Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Նոր Նախաձեռնութիւնը` Հայկական Զարդանախշերու Փայտաքանդակի Աշխատանոց

May 13, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յովհաննէս Շարամբեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար Հայկազեան համալսարանը ապրիլ 4-12 կազմակերպեց հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի աշխատանոցներ: Արդարեւ, Հայկազեան համալսարանը հրաւիրեց թանգարանի երկու աշխատակիցներ` փայտաքանդակի վարպետ Վահէ Մնացականեանը եւ փոխտնօրէն Գայեանէ Ասլանեանը, որոնք այցելեցին լիբանանահայ դպրոցներ եւ շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւողութեամբ աշխատանոցներու միջոցով աշակերտ-աշակերտուհիներու ծանօթացուցին ու սորվեցուցին հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի արուեստի առաջին հմտութիւնները:

Մասնագէտները աշխատանոցներ կազմակերպեցին` Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, ԹՄՄ Վահան Թէքէեան վարժարանի եւ ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ,  ուր աշակերտներուն տրամադրուեցան փորագրութեան գործիքներ եւ 10×10 սմ քառակուսի չափով պատրաստուած լորենիի տախտակներ: Աշակերտներուն կը մնար փորագրել փայտերուն վրայ արդէն իսկ գծուած զարդանախշը:

Այս աշխատանոցներուն մասնակցեցան շուրջ 450 աշակերտներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, իսկ կրթարաններու պատասխանատուներ փափաք յայտնեցին աշխատանոցային երկրորդ առիթ մը յառաջացնել աշակերտութեան աւելի մեծ թիւ ընդգրկելու համար:

Հայկազեան համալսարանին մէջ մասնագէտները երէցներու համար երեկոյեան յատուկ աշխատանոց մը կազմակերպեցին, որուն մասնակցեցան 15 անձեր:

Յաջորդական չորրորդ տարին է, որ Հայկազեան համալսարանը Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ նման աշխատանոցներ, որոնք ի միջի այլոց կը նպատակադրեն նորահաս հայ սերունդները արուեստի ու մշակոյթի կապերով եւս հարազատ դարձնել հայ արուեստի զանազան դրսեւորումներուն:

Շնորհակալութիւն` լիբանանահայ կրթարաններու տնօրէնութեանց, որոնք ընդառաջեցին, եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս օգտաշատ ծրագիրին իրականացման:

Տեղին է յիշել, թէ Գայեանէ Ասլանեան, յանուն թանգարանին, լիբանանահայ երիցագոյն պղնձագործ Զաւէն Գազանճեանին յանձնեց պղնձագործութեան ոլորտին մէջ  ժողովրդական վարպետի կոչումի հաստատագիր. ասիկա առաջինն  է, որ կը տրուի ոեւէ սփիւռքահայու: Ուրախալի է նաեւ, որ մուսալեռցի Ծաղիկ Եսայի Աբրահամեանի յետնորդները  թանգարանին նուիրեցին խոզակներով յարդարուած աւելի քան ութսունամեայ թաւշեայ կտաւ մը:

 

Նախորդը

Ճինիշեան Հաստատութեան Նախաձեռնած «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Աշակերտական Բանավէճի Ծրագիրին Մասնակիցները Այցելեցին Հայաստանի Դեսպանատուն

Յաջորդը

Լիբանանի Բժշկական Միութիւնը Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Հոգեբուժներ Վահէ Բիւզանդեանի Եւ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.