Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծ Բազմութեամբ Կը Դիմաւորուի Թեհրանի Մէջ

May 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 7 մայիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական ու հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Թեհրան: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մուտքին, վեհափառը դիմաւորուեցաւ խուռներամ հաւատացեալներու ծափողջոյններով: Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, վեհափառը իր շքախումբով մուտք գործեց եկեղեցի: Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ողջոյնի ջերմ խօսք ուղղեց վեհափառին, եւ ապա հրաւիրեց վեհափառը իր անդրանիկ պատգամը տալու թեհրանահայութեան:

«Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները»: Այս բառերով սկսաւ վեհափառը իր պատգամը եւ աւելցուց ըսելով. «Կը շեշտեմ «սիրելի» բառը, որովհետեւ մեր եկեղեցին երբեք խտրութիւն չի դներ իր զաւակներուն միջեւ եւ անոնք բոլորը մեր եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներն են, եւ` սիրելի մեզի: Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ է, որ սա պահուն հոգեկան անհուն ուրախութիւնը կ՛ապրիմ ի տես Աստուծոյ հովանիին ներքեւ եւ Իր տան մէջ համախմբուած այս մեծաթիւ հաւատացեալներուն»:

Ապա վեհափառը ողջունեց Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, Սպահանի թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանը, Ատրպատականի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանը, քահանայ հայրերը եւ երեք թեմերու ազգային իշխանութեանց անդամները: Վեհափառը ողջունեց նաեւ ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին: Իր պատգամին մէջ, ան կարեւորութեամբ ընդգծեց ազգային ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը` ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը` Հայաստանը նկատելով մեր հզօրութեան կռուանը: Վեհափառը ըսաւ, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ազատ ու անկախ Հայաստանի երազին, ձգտումին ու պայքարին յառաջապահ զինուորը դարձաւ, եւ այսօր աջակից ու զօրակից է անոր` ի խնդիր մեր հայրենիքի առաւել հզօրացման: Սփիւռքը պէտք է աւելի հզօրացնենք, որպէսզի հզօրացուցած ըլլանք Հայաստանը, եւ` փոխադարձաբար, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մէկ ազգ է, մէկ ամբողջութիւն է»: Ապա, վեհափառը աւելցուց, որ «ա՛յս գիտակցութեամբ պիտի գործենք ամէն տեղ, մանաւանդ համազգային հարցերու պարագային, եւ իբրեւ համազգային գերագոյն հարց, մենք ունինք մեր արդար դատը, ազգային դատը»: Ան յիշեցուց ըսելով. «Չմոռնանք, սիրելի՛ ժողովուրդ, որ մեր ժողովուրդը պահանջատէր ժողովուրդ է: Մեր ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է, եւ մենք պահանջատէր ենք»:

Անդրադառնալով իրանեան հայրենիքին` վեհափառը ըսաւ, թէ Իրան իր հոգեւոր ու քաղաքական իշխանութեամբ զօրավիգ կը կանգնի մեր ժողովուրդին ու մեր դատին` հաւատալով անոր իրաւացիութեան: Մեր ժողովուրդի զաւակները կը վայելեն այս երկրին բարիքները, մասնակից են անոր զարգացման ու բարգաւաճման, տէրն են իրենց պարտաւորութիւններուն եւ կը վայելեն իրենց քաղաքացիական իրաւունքները:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, վեհափառը իր շքախումբով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակներու յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց եւ հոգւոց արտասանեց հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Աշուղական Երգերու Աննախընթաց Երեկոյ` Մեկնաբանութեամբ Սէյրան Աւագեանի

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.