«Եու. Է. Էֆ. Ա.» վերջերս իր ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ, յայտարարեց անցեալ տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի նիւթական պարգեւներու ցանկը, որ մրցանիշ էր աւելի քան 2 միլիառ եւրօ բաժնելով, այսինքն` 25 տոկոսով աւելի` անցեալ տարեշրջանէն:
Ռէալ Մատրիտ, որ ախոյեան դարձած էր, 139 միլիոն եւրօ ստացած է:
Ստորեւ` ամէնէն շատ վարձատրուող ակումբները.
1.- Ռէալ Մատրիտ – 139 միլիոն եւրօ
2.- Փարիզ Սեն Ժերմեն (կիսաւարտական հասած) – 122,4 միլիոն եւրօ
3.- Պորուսիա Տորթմունտ (աւարտական հասած) – 120 միլիոն եւրօ
4.- Պայերն Միւնիխ – 120 միլիոն եւրօ
5.- Մանչեսթըր Սիթի (քառորդ աւարտական) – 110,5 միլիոն (+ 5 միլիոն` գերբաժակի խաղ)
6.- Պարսելոնա (քառորդ-աւարտական) – 98 միլիոն
7.- Մանչեսթըր Եունայթըտ (առաջին հանգրուան) – 61 միլիոն
8.- Նիւքեսըլ – 34 միլիոն
Ռոյալ Անթուերփ 22 միլիոն եւրօ (ամէնէն քիչ վարձատրուած խումբը):
«Եուրոփա լիկ»-ի ամէնէն բարձր վարձատրուող խումբը եղաւ Պայեր Լեւերքուզըն, որ աւարտական հասաւ, շահեցաւ 41,2 միլիոն եւրօ, իսկ ախոյեան Աթալանթա ստացած է 34 միլիոն եւրօ:
Այս բոլորէն անկախ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.» 25 միլիոն եւրօ փոխանցեց Եւրոպայի ակումբներու միութեան, որուն ղեկավարն է Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի:


