Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսէյն. «Մտահոգ Ենք Սուրիոյ Մէջ Շարունակուող Մագլցումէն Եւ Կը Զգուշացնենք Կացութեան Շրջանային Աւելի Լայն Տագնապի Վերաճումէն»

May 6, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիին փոխանցեց պաշտօնական հրաւէր մը` մասնակցելու Պաղտատի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական վեհաժողովին:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հիւսէյն Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցած է Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հետ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան: Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ իր երկիրը մտահոգ է այդտեղ շարունակուող մագլցումէն` զգուշացնելով, որ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ կացութիւնը շրջանային աւելի լայն տագնապի վերաճի:

Ան կոչ ուղղած է միջազգային եւ շրջանային ջանքերը մէկտեղելու` ճգնաժամը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ խաղաղ լուծումներուն աջակցելու համար:

Միւս կողմէ, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուել Ապարես յայտնեց, որ իր երկիրը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու զարգացումներուն` շեշտելով, թէ անհրաժեշտ է, որ իշխանութիւնը երկրին մէջ բոլոր համայնքներն ու ազգութիւնները պաշտպանելու իր պարտաւորութեան տէր կանգնի:

Սպանական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Սուրիոյ կայունութիւնը կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան բանալի մը` ընդգծելով, որ Սպանիան յանձնառու է Սուրիոյ միութեան եւ հողային ամբողջականութեան:

 

Նախորդը

Թեհրան Առաջարկած Է Իրան-Ազրպէյճան-Վրաստան Տարանցիկ Միջանցք Ստեղծել

Յաջորդը

Ըստ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին. «24 Ռուսական Ընկերութիւններ Կ՛ուզեն Մասնակցիլ Ղարաբաղի Վերականգնման Ծրագիրներուն»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.