Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշուղական Երգերու Աննախընթաց Երեկոյ` Մեկնաբանութեամբ Սէյրան Աւագեանի

May 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը: 25 տարիներէ ի վեր այս կրթական օճախը ջամբած է ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն, եղած է դարբնոց հայ աշակերտին մտքին ու հոգիին, կոփած է անոր կամքը, սատարած է անոր անհատականութեան կերտման, ինչպէս նաեւ իր ուսերուն վրայ առած է հայ գիտակից, ազգասէր, հաւատացեալ եւ յաջողակ անհատներ կերտելու պատասխանատուութիւնը:

25 տարիներ Գ. Հարպոյեան վարժարանը ընթացած է այս տեսլականով եւ գործած այս հրամայականով: Եւ այսօր վարժարանիս տնօրէնութիւնը կու գայ այս կրթական հաստատութեան արծաթեայ յոբելեանը նշելու զանազան ձեռնարկներով, որոնց շարքին մաս կը կազմէ երգահանդէս մը` աշուղական երգերու մեկնաբան, հայրենի արուեստագէտ Սէյրան Աւագեանի կատարողութեամբ: Ան իր թաւ ձայնով մեկնաբանեց Սայեաթ Նովայի երգերը:

Արդարեւ, երեքշաբթի, 8 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8-00-էն սկսեալ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած երգահանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Ներկայ էին Հարպոյեան վարժարանի բարեկամներ, ծնողներ եւ հայկական արուեստը քաջալերող հասարակութիւն մը:

Ելոյթին սկիզբը բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ «Մեսրոպ Մաշտոցի վառ ջահը հայ դպրոցն է, որ կը փոխանցէ նոր սերունդին»: Ան յայտնեց, որ «հայ վարժարանը այն ամրոցն է, ուր աշակերտը կը գօտեպնդուի հայ ազգային արժէքներով ու մշակոյթով»:

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը, որ ողջունեց Հարպոյեան վարժարանի նախաձեռնութիւնը` նուիրուած անոր հիմնադրութեան 25-ամեակին: Ան բարձրօրէն գնահատեց այս կրթօճախին բազմաբովանդակ, մեծածաւալ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը` կոչ ուղղելով «բարձր պահել վարժարանին պատիւը եւ դառնալ հայ ազգին պիտանի անհատներ»: Դեսպանը նշեց, որ «հայ ոգին կը գերիշխէ մեր միջավայրին վրայ» եւ շեշտեց, որ «Հայաստանի դռները բաց են բոլոր հայորդիներուն համար»:

Մէկ ժամ տեւողութեամբ հայրենի արուեստագէտը ներկաներուն հրամցուց աշուղական բարձրարժէք եւ իւրօրինակ արուեստով երգերու շարք մը` «Վրաստանի կէօզալները», «Թէկուզ քու քաշն մարգրիտ տան», «Թամամ աշխարհ պտուտ էկայ», «Քանի վուր ջան իմ», «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի», «Ուստի կու գաս ղարիպ բլբուլ», «Պատկիրքդ ղալամով քաշած», «Բլբուլի հիտ քաց իս էլի» եւ այլ երգեր` առինքնելով եւ հմայելով ունկնդիրները: Դաշնակով կ’ընկերակցէր հայրենի արուեստագէտ Ռուզաննա Գրիգորեան:

Իսկ հանդիսութեան վերջին բաժնով բեմ բարձրացաւ լիբանանեան «Ֆայիհա» երգչախումբը      ղեկավարութեամբ մայսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: «Ծիրանի ծառ», արաբերէն «Կատակ երգ», Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ի եւ Ապտէլ Ուահապի «Լայլեթ հոպպ»-ի երաժշտութեան միացեալ դաշնաւորումով եւ Սէյրան Աւագեանի ընկերակցութեամբ «Բամբ բորոտան» երգով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:

Հուսկ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը խօսք առնելով ըսաւ, թէ «25 բեղուն տարիներ սերունդներ պատրաստած Հարպոյեան վարժարանը իր յաջողութիւնը կը պարտի իրերայաջորդ տնօրէններուն, որոնք իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են կրթական այս օճախին յաջողութիւնը ապահովելուն գծով»: Ան նաեւ վստահեցուց, որ «հայ վարժարանը քաջալերողը հայ ազգը քաջալերած կ’ըլլայ: Հայ վարժարանին մէջ հայ աշակերտները պիտի պատրաստուին կերտելու հայ ընտանիքներ եւ մեր հայկական ապագան»: Հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի ընտանիքին բոլոր անդամները անխտիր եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն, որպէսզի կրթական այս հաստատութիւնը աւելի յառաջդիմելով լաւապէս ծառայէ հայ ազգին ու հայրենիքին:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Խստիւ Դատապարտեց Հայր Ղարիոսի Առեւանգումը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծ Բազմութեամբ Կը Դիմաւորուի Թեհրանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.