Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

June 12, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսեան անկախութեան 107-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 1 յունիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս ս. պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք, եւ կատարուեցաւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը մեկնաբանեց Հայաստանի օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ այս օրը մեր եկեղեցիներէն ներս մենք կը նշենք երկու նուիրական առիթներ, աւելցնելով, որ այս օրը մեր եկեղեցւոյ տօներէն կոչուած է երկրորդ ծաղկազարդ եւ մեզի կը յիշեցնէ այս առիթով Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, ուր դիմաւորուեցաւ եբրայեցի ժողովուրդին կողմէ, իբրեւ թագաւոր, իսկ երկրորդ առիթը, որ կը նշենք Հայաստանի  Հանրապետութեան Ա. անկախութեան 107-րդ տարեդարձն է: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ անոնք, որոնք հաւատքով կ՛ընկալեն այս առիթները, վստահաբար կ՛անդրադառնան, որ տօնական օրերը մեր եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած են, որպէսզի մեր ուշադրութիւնը դէպի անդենական ճշմարտութիւն ուղղեն:

Սրբազանը ըսաւ, որ դարերու ստրկութենէն ետք, Հայոց ցեղասպանութենէն երեք տարի վերջ, հայութիւնը, հրաշքի համազօր, թշնամիին դէմ յանդիման գտնուելով` մէկ բռունցք դարձաւ, ոտքի կանգնեցաւ եւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի մէջ մղեց ճակատագրական պատերազմ մը` ազատ ու անկախ ապրելու կամքին համար: Պատերազմի ընթացքին մեր տղոց խիզախութեան եւ քաջութեան շնորհիւ` կարելի եղաւ թշնամիին յաղթել, եւ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ խրոխտ կերպով:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը դիտել տուաւ, որ վտանգուած են մեր անցեալը, մեր ազգի անկախութիւնը, եւ մեր թշնամիին ոտքերը կրկին անգամ կը պղծեն հայրենի հողը, աւելցնելով, որ այսօր մեր ժողովուրդը առանձին է: Սրբազանը շեշտեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ մենք պարտաւոր ենք միասին ըլլալու, որպէսզի հայութեան գոյութիւնը ապահովենք մայիս 28-ի աւանդով, որպէսզի ապահով շարունակեն իրենց կեանքը: Ան շեշտեց, որ մայիս 28-ի խորհուրդը պէտք է պահենք ու փոխանցենք մեր յաջորդ սերունդին, որպէսզի իրենց մօտ այդ շունչը եւ ոգին ապրին:

Եզրափակելով իր խօսքը` այս նուիրական տօնին առիթով սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իմաստութիւն եւ քաջութիւն պարգեւէ մեզի, որպէսզի մեր կեանքի ընթացքը ուղիղ ձեւով առաջնորդուի:

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ. «Ճիշդ Հնչենք» Աշակերտական Մրցում-Յայտագիրը Ունեցաւ 2025-ի Իր Երեք Նոր Մրցանակակիրները

Յաջորդը

Կարէն ու Ժագլին Մակինեաններ Պարգեւատրուեցան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշաններով

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.