Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Առիթով Միջազգային Արձագանգներ

April 28, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին, յայտնած է. «Ապրիլ 24-ին կ՛ամբողջանայ 20-րդ դարու առաջին կիսուն տեղի ունեցած ամէնէն ողբերգական իրադարձութիւններէն մէկուն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը:

«Ռուսիոյ մէջ մեր եղբայրական հայ ժողովուրդի ցաւը միշտ ընդունած են իբրեւ սեփական ցաւ: Պատմական վկայութիւններու համաձայն, 1915-ին ռուսական կայսերական բանակի կովկասեան բանակը, Նիքոլա Բ. ցարի հրամանով ռուս-թրքական սահմանը բանալով փրկած է առնուազն 350.000 հայ: Այս իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Մոսկուայի դիրքորոշումը յայտնի է. անիկա հետեւողական է եւ հիմնուած մարդասիրական աւանդութիւններու վրայ: Արդէն 1915 թուականին ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավար Սերկէյ Սազոնովի նախաձեռնութեամբ միջազգային ընտանիքի յառաջատար անդամները կատարուածը որակեցին իբրեւ «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»: Ժամանակակից Ռուսիան աշխարհի առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Տուման 1995 եւ 2005 թուականներուն օրէնսդրական մակարդակով դատապարտած է 1915-2023 թուականներու Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Ֆրանսա

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ գրեց. «110 տարի առաջ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսօր` 24 ապրիլին` Ազգային յիշատակի օրը, յիշենք բոլոր զոհերը եւ վառ պահենք անոնց յիշատակը: Եկէ՛ք շարունակենք գործել մարդկութեան անունով` յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ իր կարգին գրեց. «1915 թուականի ապրիլի 24-ի սարսափելի օրէն 110 տարի ետք, ամբողջ Ֆրանսան կը շարունակէ յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Հայաստանի հետ ենք` ի պաշտպանութիւն ճշմարտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան»:

Յունաստան

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով յղած իր ուղերձին մէջ գրած է. «Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք 110 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին` ըլլալով զգօն բռնութեան եւ անհանդուրժողականութեան բոլոր տեսակներու դէմ:

«Յոյներուն եւ հայերուն կը միաւորեն ժամանակի ընթացքին հասարակաց փորձառութիւնները: Այստեղ, ի վերջոյ, ապաստան գտան հալածանքներու բազմաթիւ զոհեր: Անոնք դարձան մեր ազգային հիւսուածքին մէկ մասը եւ մեր հասարակութեան ստեղծագործական թեւը: Ահա թէ ինչու երկու ժողովուրդներու յանուն ճշմարտութեան, արժանապատուութեան եւ արդարութեան յաւերժական միասնութիւնը անխորտակելի է»:

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիս իր կարգին յայտարարած է. «1915 թուականի ապրիլ 24-2025 թուականի ապրիլ 24. Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական մեկնարկէն 110 տարիներ ետք: Այդ օրը օսմանեան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուեցաւ, կտտանքներու ենթարկուեցաւ եւ սպաննուեցաւ հայ մտաւորականներու եւ համայնքային ղեկավարներու մեծ մասը: Անոնց հետ կախաղան բարձրացուեցան հարիւրաւոր պոլսահայեր:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան ամէնէն սեւ էջերէն մէկն է, որ խլեց 1,5 միլիոն հայերու կեանք եւ դարձաւ միլիոնաւորներու տարագրութեան ու տառապանքի սկիզբ: Բայց եւ այնպէս, այս սարսափելի պատմական դէպքէն 110 տարի ետք, Թուրքիան պաշտօնապէս կը շարունակէ յամառօրէն մերժել պատմական ճշմարտութիւնը: Այսօր այն վայրին մէջ, ուր պատմութիւնն ու վէրքերը կը հանդիպին ներկային եւ ապագայի յոյսերուն, մենք բոլորս պարտաւոր ենք յիշել, պատուել եւ պաշտպանել մեր եղբայրներուն յիշողութիւնը. այսօր` հայերու, վաղը` փոքրասիացիներու, պոնտոսցիներու եւ կիպրացիներու: Միայն այսպէս` յիշողութեամբ ու խոհեմութեամբ, կրնանք միաւորուիլ եւ դիմակայել մոռացութիւնն ու պատմական աղաւաղումը»:

