Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Ռաատ. «Հանդիպումի Ընթացքին Բազմաթիւ Խնդիրներ Լուծեցինք»

June 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Ռաատ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Վարչապետին հետ հանդիպումին ժպտերես մտանք, որովհետեւ միայն բարեկամութիւն ունինք, եւ հանդիպումէն ժպտերես դուրս եկանք, որովհետեւ ներկայ փուլին համաձայնութիւն կ՛ուզենք»:

«Մենք նախանձախնդիր ենք անոր եւ այս երկրի բոլոր բաղադրիչ տարրերուն ու բոլոր նախարարութիւններուն հետ համաձայնութեան», ըսաւ երեսփոխանը:

«Մենք ներկայ փուլին եւ բոլոր փուլերուն իւրաքանչիւր պատասխանատուի եւ ազգային պարտականութիւն ստանձնող իւրաքանչիւր անձի գործը կը դատենք», յայտնեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահը:

«Չենք կարծեր, որ տարակարծութիւնը բարեկամութիւնը կը խանգարէ», ըսաւ ան:

«Այս հակիրճ հանդիպումին ընթացքին բազմաթիւ խնդիրներ ու բարեկարգումներուն վերաբերող հարցեր լուծեցինք», նշեց Ռաատ:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Սալամ «վկայեց խորհրդարանին մէջ բարեկարգչական օրէնքներու շուրջ մեր գործակցութեան»:

«Վերաշինութեան հարցին մէջ մանրամասն գործնական գաղափարներ ներկայացուցինք, եւ այդ գաղափարները պիտի հետապնդենք, մինչեւ որ անոնց գործադրութեան սկսինք», յայտնեց երեսփոխանը:

«Մենք գիտենք, թէ այս փուլը դժուար է, եւ գիտենք, թէ թշնամին չի գործադրեր այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, իսկ Լիբանան իր բոլոր յանձնառութիւնները կատարեց», աւելցուց Ռաատ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահը յայտնեց. «Զէնքի հարցը կը քննարկուի երկրին շահը եւ Լիբանանի դէմ եւ անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը վտանգող իսրայէլեան կարելի բոլոր յարձակումներուն դէմ դնելու երկրի զաւակներուն ընտրանքները ապահովող առարկայական կերպով»:

«Չկայ որեւէ խոչընդոտ մեր գործակցութեանը կառավարութեան հետ, որուն մաս կը կազմենք, եւ այն, ինչ որ ոմանք կը փորձեն շրջանառութեան մէջ դնել, ապականութիւններ են եւ շինծու գաղափարներ, որոնք մեր վարմունքը չեն արտայայտեր, ո՛չ ալ մեր տեսակէտը», աւելցուց ան:

«Ներկայ փուլին մեր առաջնահերթութիւնը, իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալն է, գերիներու տունդարձը, իսրայէլեան յարձակումներուն, խախտումներուն եւ հարաւային Լիբանանի ճամբաներուն վրայ սպանութիւններուն վերջ տալն ու վերաշինութիւնն է», նշեց Ռաատ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Փութինէն Ռուս-Արաբական Վեհաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Ստացաւ Եւ Հէյլի Հետ Զարգացումները Քննարկեց

Յաջորդը

Ակնարկ. Երկակի Նշանակութեան Հանգոյցները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.