ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, յատկապէս Հարաւային Լիբանան եղաւ պատերազմին գլխաւոր կիզակէտը:
Հարաւային Լիբանան աշխարհագրականօրէն գեղեցիկ բնութեամբ եւ բարեբեր երկրամաս է: Աւազուտ ծովափեր, կիտրոնային պտուղներու, պանանի եւ ծխախոտի մշակման բերրի դաշտեր, կանաչազարդ լեռներ եւ Լիթանի, Զահրանի ու Աուալի գետեր:
Շրջանը վարչական ներկայ բաժանման հիմամբ կ՛ընդգրկէ Հարաւային Լիբանանի եւ Նապաթիէի նահանգները: Գլխաւոր բնակավայրեր եւ գաւառական կեդրոններ են` Սայտա, Սուր, Ժուայա, Ժեզզին, Սարաֆանտ, Ղազիէ, Գանա, Մաարաքէ, Նապաթիէ, Պընթ Ժըպէյլ, Խիամ, Շըպաա, Մէյս էլ Ժապալ, Այթարուն, Հասպայա, Թայպէ, Շագրա, Մերճայուն, Ժըպշիթ եւ Թըպնին: Սայտայի ու Սուրի շուրջ կան փիւնիկեան եւ հռոմէական հնութիւններ եւ ճարտարապետական յուշարձաններ: Պոֆոր (Շագիք) դղեակը, Նապաթիէի շրջակայ Արնուն գիւղի բարձունքին, կառուցուած է խաչակիրներուն ժամանակ:
Հարաւի բնակչութեան մեծամասնութիւնը շիիներ են, մնացեալները` սիւննի, տիւրզի, յոյն օրթոտոքս ու կաթոլիկ եւ մարոնի: Սիւննիները կեդրոնացած են գլխաւորաբար Սայտայի, տիւրզիները` Հասպայայի, յոյն օրթոտոքսներն ու կաթոլիկները` Մերճայունի, իսկ մարոնիները` Ժեզզինի մէջ: Պընթ Ժըպէյլ գաւառի Այն Ըպըլ, Գաուզէ, Ռըմէյշ եւ Տպըլ գիւղերը միատարր քրիստոնեայ են: Քրիստոնեաներ կան նաեւ Սուրի, Սայտայի եւ այլ բնակավայրերու մէջ:
* * *
Պատմական Ճեպէլ Ամէլ աշխարհագրական գօտին կ՛ընդգրկէ Լիթանի գետի ափերէն եւ ծովէն մինչեւ Ուատի Թայմ, Պեքաա եւ Հուլա տարածուող շրջանները: Շիիներուն մօտ պահպանուած տեսութեան մը համաձայն, Ճեպէլ Ամէլի սահմանները կը հասնին մէկ կողմէ մինչեւ Թիպերիատ լիճի հովիտը եւ միւս կողմէ մինչեւ Հոմս, ընդգրկելով նաեւ ամբողջ Պեքաայի հովիտը:
Եմէնական ցեղեր, որոնցմէ էին Պանու Ամիլաները, Ժ. դարուն կեդրոնացան այդ շրջաններուն մէջ, որմէ ետք աշխահագրական այդ գօտին ճանչցուեցաւ իբրեւ Ճեպէլ Ամէլ եւ Պիլատ Շամի մէջ դարձաւ շիիներու համախմբման կեդրոն:
Խաչակիրներէն եւ այնուհետեւ մեմլուքներէն հալածական շիիները Ճէպէլ Ամէլի մէջ կեդրոնացան: Հարֆուշ ընտանիքը իշխանութիւն հաստատեց Պեքաայի մէջ, Համատէ ընտանիքը` հիւսիսային Լեռնալիբանանի մէջ:
Քեսրուանի մէջ շիի-մարոնի բնակչութեան համեմատութիւնը կէս առ կէս էր: Հետագային, յատկապէս ԺԷ. դարուն, երբ մարոնիները Խազէն ընտանիքին գլխաւորութեամբ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդեցին Քեսրուանի մէջ, շրջանի շիիները զանգուածաբար տեղահան եղան եւ Ճեպէլ Ամէլ տեղափոխուեցան: Ժըպէյլի բարձունքներուն բնակող շիիներուն մէկ մասը, որոնցմէ էին Համատէները, Հերմէլ տեղափոխուեցան. շիիաբնակ մնացին Ալմաթ, Ռաս Օսթա, Հժուլա, Պշթլիտա, Լասա, Աֆգա եւ Մազրաաթ Սիյատ գիւղերը:
Ալի Սաղիր իր գերդաստանին հետ արաբական անապատներէն տեղափոխուելով, էմիր Ֆախրէտտին Բ.ի անկումէն` 1635-էն ետք զօրացաւ Ճեպէլ Ամէլի մէջ: Անոր տոհմը կոչուեցաւ Ասաատ (երջանիկ): Ասաատները իրենց կեդրոն ընտրեցին Թայպէ գիւղը եւ աւատապետական իշխանութիւն հաստատեցին: Անոնցմէ ԺԸ. դարուն անուանի դարձաւ Նասիֆ իպն Նասսար, որ Թըպնինի մէջ կեդրոնացաւ:
Շիիները ճանչցուած էին իբրեւ մթուելիներ եւ օսմանեան դարաւոր տիրապետութեան ընթացքին մնացած էին իբրեւ հալածուած ու անտեսուած հաւաքականութիւն:
Աքքայի օսմանեան կառավարիչ (1777-էն 1804) Ահմէտ փաշա Ժազզար սաստիկ հալածանքներ ու ջարդեր ձեռնարկեց շիիներուն դէմ:
* * *
Մեծն Լիբանանի կազմաւորումով, 1920-ին, Ճեպէլ Ամէլ եւ Պեքաա Լիբանանի միացուեցան: Անկախութենէն` 1943-էն ետք, Ազգային ուխտին համաձայն, հանրապետութեան նախագահը պիտի ըլլար մարոնի, վարչապետը` սիւննի: Շիիները նկատի չէին առնուած, մինչեւ որ 1947-ին որոշուեցաւ որ խորհրդարանի նախագահը պիտի ըլլար շիի համայնքէն:
Երկրին երրորդ մեծագոյն համայնքը, շիիները իրենց թիւին համապատասխան ներկայացուցչութիւն չունէին պետական կառոյցներուն մէջ եւ նկատուած էին իբրեւ զրկուած ու անտեսուած հաւաքականութիւն:
Շիի ղեկավար դէմքեր էին Ահմէտ պէկ Ասաատ եւ որդին` Քամէլ պէկ Ասաատ, Քազէմ Խալիլ, Ատէլ Օսէյրան եւ Սապրի Համատէ:
Այաթոլլա սէյիտ Ապտէլ Հիւսէյն Շարաֆէտտին (1872-1957) 1904-էն հոգեւոր առաջնորդ էր: Շարաֆէտտինները շիիներու եօթներորդ իմամ Մուսա Քազիմի սերունդէն են, Սուրի շրջանի Շհուր գիւղէն: Ապտէլ Հիւսէյն Շարաֆէտտին ընկերային բարեկարգումներ կատարեց, 1938-ին տղոց եւ աղջիկներու մէկական դպրոց բացաւ (որոնք Հարաւի շիիական առաջին դպրոցները եղան) եւ 1946-ին գթութեան կեդրոն հաստատեց: Ան իրեն յաջորդ նշանակեց իր ազգական իմամ Մուսա Սատրը:
* * *

Իմամ Մուսա Սատր 1959-ին Իրանէն գալով կազմակերպեց շիի համայնքը: Ալ Սատր ընտանիքը Շարաֆէտտին տոհմէն ճիւղաւորուած է: 1967-ին կազմուեցաւ Շիի գերագոյն խորհուրդը, որ 1969-ին իմամ Սատրը իրեն նախագահ ընտրեց:
Իմամ Մուսա Սատր 6 յուլիս 1974-ին հիմնեց զրկեալներու շարժումը` Հարաքաթ ալ մահրումին, իրեն աջակից ունենալով երեսփոխան Հիւսէյն Հիւսէյնին եւ Պէյրութի յոյն կաթոլիկներու առաջնորդ Կրեկուար Հատտատ արքեպիսկոպոսը: 20 յունուար 1975-ին կազմուեցաւ Ամալը` իբրեւ զրկեալներու շարԺումի զինուորական թեւը:
* * *
Իսրայէլի պետութեան կազմաւորումէն` 1948-էն ետք մեծաթիւ պաղեստինցիներ մտած էին Լիբանան, եւ Հարաւի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի շուրջ ու այլ շրջաններու մէջ պաղեստինեան շարք մը գաղթակայաններ կազմաւորուած էին:
Պաղեստինցիք զինուորական ներկայութիւն էին Լիբանանի մէջ: Յատկապէս Յորդանանի մէջ 1970-ի սեւ սեպտեմբերի կռիւներէն եւ Հիւսէյն թագաւորի բանակէն ճնշուելէն ետք, պաղեստինցի մեծաթիւ զինեալներ Լիբանան մտած եւ գլխաւորաբար Հարաւի մէջ կեդրոնական էին: Եասէր Արաֆաթ եւ անոր Ֆաթհ կազմակերպութիւնը, շուրջ 15 հազար զինեալներով, տիրական ուժ էին Լիբանանի եւ յատկապէս Հարաւի մէջ:
Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտէլ Նասէրի միջնորդութեամբ, Եասէր Արաֆաթի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Էմիլ Պուսթանիի միջեւ 2 նոյեմբեր 1969-ին Գահիրէի մէջ համաձայնութիւն գոյացած էր, որուն հիմամբ Լիբանանի 300 հազար պաղեստինցիները աշխատանքի, ինքնակառավարման եւ զինուած ուժ պահելու իրաւունք կ՛ունենային:
* * *
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 13 ապրիլ 1975-ին, մէկ կողմէ քրիստոնեայ փաղանգաւոր միլիսիներուն եւ միւս կողմէ պաղեստինցի ֆետայիներուն միջեւ:
Պատերազմի բռնկումէն ետք, լիբանանեան իսլամ եւ ձախակողմեան խմբաւորումներ, որոնք Լիբանանի Ազգային շարժումը կը կազմէին Քամալ Ժոմպլաթի գլխաւորութեամբ, պաղեստինցի ֆետայիներուն միացան:
Սուրիական ուժեր 1976-ի ամրան Լիբանան մտան, որմէ ետք յարաբերական հանդարտութիւն հաստատուեցաւ:
* * *
Պաղեստինցի զինեալներ 11 մարտ 1978-ին Հայֆայի մօտ ֆետայական գործողութիւն կատարեցին, որուն իբրեւ հակադարձութիւն իսրայէլեան բանակը 25 հազարնոց զօրքով 14 մարտ 14-ին ներխուժեց Հարաւային Լիբանան եւ սահմանային գօտին իր հակակշիռին տակ առաւ: Ինկան շուրջ երկու հազար զոհեր: Շուրջ 250 հազար հարաւցիներ ալ խոյս տուին դէպի Պէյրութ: Մարտ 23-ին ՄԱԿ-ի ուժեր Լիբանան մտան եւ Նաքուրայի մէջ կեդրոնացան:
Իսրայէլ Հարաւային Լիբանանի մէջ «ապահովութեան գօտի» հաստատեց, որ կ՛ընդգրկէր շուրջ 850 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն` 5-էն 20 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 180 հազար բնակչութեամբ, որուն կէսը շիիներ էին, մնացեալները` մարոնի, յոյն օրթոտոքս ու կաթոլիկ եւ տիւրզի:
Իսրայէլեան զէնքերով եւ 2300 զինեալներով կազմուեցաւ Հարաւային Լիբանանի բանակը` լիբանանցի սպայ Սաատ Հատտատի (հետագային` Անթուան Լահտի) գլխաւորութեամբ:
* * *
Իմամ Մուսա Սատր, որ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ջատագով էր եւ Հարաւի մէջ պաղեստինցիներու բնակեցման մեծագոյն ընդդիմացողը, Լիպիա այցելութեան ընթացքին, 31 օգոստոս 1978-ին անհետացաւ:
Այնուհետեւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնը ստանձնեց Հիւսէյն Հիւսէյնի, իսկ 1980-ին զայն փոխարինեց Նեպիհ Պըրրի: Ամալ, 14 հազար կռուողներով, կազմակերպուեցաւ իբրեւ զինուորական ուժ: Հարաւի եւ Պէյրութի մէջ, Ամալի եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ բախումներ սկսան:
Խորհրդարանի նախագահ Քամէլ պէկ Ասաատ գլխաւոր ջատագովն էր բանակը Հարաւ ուղարկելու քաղաքական ուղեգիծին:
* * *
Իսրայէլեան բանակը 6 յունիս 1982-ին ներխուժեց Լիբանան եւ արագօրէն յառաջանալով հասաւ Պէյրութի դռները: Հարաւէն մեծաթիւ ժողովուրդ խոյս տուաւ եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ ապաստան գտաւ: Եասէր Արաֆաթ օգոստոս 30-ին հեռացաւ Պէյրութէն: Ընտրեալ նախագահ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի սպանութենէն (սեպտեմբեր 14) ետք իսրայէլեան ուժեր Պէյրութ մտան, բայց սեպտեմբեր 29-ին քաշուեցան մայրաքաղաքէն:
Մինչ Լեռնալիբանանի մէջ բուռն կռիւներ կը մղուէին քրիստոնեայ Լիբանանեան ուժերուն եւ տիւրզիներուն միջեւ, իսրայէլեան բանակը 3 սեպտեմբեր 1983-ին քաշուեցաւ Աուալի գետէն հարաւ:
Պէյրութի արեւմտեան գօտիին մէջ 6 փետրուար 1984-ին Ամալին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բուռն կռիւներ մղուեցան: Բանակի վեցերորդ զօրագունդը Ամալին միացաւ:
