Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԿՈՒ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ. ԹՐՔԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ, ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍԻՆ

April 8, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պի. Պի. Սի.» յայտարարեց արդիւնքը հանրային հարցախոյզի մը, որ 2005 թուականէն ի վեր ամէն տարի կը կազմակերպէ Հանրաքուէի միջազգային հիմնարկը` Կլոպսքան, նիւթ ունենալով հանրային ըմբռնումները օտար երկիրներու մասին:

Թուրքիոյ վերաբերող թուանշանները բաւական անակնկալ են. Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հանդէպ թրքական դրական տեսակէտները անցեալ տարուան համեմատ բառացիօրէն ոստում արձանագրած են: Այս դերակատարներուն հանդէպ ժխտական տեսակէտներ ունեցողներուն համեմատութիւնը եթէ նոյնիսկ աւելի կարեւոր էր, քան` դրական տեսակէտներ ունեցողներունը, ըմբռնումին մէջ փոփոխութիւնը անկարելի է հերքել:

Թուրքերու համակրանքը Փաքիստանի եւ Իրանի հանդէպ տակաւին բարձր է, մինչ մեծամասնութիւնը տակաւին չի վստահիր Իսրայէլի:

Այս արդիւնքը զարմանալի չէ. այս երկրին մէջ միշտ համակրանք եղած է արեւելեան ազգերու հանդէպ, որոնք մնայուն զոհեր նկատուած են: Թէեւ քիչ մը դժուար է հասկնալ արդիւնքը, որ կը վերաբերի Եւրոպայի երկիրներու հանդէպ Թուրքիոյ ժողովուրդին ըմբռնումին:

Արդիւնքները այնքան զարմացնող են, որ նոյնիսկ մէկը կրնայ կասկածիլ հարցախոյզին վաւերականութեան:

Ըստ հարցախոյզին, թուրքերուն 41 առ հարիւրը կը հաւատայ, որ Բրիտանիա գլխաւորաբար դրական ազդեցութիւն ունի աշխարհի մէջ, մինչ համակրանքը Ֆրանսայի հանդէպ գրեթէ կրկնապատկուած է` հասնելով 36 առ հարիւրի:

Եթէ Թուրքիոյ ժողովուրդը իսկապէս գիտնար Բրիտանիոյ համաշխարհային գործունէութեան մասին, արդիւնքը հաւանաբար տարբեր պիտի ըլլար:

Բնականօրէն հանրային հարցախոյզները կախեալ են հարցադրումէն: Օրինակ Բրիտանիոյ մասին հարցումները կ՛առնչուին Կիպրոսի հարցին, ժխտական տեսակէտները Լոնտոնի մասին հաւանաբար նկատարելիօրէն բարձր պիտի ըլլան:

Թէեւ ամէնէն զարմացնող արդիւնքները ֆրանսայի կը վերաբերին: Անկարելի է չհարցնելը, թէեւ ինչո՞ւ այդ երկրին նկատմամբ Թուրքիոյ ժողովուրդին նպաստաւոր տեսակէտը, անցեալ տարուան հետ բաղդատած, ոստում արձանագրած է: Ֆրանսա ի՞նչ ըրած է ասոր արժանի ըլլալու համար:

Հաւանաբար թուրքերը շատ ալ հոգ չեն ըներ, թէ Ֆրանսա ի՛նչ կ՛ընէ աշխարհի մէջ, նկատի ունենալով, որ Ֆրանսայի ազդեցութիւնը անկում արձանագրած է, կամ հաւանաբար նախագահ Սարքոզի հակաթուրքիա հռետորութիւնը այնքան անիրապաշտ կը թուի, որ համակրանք հրահրած է, կամ ալ` հաւանաբար այս հարցախոյզը պարզապէս ճշգրիտ չէ:

Ի վերջոյ հազար հոգի հարցուփորձի ենթարկելը թերեւս բաւարար չէ Թուրքիոյ տարածութեամբ երկրի մը համար Ֆրանսայի հանդէպ դրական տեսակէտի բարձրացումը եթէ նոյնիսկ ճիշդ է, մենք կրնանք գուշակել, որ այս յաւելումը չի կրնար երկարատեւ ըլլալ:

Ֆրանսայի մէջ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան մասին հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, որ ծայրայեղ աջի ղեկավար Մարի Լը Փեն կրնայ առաջին հանգրուանին յաղթանակը նուաճել: Եթէ ընկերվարական կուսակցութիւնը չյաջողի գտնել վստահելի, արժանահաւատ հասարակաց թեկնածու մը, Ֆրանսայի ժողովուրդը հաւանաբար երկրորդ նստաշրջանի մը համար Սարքոզին պիտի ընտրէ` պարզապէս արգելք հանդիսանալու համար ծայրայեղ ազգի ղեկավարին իշխանութեան գլուխը գալուն:

Ծանօթ է, որ Լը Փենի Ազգային ճակատ կուսակցութիւնը կ՛օգտագործէ օտարատեացութեան, հակաիսլամութեան եւ Եւրոպական Միութեան դէմ հռետորականութիւնը: Անոնք ոչ միայն կը հերքեն, կը ջրեն Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը, այլեւ անոնք նոյնիսկ կը խորշին այդ կառոյցին Ֆրանսայի անդամակցութենէն:

Գրեթէ ապահով է, որ Լը Փենի նախաընտրական քարոզարշաւը լուսարձակի տակ պիտի առնուի Թուրքիոյ մէջ եւս: Այնպէս որ Պի. Պի. Սի.ի յառաջիկայ տարուան հարցախոյզին արդիւնքը հաւանաբար տարբեր պիտի ըլլայ: Եթէ հակառակը պատահի, անհրաժեշտ պիտի դառնայ ամբողջովին տարբեր վերլուծում մը:

Այս երկու հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ ժողովուրդին միտքին մէջ Թուրքիա տակաւին մաս չի կազմեր Եւրոպայի:

Երկրորդ արդիւնքը այն է, որ հակառակ բարձրացող դրական տեսակէտներու` Թուրքիա տակաւին կը շարունակէ չվստահիլ Եւրոպայի:

Այն իրողութիւնը, որ ծայրայեղ աջ կուսակցութիւնները աւելի կը զօրանան Եւրոպայի մէջ, ցոյց կու տայ նաեւ, որ եւրոպացիներու անվստահութիւնը, կասկածը կ՛աճի «այլոց», ուրիշներու հանդէպ:

Եթէ անոնց հարցնես, թէ որո՞նք են այդ «ուրիշները», մեծամասնութիւնը հաւանաբար պիտի պատասխանէ` «իսլամներ», եւ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը բաւական տեղեակ է ատոր:

Բացայայտ է, որ յաւելեալ ջանք անհրաժեշտ է ջնջելու համար փոխադարձ անվստահութիւնը:

Թերեւս Պի. Պի. Սի.-ի հարցախոյզը կը նպատակադրէ բանալ ճամբան:

Թէեւ այս հարցախոյզը ընդհանրապէս անտեսուեցաւ Թուրքիոյ մէջ:

Ուրեմն, բոլոր մտահոգ, յօժար եւ պատրաստակամ կողմերը յաւելեալ ջանքեր պէտք է ի գործ դնեն:

Նախորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱ՞Յ ԹՐՔԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԻ ԵԼՈՅԹԻՆ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։