու ցուցադրումով դոկտ. Կիտանեան ֆրանսերէնով մանրամասն զեկուցեց նշեալ ուսումնասիրութեանց նիւթերուն, բովանդակութեան եւ ներկայացման ոճին մասին, Ան նաեւ անդրադարձաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան իրագործումներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն ու հրատարակութեանց` մաղթելով, որ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ յառաջիկայ քայլերուն:

Ահա դոկտ. Կիտանեան հրաւիրեց դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որ համակարգիչին վրայ կոճակը սեղմելով մեկնարկեց նշեալ ուսումնասիրութիւններու տեղադրումը համացանցի վրայ, ինչ որ ձրիաբար ձեռնտու պիտի ըլլայ բոլոր փափաքողներուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Բաժակի Մրցաշարք. Մումջողլեան, Պըպպօ, Հապաշ Եւ Շալհուպ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Յաջորդը

«Քնար» Պարախումբի Ելոյթը Լիբանանահայ Պարարուեստին Մէջ Նոր Ոստում Մը Արձանագրեց

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.