Թուրքիա

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մենք կտրուկ կերպով կը մերժենք 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ պատմական փաստերու եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներով կատարուած յայտարարութիւնները: Նման փորձերը, որոնք ակնյայտօրէն նպատակ ունին քաղաքական նպատակներով օգտագործել անցեալի ցաւերը, բացարձակապէս առ ոչինչ են: Թուրքիան միշտ հանդէս եկած է յօգուտ համաշխարհային մակարդակով եւ իր շրջանին մէջ խաղաղութեան, երկխօսութեան, փոխըմբռնման եւ ընդհանուր բարգաւաճման խթանման: Այս ըմբռնումով Թուրքիան բացած է իր արխիւները եւ առաջարկած ստեղծել Պատմական միացեալ յանձնախումբ` 1915 թուականի իրադարձութիւններու արդարացի եւ գիտական քննութեան համար: Մենք կը շեշտենք, որ արմատական շրջանակներու` պատմութենէն թշնամութիւն քաղելու ջանքերը պէտք չէ խրախուսուին, եւ կը կրկնենք մեր կոչը` աջակցելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող կարգաւորման հոլովոյթին»:

Մոլտովա

Մոլտովայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծ ներկայացուած է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Մոլտովայի խորհրդարանի անդամ, Ազգային այլընտրանքային շարժումի անդամ Հայկ Վարդանեան:

«Եւրոպական միութեան երկիրներու մեծ մասը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մոլտովան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտող երկիր, պէտք է հետեւի անոնց օրինակին», նշած է Վարդանեան` աւելցնելով, որ ասիկա ոչ թէ առանձին գործիչի կամ կուսակցութեան, այլ նախաձեռնութիւնն է հայ համայնքին, որ Մոլտովայի տարածքին կը բնակի 12-րդ դարէն ի վեր:

Ան միւս երեսփոխաններուն կոչ ուղղած է` մինչեւ խորհրդարանի լիազօրութիւններու աւարտը թեր քուէարկել օրինագիծին:

Ան նշած է նաեւ. «Ներկայ խորհրդարանը, որուն լիազօրութիւնը կը լրանայ քանի մը ամիսէն, կրնայ դրական կէտով աւարտել զայն` քուէարկելով նման վեհ եւ կարեւոր նախագիծի օգտին, յատկապէս Եւրոպական Միութեան թեկնածու երկրի համար»:

Քանատա

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ ըսած է. «1,5 միլիոն հայ սպաննուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանոնաւոր կերպով ծրագրուած եւ գործադրուած այս անիմաստ վայրագութիւններուն ժամանակ: Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին մենք կ՛ոգեկոչենք անոնք, որոնք կորսնցուցած են իրենց կեանքը, եւ կ՛անդրադառնանք անոնց պատմութիւններուն, որպէսզի անոնք երբեք չմոռցուին: Հակառակ անոր որ 110 տարի անցած է, անոր հեղինակները կը շարունակեն աշխուժօրէն ժխտել ցեղասպանութիւնը: Հայ ժողովուրդը կը շարունակէ բախիլ հալածանքներու եւ ճնշումներու: Վերջերս ատոր ողբերգական օրինակն էր 2023-ի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 120.000 բնիկ հայերու բռնի տեղահանումը, ինչ որ տեղի ունեցած է քանի մը ամիս տեւած ապօրինի շրջափակումէն ետք, որ զանոնք զրկեց մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքներէն:

«Յիշատակի այս կարեւոր օրը մենք կը յիշենք անոնց, որոնք մահացան, եւ կը պարտաւորուինք կառուցել աւելի ուժեղ, աւելի հանդուրժող Քանատա` զերծ խտրականութենէ եւ ատելութենէ»:

 

Նախորդը

Իրան-Ամերիկեան Բանակցութիւնները Այս Շաբաթ Պիտի Շարունակուին

Յաջորդը

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.