
Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Ֆիլիփ Մեքսես կը յայտնէ, որ այս տարեշրջանին աւարտին, երբ աւարտի իր պայմանագրութիւնը, շատ հաւանաբար միանայ Ա. Սէ. Միլանի:
29 տարեկան ֆրանսացիին համար այս տարեշրջանը արդէն իսկ աւարտած է, որովհետեւ ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
Անոր խմբակից եւ ազգակից Ժերեմի Մենեզ իր կարգին յայտարարեց, որ շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը:
Հակառակ անոր որ ան ըսաւ, թէ պիտի լքէ Ա. Էս. Ռոման, սակայն միեւնոյն ժամանակ աւելցուց, որ Ա. Էս. Ռոմա իր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ անմոռանալի ակումբ մը:
Ըստ իտալական մամուլին, բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը խօսուէր, որ Ա. Սէ. Միլանի միանալով Մեքսես պիտի ըլլայ Ալեսանտրօ Նեսթան փոխարինողը: Սակայն վերջինս պիտի մնայ խումբին հետ եւ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը լքելու մասին չի մտածեր:


