Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Զահլէի Մէջ

May 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, կիրակի, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Զահլէի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մարկօ Զէյթունեան: Ան դիտել տուաւ, որ 110 տարի առաջ թուրքերը ծրագրեցին բնաջնջել մեզ աշխարհէն, խլեցին մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հոգիներ, բայց չկարողացան սպաննել հայ ժողովուրդի կամքը, շեշտելով, որ մեր պայքարը տակաւին աւարտած չէ: Ան ըսաւ, որ Արցախի չբուժուած վէրքերը կը վկայեն, որ մենք տակաւին կը պայքարինք գոյութեան համար: Թէեւ թիւով քիչ, բայց` արմատներով խորունկ, կը շարունակենք կանգուն մնալ` պահելով մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր ինքնութիւնը, որոնք մեր սրբութիւններն են, նաեւ` սուրբ կտակը, որ պիտի փոխանցենք մեր զաւակներուն: Զէյթունեան հաստատեց, որ ամէն տարի 24 ապրիլին մենք կրկին սերմեր կը ցանենք մեր երեխաներու սրտերուն մէջ, սերմեր` ազգասիրութեան եւ պայքարի, որոնք պիտի ծաղկին եւ ստեղծեն հպարտ եւ պահանջատէր հայերու նոր սերունդ մը:

Օրուան պատգամախօսն էր Եսայի Հաւաթեան, որ անդրադարձաւ Հայոց պատմութեան հիմնական փուլերուն` բարձր գնահատելով հայկական զարթօնքի որպէս արդիւնք ծնունդը հայկական ազգային կուսակցութիւններուն, որոնք տէր կանգնեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ տառապող հայ ժողովուրդին: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազատագրական պայքարի գլխաւոր իրագործումը եղաւ 1918-ի Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ստեղծումը, որ հայոց պետականութեան վերականգնումը եղաւ դարեր ետք, Ռուբինեան հարստութեան անկումէն ետք (1375):

Անդրադառնալով վերջին տարիներու զարգացումներուն` բանախօսը յայտնեց, որ Հայաստանի այսօրուան ապազգային իշխանութիւնները չեն կրնար գոյատեւել, անոնք ապագայ չունին: Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ այսօր դժուար վիճակի մէջ է հայ ժողովուրդ, բայց` երբեք յուսահատական: «Հայ ժողովուրդը կրցած է գոյատեւել 4517 տարիներ, եւ այդ մէկը բաւարար փաստ է, որ հայ ժողովուրդը մեռնող ժողովուրդ չէ, այլ միշտ ապրող եւ պայքարող», իր խօսքը աւարտեց ան:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Զահլէի սկաուտներուն:

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Փոշիացած» Ու Քաղաքական Հանգանակէ Պարպուած Յուշարձանին Լո՜ւռ Ցասումը (Մայիսի 6)

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ձեռնարկներ Եւ Նախաձեռնութիւններ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.