Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Չժխտե՛լ Լիբանանցիներուն Ցեղասպանութիւնը (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)

May 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 6-ի վերաիմաստաւորման ճիգերը առաջադրուած արդիւնքներուն չեն յանգիր: Լիբանանեան պետութիւնը այս խորհրդանշական թուականը իր պատուանդանին վրայ վերատեղադրելու որեւէ նախաձեռնութիւն չ՛առներ: Նախաձեռնութեան բացակայութիւնը իրերայաջորդ կառավարութիւններու կը վերաբերի եւ որեւէ կերպ վարչակարգի մը կամ  մասնակի խումբի մը թիրախաւորման հետ կապ չունի:

Մամլոյ նահատակներու նուիրուած օրուան համատեղումը երկրի նահատակաց նշումին հետ պարզ է, որ օրը կը պարպէ իր բուն էութենէն: Ճիշդ է, որ Օսմանեան կայսրութեան զոհ գացած մտաւորականութեան եւ հասարակական գործիչներու շարքին էին նաեւ լրագրողներ, հանրային կարծիք ստեղծողներ, այդուհանդերձ հիմնաւորում չ՛ապահովուիր այս ձեւով խորհրդանշական օրերու համատեղման որոշումին, որ նուիրականացած է այսօր:

Եթէ պետութիւնը քաղաքական պատճառներով Օսմանեան կայսրութեան պատասխանատուութիւնը կը շրջանցէ այս ձեւով, ապա հասարակութիւնը այդ ուղիէն քալելու պարտաւորութիւնը չունի:

Պատմական յիշողութեան կորուստ է, որ տեղի կ՛ունենայ նման ընթացքով, պետական որոշումով եւ յատկապէս լիբանանցի նահատակներուն պատճառ դարձած օսմանեան պետութեան կանխամտածուած քաղաքականութիւնը ժխտողականութեան կ՛ենթարկուի նոյնինքն զոհին կողմէ:

Լիբանանեան հասարակութիւնը ուրեմն ընելիք ունի: Նախ ի՛նք պիտի վերարժեւորէ խորհրդանիշ թուականը, անդրադառնայ ոչ միայն մայիս 6-ին կախաղան բարձրացուած հասարակական գործիչներուն, այլ նաեւ լուսարձակները վերաբանայ պատմական իրադարձութիւններուն վրայ` այնտեղ նկատելու համար ցեղասպանական արարքներու շարք մը, առաւելաբար ծրագրուած սովամահութեամբ արտայայտուած:

Ապրիլ քսանչորսն ու մայիս վեցը խորհուրդի առումով զուգահեռ ունին: Երկուքն ալ կը խորհրդանշեն մտաւորական հատուածի ոչնչացումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Մտաւորականութիւնը առաջնային թիրախ նկատելու օսմանեան վարիչներու այս քաղաքականութիւնը ժողովուրդներու մոլորեցման, թմբիրացման, զգայազրկման նպատակը կը հետապնդէ առ ի պատրաստութիւն հաւաքական մեծ գործողութիւններուն` ցեղային զտումին կամ ցեղասպանութեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի լիբանանեան նշումներուն ընդհանուր մթնոլորտին մէջ բազմիցս ակնարկներ կատարուեցան այս զուգահեռին: Լիբանանցի գործիչներուն կողմէ օրինակ բերուեցաւ հայ ժողովուրդը, որ վառ կը պահէ իր հաւաքական յիշողութիւնը եւ իր նահատակներու նշման թուականի խորհուրդը փոփոխութեան չ՛ենթարկեր: Այս շրջածիրին մէջ ալ խորհրդարանական նախաձեռնութիւններ առնուեցան յատուկ օրուան նշումով համատեղելու հայոց եւ լիբանանցիներու ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը:

Ահա այստեղ է այս թուականի վերաիմաստաւորման կարեւորութիւնը: Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան պէտք է առերեսուի նաեւ լիբանանցիներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան փաստով` ի շարս այլ ցեղասպանութիւններու:

Պատահական չէ, որ Ցեղասպանութեան 110-ամեակի լիբանանեան ոգեկոչումներուն ընտրուած «շարունակուող ցեղասպանութիւններ»-ու նիւթը ներառած էր նաեւ լիբանանցիներուն դէմ գործադրուած սովամահական ցեղասպանութիւնը:

Մայիս վեցի վերաիմաստաւորումը ոգեկոչականէն անդին հիմնովին քաղաքական նշանակութիւն ունի: Քաղաքական բովանդակութեան ապահովումը լիբանանեան հասարակութենէն կը սկսի: Լիբանանահայութեան պարտականութիւնն է մայիսվեցեան բուն խորհուրդը իրազեկելը:

Նախորդը

Շնորհաւորելով Ընտրութիւններու Առաջին Փուլին Յաղթանակ Արձանագրողները` Նախագահ Աուն. «Քաղաքացիներուն Ծառայելն Ու Անոնց Կարիքները Հոգալը Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Աշխատանքի Հիմնական Նպատակներն Են»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Լեռնալիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն` ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած 34 Թեկնածուներէն Յաջողած Են 33-ը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.