Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Դատապարտող Լիբանանեան Կեցուածքներ

June 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Այսօր արշալոյսին Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ իսրայէլեան յարձակումները միայն իրանցի ժողովուրդը չթիրախաւորեցին, այլ նաեւ բոլոր միջազգային ջանքերը, որոնք կը թափուին Միջին Արեւելքի շրջանին ու մերձակայ պետութիւններուն մէջ կայունութեան պահպանման եւ այդտեղ մագլցումէն խուսափելու համար»:

«Այսպիսի յարձակումներուն նպատակը ականահարելն է կացութեան վատթարացումը կանխարգիլելու համար ներկայիս գոյութիւն ունեցող բոլոր նախաձեռնութիւններն ու միջնորդութիւնները, որոնք շրջանի երկիրներէն ու անոնց ժողովուրդներէն պատերազմի վտանգը հեռացնող իրատեսական ու արդար լուծումներու նպատակով մեծ ճամբայ կտրած են», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

Աուն միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «ազդու եւ արագ կերպով գործելու, Իսրայէլին արգիլելու իրագործելու իր նպատակները, որոնց այլեւս բոլորը ծանօթ են եւ շարունակուելու պարագային կը սպառնան առաւելագոյն վտանգաւոր հետեւանքները ունենալ»:

Լիբանանի նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարները թիրախաւորած իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով զոհուած իրանցի ղեկավարներուն համար, իսկ վիրաւորներուն շտապ ապաքինում մաղթեց:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը` նշելով, որ անիկա միջազգային օրէնքի, անկախ պետութիւններու գերիշխանութեան ու անոնց շրջապատին կայունութեան բացայայտ խախտում է եւ բոլոր արժեչափերով դատապարտելի:

Պըրրի Լիբանանի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Իրանին` նշելով, որ Լիբանան անոր կողքին կը կանգնի:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ բուռն կերպով դատապարտեց «Իրանի վրայ իսրայէլեան վտանգաւոր յարձակումը»:

«Այս յարձակումը միջազգային օրէնքի եւ Իրանի գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում է, եւ անոր հետեւանքները կը սպառնան ոչ միայն ամբողջ շրջանի կայունութեան, այլ նաեւ միջազգային խաղաղութեան», նշեց վարչապետը:

 

 

Նախորդը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Աունը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ «Պէզիքեան» Կեդրոնին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.