Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հասաւ Փլէյ-ին

June 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը բնական ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումին հիւրը եղաւ Թատամոն Հարաժելի:

Թատամոն Հարաժել, որ 10-րդ դիրքը գրաւած էր, ՀՄԸՄ-ի նման (5-րդ) յաղթանակ կամ պարտութիւն պիտի չփոխէր իր դիրքը, մրցումին առաջին 2 կէտերը նշանակեց, ապա տեղի տուաւ ՀՄԸՄ-ի յարձակումներուն:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը անխնայ եղան եւ 39 կէտ նշանակեցին առաջին մասին, որուն ընթացքին Գէորգ Գէորգ 4 յաջող 3 կէտեր նշանակեց:

Բ. մասին ՀՄԸՄ-ի օտարներ Թայլըր Պէյ եւ Ճորտըն Սթիվընս փոխարինուեցան, եւ Տուէյն Ճեքսընի հետ Գէորգ, Կապրիէլ Աճէմեան, Մոհամետ Հոթէյթ եւ Ճէյսըն Սուֆան շարունակեցին փայլիլ:

Աւելի ուշ միացան նաեւ Փիթըր Տեքերմենճեան, Պասել Հարֆուշ, եւ Ժոզեֆ «Ճօ» Խուրի եւ Մարք Քայալ:

Գէորգ 7 յաջող անսխալ 3 կէտնոց կողով նշանակելէ ետք կորսնցուց 8-րդ փորձին, սակայն 9-րդին յաջողեցաւ մրցանիշ արձանագրելով: Ան եղաւ առաջին լիբանանցին (այս տարեշրջանին), որ 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ կը նշանակէ: Գէորգ Գէորգ 5 այլ կողովներ ալ նշանակեց` օգտուելով իր արագ ճեղքերու կարողութենէն` ընդհանուր հաշուով նշանակելով 35 կէտ եւ դառնալով մրցումին «Էմ. Վի. Փի.»-ն:

Ճորտըն Սթիփընզ 24 կէտ աւելցուց, մինչ Թայլըր Պէյ եւ Տուէյն Ճեքսըն 13-ական կէտեր նշանակեցին: Կապրիէլ Աճէմեան 12 կէտ նշանակեց, Հոթէյթ` 9, Սուֆան` 7, Մարք Քայալ` 3, Ճօ` 2 եւ Պասել 2 կէտ, մինչ Փիթըր 1 կէտով աւարտեց մրցումը:

Մրցումը վերջ գտաւ 121-85 արդիւնքով, եւ այժմ ՀՄԸՄ պիտի մրցի 4-րդ դիրքը գրաւող Անթունիէի դէմ, ֆայնըլ 4-ի վերջին աթոռին համար:

Առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը գիշեր ժամը 21:45-ին` Անթունիէի դպրոցին դաշտին վրայ:

Երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի մէջ, ուրբաթ օր ժամը 16:45-ին:

Այսօր կը սկսին վտանգաւոր դիրքերու վճռական մրցումները: Ժամը 16:45-ին Հուփս պիտի հիւրընկալէ Թատամոն Հարաժելը: 9-րդ դիրքը գրաւող Հուփս պիտի փորձէ յաղթել` մնալու համար առաջին դասակարգ, մինչ պարտուող խումբը պիտի սպասէ Մէյրուպա-Էն.Էս.Էյ. (ժամը 20:00-ին) մրցումին յաղթականին:

Այս վերջին մրցումին պարտուող խումբը կը փոխադրուի Բ. դասակարգ, յաղթական խումբը կը մրցի 10-րդ դիրքին համար, Հուփս – Թատամոն Հարաժել մրցումի պարտուողին դէմ:

Աւելի ուշ պարտուող խումբը, որ պիտի գրաւէ 11-րդ դիրքը, պիտի մրցի Բ. դասակարգի փոխախոյեանին դէմ, եւ յաղթականը պիտի մնայ (կամ բարձրանայ Ա. դասակարգ):

 

Նախորդը

Թենիս. Ալքարաս Շահեցաւ «Ռոլան Կարոս»-ը

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Պըրժ` 2-0

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.