Երկուշաբթի, 9 յունիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Ղազախիստանի դեսպան Ռասուլ Ճումալիի. անոր կ՛ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն:
Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, անոր կառոյցին ու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ խորհրդակցիլ վեհափառ հայրապետին հետ Ղազախիստանի մէջ կայանալիք միջկրօնական երկխօսութեան նուիրուած համագումարին շուրջ:
Վեհափառ հայրապետը դեսպանին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարչակազմակերպչական կառոյցն ու առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր միջազգային յարաբերութիւնները: Միջկրօնական գործակցութեան գծով, վեհափառ հայրապետը, տարիներու ընթացքին ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններն ու պատկերացումները յայտնեց դեսպանին:
Դեսպանը փափաք յայտնեց, որ Ղազախիստանի պետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի, յատկապէս միջկրօնական ծիրին մէջ:


