Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուսատու Մթնոլորտ Փոխանցող «Կարկաչ» Մանկապատանեկան Երգչախումբի «Յոյսի Ձայներ» Խորագիրով Տարեկան Համերգը

June 2, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, շաբաթ, 24 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին «Յոյսի ձայներ» խորագիրով տարեկան համերգը:

Երգչախումբի խմբավարն է Շողիկ Թորոսեան,  դաշնամուրի նուագակցութիւն` Վերոնա Ռուսիալեան:

Համերգի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Միրա Եարտըմեան, որ ըսաւ, թէ կարկաչականները երգեցողութեան միջոցով կ՛արտայայտեն իրենց զգացումներն ու ապրումները` յոյս ներշնչելով հանդիսատեսին, միասնաբար դէմ յանդիման կանգնելու բոլոր դժուարութիւններուն: Ան աւելցուց. «Պատանիներուն ձայները անոնց անմեղ հոգիներու արտայայտութիւնն են, որ անպայմանօրէն հմայք պիտի պատճառէ ունկնդիրներուն»:

Ան հաստատեց, որ «Կարկաչ»-ի առաքելութիւնն է պահել ու պահպանել հայ երգը, կրթել ու կրթուիլ հայ մշակոյթով  եւ արուեստով, սերունդէ սերունդ փոխանցել հայ երգչախմբային արուեստի  ժառանգութիւնը եւ արձագանգել Համազգայինի տեսլականին: Իր խօսքի աւարտին Միրա Եարտըմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին, համերգի նախագահին, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակն ու կարողականութիւնը ներդնելով բերին իրենց օգտաշատ մասնակցութիւնը:

Ապա 50 անդամներէ բաղկացած «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին համերգը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Մանուկներու հայր մեր»-ով, որմէ ետք երգեցին Արամայիս Սահակեանի «Եկէ՛ք երգենք»-ը, Եուրի Սահակեանի «Երկիր իմ Հայաստան»-ը, Ղազարոս Աղայեանի «Ծիծեռնակ»-ը, Սմբատ Շահազիզի «Հայրենի կարօտ»-ը, «Լեպհոյ լէլէ» ժողովրդական երգը, Օսքար Համըստայնի «Էտըլվայզ»-ը, Զաքի Նասիֆի «Երգ խաղաղութեան»-ը, Ռեմի Պանտալիի «Մանկութիւն տուէք մեզի»-ն («Կարկաչ» երգչախումբին համար մշակումը կատարած է Մարիա Փալազեան), Ասթոր Փիացոլլայի «Լիպըրթանկօ»-ն, Արամայիս Սահակեանի «Ջահ Հայաստան»-ը, Ստեփան Շաքարեանի մշակած ժողովրդային երգերու շարանը եւ Արմենուհի Կարապետեանի «Նոր օր»-ը:

Այս առիթով, «Կարկաչ» երգչախումբի նախկին խմբավար եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան խումբին ընկերակցեցաւ շուիի նուագակցութեամբ, ինչպէս նաեւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը` մեծապէս գնահատելով «Կարկաչ» երգչախումբի տարիներու աշխատանքին շարունակականութիւնը եւ կարկաչականներուն քաջալերական ու ոգեւորիչ մասնակցութիւնը:

Աւարտին, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան եւ կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան յուշանուէր մը յանձնեցին համերգի նախագահ Վրէժ Սապունճեանին` առ ի գնահատանք «Կարկաչ»-ին բարոյական եւ նիւթական զօրակութեան:

«Յոյսի ձայներ» խորագիրը կրող համերգը կարկաչական փոքրերուն ճամբով, բարձրորակ կատարումով եւ երգերու ընդմէջէն հանդիսատեսներուն փոխանցեց յոյսի նշոյլներ` գոյատեւելու, համախմբուելու, յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ արձանագրելու նոր նուաճումներ:

Նախորդը

Ռոպոթիքսի (Ինքնագործ Մարդասարքութեան) Դասարանի Պաշտօնական Բացում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Թենիս. Թոմի Փոլ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

RelatedPosts

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

October 19, 2026
Ստացանք
Գաղութային

Ստացանք

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.