Իսրայէլեան ուժեր 1985 փետրուարին քաշուեցան Սայտայէն եւ այլ դիրքերէ եւ «ապահովութեան գօտի»-ին մէջ կեդրոնացան:
Պէյրութի պաղեստինեան գաղթակայաններուն շուրջ կռիւները, Ամալին եւ պաղեստինցիներուն միջեւ սկսան 1985 մայիսին եւ քանի մը հանգրուաններով շարունակուեցան մինչեւ 1988 յուլիս:
* * *
Հըզպալլա կազմաւորուեցաւ 1982-ին, իսրայէլեան ներխուժումի ժամանակ, ներշնչուելով այաթոլլա Մոհամէտ Հիւսէյն Ֆատլալլայի գաղափարներէն, եւ Իրանի նեցուկը ապահովելով շիիական մարտական ուժ դարձաւ:
Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ զինուորական իրերայաջորդ գործողութիւններու ձեռնարկեց:
Ամալի եւ Հըզպալլայի միջեւ եղբայրասպան կռիւներ սկսան 1988 ապրիլին եւ շարունակուեցան մինչեւ 1990:
Լիբանանեան հակամարտ կողմերուն միջեւ Թաէֆի համաձայնութենէն (1989-ի աշնան) ետք զինեալ միլիսները կազմալուծուեցան, բայց Հըզպալլա, իբրեւ դիմադրութեան ուժ, պահեց իր մարտական ուժերը:
Հըզպալլայի ղեկավար Ապպաս Մուսաուի 16 փետրուար 1992-ին իսրայէլեան օդային հարուածով մը սպաննուեցաւ եւ զայն փոխարինեց սէյիտ Հասան Նասրալլա:
Հըզպալլա սաստկացուց իսրայէլեան գրաւող ուժերուն եւ Հարաւային Լիբանանի բանակին դէմ պայքարը, ռմբակոծելով իսրայէլեան բնակավայրեր եւ հարուածելով զինուորական կեդրոններ:
Իսրայէլեան բանակը 11 ապրիլ 1996-էն սկսեալ, 17 օր շարունակ օդէն, ծովէն եւ ցամաքէն ռմբակոծեց Հարաւային Լիբանանի բնակավայրերն ու Հըզպալլայի դիրքերը եւ ապրիլ 18-ին Գանայի մէջ սպանդ կատարեց: Ինկան 154 զոհեր (որոնց 106-ը Գանայի մէջ) եւ 354 վիրաւորներ: Աւելի քան երկու հազար բնակարաններ քանդուեցան:

Հըզպալլայի յարձակումները 2000-ի գարնան դարձան շեշտակի, նպատակ ունենալով Հարաւի ամբողջական ազատագրումը:
Իրերայաջորդ հարուածներ եւ ծանր կորուստներ կրած իսրայէլեան բանակին համար այլեւս ձեռնտու չէր դիմագրաւել դիմադրութեան մարտիկներու ամէնօրեայ յարձակումները:
Իբրեւ պատրաստութիւն ամբողջական հեռացման, իսրայէլեան բանակը սկսաւ քանդել իր կարգ մը դիրքերը:
Իսրայէլ 24 մայիս 2000-ին յայտարարեց, որ կը քաշուի Հարաւային Լիբանանէն, եւ անոր բոլոր ուժերը մինչեւ յաջորդ օր` մայիս 25, լքեցին իրենց դիրքերը եւ հեռացան: Միայն Մազարէհ Շըպաա մնաց իսրայէլեան գրաւման տակ:
Հարաւային Լիբանանի բանակը կազմալուծուեցաւ, եւ Հըզպալլայի մարտական ուժերը մտան շրջան:
Իսրայէլեան գրաւման պատճառով շրջանէն հեռացած բնակիչները վերադարձան իրենց տուները:
Հարաւային Լիբանանի բանակի զինեալներ, անոնց ընտանիքները եւ Իսրայէլի հետ գործակցողներ, շուրջ տասը հազար հոգի, գլխաւորաբար` քրիստոնեաներ, Իսրայէլ անցան:
Հըզպալլա երաշխիք տուաւ բոլորին եւ յայտարարեց, որ իր յաղթանակը ոչ թէ միլիսի մը, այլ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն յաղթանակն է:
Սպառազինութեամբ, արհեստագիտութեամբ ու միջոցներով գերազանց Իսրայէլի պետութեան բանակին դէմ իսլամական դիմադրութեան մարտիկներուն տարած յաղթանակը եկաւ ապացուցելու, որ զէնքի կողքին, եւ զէնքէն աւելի կարեւոր է զէնքը գործածող մղիչ ուժը եւ հոգեկան, բարոյական ու գաղափարական ոգին:


