Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համախմբուինք Գերագոյն ու Ընդհանրական Արժէքներու Շուրջ

June 17, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ երեքշաբթի, 10 յունիսէն մինչեւ շաբաթ, 14 յունիս 2025-ին, կայացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը: Այս առիթով նիստերուն հրաւիրուած էին կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերն ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչները: Ժողովին ներկայացան նաեւ կաթողիկոսութեան բոլոր հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու տնօրէններն ու խնամակալութիւններու ներկայացուցիչները` զեկուցելու իրենց գործունէութեան մասին:

Նիստերու օրակարգերու կէտերն էին. Դպրեվանքի, Խորէն Ա. կեդրոնի, Թռչնոց Բոյնի, Ազունիէի Ազգային բուժարանի, Ազգային ծերանոցի, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Աստուածաշունչի թարգմանութեան, ծիսական բարեկարգումի, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու, «Կիլիկիա» մատենադարանի, «Կիլիկիա» թանգարանի, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի, կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի, երիտասարդական բաժանմունքի, շինարարական, տնտեսական ու վարչական, ինչպէս նաեւ մշակութային բնոյթի, քահանայից պատրաստութեան, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթի եւ իւրաքանչիւր թեմի ընդհանուր գործունէութեան վերաբերող հարցեր ու ծրագրեր:

Այս շրջագիծին մէջ նաեւ քննարկուեցան սփիւռքեան մեր թեմերու վերակազմակերպման, երիտասարդացման, արդի ժամանակներու համահունչ ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտութեան եւ աշխատանքներու նոր մեթոտներու որդեգրման կարելիութիւնները:

Ժողովը հաստատեց, որ Ազգային ընդհանուր ժողովի բանաձեւերուն ընդառաջ, հետզհետէ առանցքային գործունէութեան ու գործելաձեւի կը վերածուին համախմբումն ու մասնագիտացումը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընդհանուր աշխատանքները յատկանշող:

«Նուիրապետական աթոռներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններ» օրակարգին տակ, ժողովը յատուկ կերպով քննարկեց Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռնարկած յարձակողապաշտ վերաբերումը` Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Սուրբ Էջմիածինի բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ: Այս առումով, ժողովը արձանագրեց.-

ա) Պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համապատասխան կէտերը ճշդած են հիմնադրոյթներ, որոնք հիմնականին մէջ կը սահմանեն անոնց անջատ ըլլալը, հետեւաբար, նաեւ` եկեղեցւոյ անկախութիւնը: Սահմանադրութեան կը հակասէ նման միջամտութիւններ կատարելով հարցերու արծարծումը:

բ) Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու վերաբերող հարցերը կը քննուին եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն: Արդ, եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու առնչուած հարցերու գծով միջամտելու որեւէ իրաւական հիմք չունի պետութիւնը:

գ) Խստօրէն դատապարտելի է եկեղեցական հարցերուն հրապարակային քննարկման համար օգտագործուած ոճը:

դ) Հայրենիքին դիմագրաւած գոյաբանական խնդիրներուն ու անոր անվտանգութեան սպառնացող իրավիճակին դիմաց, անհրաժեշտ է նպատակաուղղուած աշխատիլ հայրենիքի գոյութեան սպառնացող վտանգներու դիմակայման ընդառաջ` մերժելով նման բաժանարար ու պառակտիչ փորձեր:

ե) «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» սկզբունքէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս միշտ, այս հանգրուանին եւս կը զօրակցի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան` մերժելով անոր դէմ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն:

Ժողովը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը կազմակերպ են եւ կենսունակ: Հակառակ միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ զարգացող իրադարձութիւններուն, անվտանգային սուր խնդիրներուն, շրջանին մեր պատմական թեմերը կը շարունակեն իրենց աշխուժ եւ ժողովրդանուէր գործունէութիւնը:

Ժողովական աշխատանքներու աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց յարափոփոխ պայմաններէն մեկնած, մեր թեմական թէ ընդհանուր գործունէութեան նոր հայեցակարգ մշակելու, նոր մեթոտաբանութիւն որդեգրելու եւ յատկապէս մեր կառոյցները երիտասարդացնելու հրամայականը: Ան նաեւ յիշեցուց սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման նոր մղում տալու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց մեր հայրենիքն ու ազգը դիմագրաւող տագնապներուն դիմաց մեր գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներուն ու իտէալներուն շուրջ համախմբուելու կարիքը` հեռու ներքին բեւեռացումներ յառաջացնող քայլերէ:

15 յունիս 2025
Անթիլիաս

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Իրանի Եւ Երուսաղէմի Հայ Համայնքներու Ներկայ Կացութեան

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 28-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.