Այսօր կը սկսի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի հանգրուանը, ուր հասած են 8 խումբեր:
8 խումբերէն մէկը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, այժմէն իսկ դարձած է ախոյեան (Ֆրանսայի անշուշտ), մինչ 3 այլ խումբեր` Պարսելոնա, Ինթեր Միլան եւ Պայերն Միւնիխ, ախոյեան դառնալու ճամբուն վրայ են յաջորդաբար Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ:
Ռէալ Մատրիտ կը փորձէ գերազանցել Պարսելոնան եւ պիտի պայքարի հասնելու անոր, մինչ Արսենալի գործը շատ աւելի դժուար կ՛երեւի (հասնելու Լիվըրփուլին):
Միայն Ասթոն Վիլա (6-րդ Անգլիոյ մէջ) եւ Տորթմունտ (8-րդ Գերմանիոյ մէջ) կը փորձեն հասնիլ եւրոպական բաժակներու մասնակցելու դիրքերու:
Այսօր Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը իր դաշտին վրայ, ուր պիտի հիւրընկալէ այս տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի մրցումը` 31 մայիսին:
Պայերն բաւական լաւ ելոյթ կ՛ունենար վերջերս, բայց վերջին 15 օրերուն մեծ հարցերու առջեւ կը գտնուի, երբ լուրջ վիրաւորներու ցանկ մը յառաջացաւ: Ալֆոնսօ Տէյվիս, որ Քանատայի ազգային խումբին հետ վիրաւորուեցաւ, ամիսներով հեռու պիտի մնայ կանաչ դաշտերէն: Ֆրանսացի Տայօ Ուփամեքանօ իր կարգին պիտի բացակայի, անշուշտ բերդապահ Նոյըրի հետ: Ճափոնցի ձախ պաշտպան Հիրոքի Իթօ, որ տարեշրջանին սկիզբը ոտքը կոտրած էր, անգամ մը եւս կոտրեց զայն, մինչ Ալեքսանտր Փաւլովիչի եւ Քինկզլի Քոմանի կողքին ամէնէն վերջին վիրաւոր մարզիկը եղաւ այժմու լաւագոյն մարզիկներէն Ժամալ Մուսիալա, որ սրունքին ետեւի մկանը պատռեց:
Մարզիչ Վենսան Քոմփանի պարզապէս յայտնեց, որ ներկաները բացականերուն դերը պէտք է կատարեն, մինչեւ անոնց վերադարձը:
Ինթեր Միլան մասնաւոր լուրջ բացականեր չունի, հակառակ անոր որ Փարմայի դէմ կեդրոնի պաշտպան Ալեսանտրօ Պասթոնի փոխարինուեցաւ ցաւ զգալուն պատճառով: Պահեստի մարզիկ Քրիսթիան Ասլան դեղին քարտերու կուտակումներուն պատճառով պիտի բացակայի, մինչ այլ պահեստի մարզիկներ Քարպոնի, Թարեմի եւ Զիլինսքի վիրաւոր են:
2010-ի աւարտականին Ինթեր 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Պայերնին` Տիեկօ Միլիթոյի զոյգ կոլերուն շնորհիւ, 3 տիտղոսներ ամբողջացնելով Ժոսէ Մուրինիոյի հետ:
2 տարի առաջ, Պայերն պարտութեան մատնած էր Ինթերը 2-0 արդիւնքով թէ՛ երթին եւ թէ՛ դարձին:
Երկու անգլիական խումբեր կրնան պատճառ դառնալ, որ Քիլիան Էմպափէի նախկին եւ այժմու ակումբները իրար դէմ չմրցին:
Ռէալ Մատրիտ այսօր կը մեկնի Լոնտոն` մրցելու համար Արսենալի դէմ, մինչ վաղը Փարիզ Սեն Ժերմեն կը հիւրընկալէ Ասթոն Վիլան:
Ռէալ Մատրիտը վերջին 11 «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսներէն 6-ը շահած է նոյնիսկ Էմպափէի միանալէն առաջ: Փարիզ բնաւ չէ շահած «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ 1 անգամ հասած է աւարտականին, պարտուելով Պայերն Միւնիխէն` Էմպափէի հետ:
Այժմու ամէնէն տպաւորիչ մրցում կատարող խումբերէն Փարիզ Սեն Ժերմեն դուրս ձգած էր թեկնածու Լիվըրփուլը` բարձր մակարդակի մրցումէ ետք:
Ռէալ Մատրիտ, որ 16-րդ անգամ ըլլալով կը փորձէ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահիլ, դուրս ձգած էր Մանչեսթըր Սիթին եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը. ան դժուար մրցում ունի Միքել Արթեթայի Արսենալին դէմ, որուն միակ յոյսը «Չեմփիընզ լիկ»-ն է:
Վաղը Պարսելոնա պիտի մրցի Տորթմունտի դէմ, ուր այս մրցաշարքի լաւագոյն կոլ սքորըրները իրար դէմ պիտի մրցին, անշուշտ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի ներկայութեան: Ռաֆինիա 11 կոլ նշանակած է Պարսայի հետ, մինչ Տորթմունտի Սերհու Կիրասին 10 կոլ նշանակած է (Հերի Քէյնի նման): Առաջին հանգրուանին երկու յառաջապահներն ալ նշանակած էին, ուր Պարսելոնա 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Գերմանիոյ մէջ (դեկտեմբերին): Լեվանտովսքի 9 կոլ նշանակած է Պարսելոնայի հետ, մինչ իր ասպարէզի (103 կոլեր) առաջին 17 կոլերը նշանակած է Տորթմունտի հետ 2011-էն 2014:


