Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ «Դիմադրութեան եւ ազատագրման» տօնին առիթով իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ յայտնեց. «Դիմադրութեան եւ ազատագրման տօնին կը կանգնինք պատմական ձեռքբերումներու առջեւ, որ իսրայէլեան թշնամիին կողմէ տասնամեակներու վրայ երկարող բռնագրաւումէն ետք, մեր հողերուն մեծ մասին ազատագրումն է: Անիկա ազգային ձեռքբերում մըն է, որ խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի, նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի հողերուն մեծամասնութեան վերատիրացումը` շնորհիւ լիբանանցիներու տոկունութեան եւ համբերութեան»:
Ան խօսքը զինուորականներուն ուղղելով յայտնեց. «Յստակ եւ հաստատ դարձաւ, թէ ձեր տոկունութիւնը Լիբանանի գոյատեւման, լիբանանցիներուն միասնականութեան ու անվտանգութեան կարեւորագոյն պատճառներէն մէկն է»:
Զօր. Հայքալ շեշտեց. «Իսրայէլացի թշնամին կը պնդէ շարունակել իր խախտումներն ու մեր երկրին ու ժողովուրդին դէմ յարձակումները: Կը շարունակէ մեր հողերէն մասեր բռնագրաւել եւ կը խոչընդոտէ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի ամբողջական տեղակայումը, ինչ որ բացայայտ խախտում է առնչակից միջազգային բոլոր որոշումներուն»:
Ան ըսաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը կը կանգնի զինուորականներուն կողքին` «տարբեր ձեւերով բարելաւելու համար ձեր կեանքի պայմանները»:
«Մարտահրաւէրները մեծ են, սակայն անոնք կը փոքրանան ձեր կամքին ու զոհողութիւններուն դիմաց, ուստի միասնաբար ուժեղ եւ հաստատ կերպով պիտի լծուինք աշխատանքին` կառուցելու համար լիբանանցիներուն արժանի եղած հայրենիքը», յայտարարեց լիբանանեան բանակի հրամանատարը:


