Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեծելարշաւ. Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովը

May 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցան երկու նիստեր` կանոնաւոր եւ արտակարգ, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին` Ժալ Էլ Տիպի մէջ, ներկայութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սեդոյեանի, ֆետերասիոնի անդամներուն, ինչպէս նաեւ 9 ակումբներու ներկայացուցիչներու (որոնց 7-ն կրնան քուէարկել): Այս ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան 2025-ի ծրագիրները եւ նիւթական զեկուցումը, ներկայ էր նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:

Բացման խօսքը արտասանելէ ետք, Սեդոյեան յայտնեց, թէ 2024-ին որքա՛ն դժուարութիւններէ անցած էր Լիբանան, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ ապահովական առումներով, բան մը, որ նոյնիսկ ազդած էր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն վրայ ալ:

Սեդոյեան իր խօսքին մէջ աւելցուց, որ նոր դիւանի ինչպէս նաեւ նախագահի ընտրութիւնը նոր յոյս ներշնչեց` բարելաւելու հեծելարշաւը, եւ միասնականութեան շնորհիւ կրնայ յառաջդիմել այս մարզաձեւը:

Ընդհանուր ժողովի առաջին նիստին կարդացուեցան վարչական եւ նիւթական զեկուցումները որոնք վաւերացուեցան մեծամասնութեամբ: Ինչպէս նաեւ 2025-ի ծրագիրը զեկուցուեցաւ: Երկրորդ նիստին որոշ օրէնքներ փոփոխութիւններու ենթարկուեցան քննարկումներէ ետք:

Նիստի աւարտին Սեդոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն իրենց վստահութեան համար` կոչ ուղղելով ակումբներուն եւ մարզիկներուն համագործակցութեան` ֆետերասիոնի դիւանին հետ, ցոյց տալու մարզախաղի իսկական պատկերը լիբանանեան մարզախաղերուն կողքին:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Դուրս Մնաց. Նակեթց – Թանտըր` 2-3

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փայլուն Յաղթանակ Մը Տարաւ Ճիւնիի Մէջ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.