Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը յունուար 2025-էն մինչեւ մայիս ամսուան աւարտ, 5 ամիսներու ժամանակշրջանին, շարունակելով մեր ժողովուրդին տարբեր կարիքները բաւարարելու իր առաքելութիւնը, ընդունած է 2214 պարագայ, որոնց տարբեր դիմումներուն առնչութեամբ կատարած է անհրաժեշտը:
Երեսփոխանական գրասենեակը 2.718.000.000 լ. ո. (երկու միլիառ եօթը հարիւր տասնութ միլիոն լ. ո.) յատկացում կատարած է 1022 պարագայի` հիմնականին մէջ դեղորայքի, հիւանդանոցային ծախսերու, բժշկական դարմանումի եւ տարրալուծարանի ծախսերուն համար:
Պարենային եւ կենցաղային կարիքներու ծրարներ տրամադրուած են 360 ընտանիքի 1.296.000.000 (մէկ միլիառ երկու հարիւր իննսուն վեց միլիառ լ. ո.) արժողութեամբ:
Պետական գրասենեակներու, կրթական մարզի քաղաքապետութիւններու թէ այլ հաստատութիւններու հետ կապուած խնդիրներու լուծման համար կատարուած է 832 դիմում, որոնք ստացած են համապատասխան արդիւնքներ:


