Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

July 1, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքականութեան մէջ օգտագործուած արտայայտութիւնները ինքնին սահման պէտք է ունենան, երբ կը վերաբերին ամբողջ հայրենիքի եւ ազգի մը հիմնական սիւներուն: ՀՅԴ-ի համար ազգային արժէքներու պահպանումը գաղափարական հիմնասիւն է եւ, իբրեւ այդպիսին, դաշնակցական մարդը չի կրնար հանդուրժել Հայաստանի ներկայ ազգադաւ իշխանութիւններուն որդեգրած վերջին շաբաթներու ընթացքը: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը հարուածէ Հայ առաքելական եկեղեցին: Ինչպէ՞ս կարելի է թիրախ դարձնել ազգային այս հիմնասիւնը, 1375-ի Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք հայն ու հայկականութիւնը պահպանած եկեղեցին ինչպէ՞ս կարելի է արժեզրկել:

Պատահածը զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ չմնաց ազգադաւ արարք մը, զոր չկատարեցին այսօրուան իշխանութիւնները: Տակաւին օրեր առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Թուրքերուն հաճոյանալու համար պէտք է հալածել Դաշնակցութիւնը, եկեղեցին, եւ իր արժէքը Թուրքիոյ մէջ բարձրացնելու պարունակին մէջ սա շատ կարեւոր է Փաշինեանի համար»: Այս խօսքը ինքնին բաւարար է` հաստատելու, որ թուրքին հաճելի թուելու համար Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ է ամէն տեսակի քայլեր որդեգրելու: Հայ առաքելական եկեղեցին արժէք է, իսկ անոր պահպանումը`          հրամայական:

Դաշնակցական երիտասարդութեան համար յստակ է, որ դանակը ոչ միայն ոսկորին հասած է, այլեւ` ոսկորը նոյնիսկ փշրած է: Հետեւաբար ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իբրեւ դաշնակցական երիտասարդութեան դաստիարակչական միաւոր ու ներկայացուցիչ, կու գայ խստօրէն դատապարտելու Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ազգադաւ եւ դաւաճանական այս նոր վարքագիծը` հաստատելով, որ այս իրավիճակը մեզ կը տանի հաստատ դէպի անդունդ:

Ինչ կը վերաբերի Փաշինեան-Էրտողան տեսակցութեան, կարելի է ըսել, որ Նիկոլ Փաշինեան այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծած է, որ կարծէք Հայաստան «Էրմինիստան վիլայէթ»-ն է, իսկ ինք` Փաշինեան, այդ տարածքին «պէյ»-ը:

Քրիստափոր Միքայէլեան կ՛ըսէ. «Յարատեւ կռիւ, յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին. ահա՛ թէ ուր է մեր փրկութեան բանալին»:

Նախորդը

Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր

Յաջորդը

Նշմար. 18 Փետրուար 1920-Էն Առաջ Եւ Վերջ… (Կամ` Թուրքին Ձեռքերը Էջմիածին Հասան)

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.