Առողջապահութեան նախարար Ռաքան Նասրէտտին 22 մայիսին հրապարակեց որոշում մը, որով կը կազմուի Մանուկներու քաղցկեղի դէմ պայքարի յանձնախումբի որոշումներուն գործադրութիւնը հետապնդող աշխատանքային խմբակ մը:
Աշխատանքային այս խմբակին պարտականութիւնն է գործադրել Մանուկներու քաղցկեղի դէմ պայքարի յանձնախումբին տուած որոշումները եւ ճշդած քաղաքականութիւնները, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի առողջապահական որակաւոր ծառայութիւններու եւ դեղորայքի տրամադրման, ինչպէս նաեւ Մանուկներու քաղցկեղին վերաբերեալ դաստիարակչական գործունէութեան ծաւալման:
Աշխատանքային խմբակը կը բաղկանայ հետեւեալ անձնաւորութիւններէն. տոքթ. Միկել Ապպուտ (նախագահ), դոկտ. Շաղիկ Խուտավերտեան, տոքթ. Ղազի Նսուլի, տոքթ. Փիթըր Նուն, տոքթ. Տոլլի Նուն, տոքթ. Ռաղիտա Տհէյնի, տոքթ. Ճենիֆըր Ապի Եունես, տոքթ. Նեպիլ Քապպարա, տոքթ. Էլիսար Ռատի, Ռուլա Տըլպի, Նիսրին Մասրի եւ Զէյնա Նասրէտտին:


