Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկեան վարչակազմը լիբանանեան պետութեան յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան յաջորդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ յունիսի առաջին կիսուն` առանց վերջնական թուական ճշդելու, եւ Հըզպալլան ապազինելու թղթածրարը պիտի ըլլայ անոր այցելութեան օրակարգի առաջին կէտը:

– «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութիւնը նախատեսուած է երկու շաբաթ ետք:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին վստահեցուց, որ ինք որեւէ զէնքի ծածկոյթ չի տրամադրեր, որովհետեւ զէնքի ժամանակը անցած է, եւ կ՛աջակցի լիբանանեան պետութեան կողմէ որոշուած զանոնք յանձնելու որեւէ մեքանիզմի, սակայն ոչ ուժով»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին. «Ապպասի այցելութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ յաջող եւ կարեւոր էր, եւ իրագործեց նպատակները, մասնաւորաբար Թաէֆի համաձայնագիրի եւ հետագային գաղթակայաններէն ներս թէ դուրս պաղեստինեան զէնքերու շուրջ երկխօսութեան սեղանի որոշումներու գործադրութիւնը խոչընդոտած արգելքները ջնջուեցան:

– «ՄՈՒՏՈՒՆ» կը հաղորդէ. «Քաթարեան պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի կազը Սուրիոյ ճամբով եւ ձրիօրէն Լիբանան հասցնելու, իսկ ատոր ժամանակը պիտի ըլլայ յառաջիկայ ամրան` հիմնուելով երկու պետութիւններուն միջեւ համակարգումի վրայ»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատար մը «Հատաս»-ին. «Սուրիոյ հետ մեր խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելը պիտի փոխէ այդ երկրին, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ կացութիւնը»:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիան Անկեղծօրէն Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Հարցին Մէջ Յաջողութիւն Կը Մաղթէ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու Հոլովոյթին»

Յաջորդը

Շէյխ Քասեմ Հարաւցիներուն. «Ընտրութիւններուն Ձեր Մեծաթիւ Մասնակցութիւնը Մաս Կը Կազմէ Վերաշինութեան, Որուն Պիտի Հետեւինք Քաղաքապետութիւններուն Եւ Պետութեան Հետ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.