Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծիր Կաթինի՝ Զառիթափի Երկունքը

April 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Լռութեան ալեկոծ ովկիանոսին մէջ,
Սրուակներու մէջ ամփոփուած Ժահրի մակարդը,
Յամրացած ծփանքով, պապանձեալ,
Նենգաւոր ալեակներու առաջնորդութեամբ,
Կ՛ուղղուին ականաւորուած ափունք,
Ոռոգելու խրամներու մէջ արարող,
Ստրկամիտ ամբոխի քարացած երակները։

Իսկ խուլ, կուրացած ամբոխը՝
Անհամբեր, հասանելի աւարի սպասումով,
Չտեսութեամբ, կը պատրաստուի շիճուկի վերածել բովանդակ աւիշը,
Ոռոգելու ամլացած կամակատարներու երակները,
Ա՜յն սին ունայնութեամբ, թէ բալասան է,
Որ կը ներարկէ քարացած բազկերակներուն մէջ։

Խելագարուած, «ամբոխը պատկառելի երեւոյթ» առնելով,
Արբած խոտոր կեցցէներու թնդիւնով,
Անգիտանալով յարալէզներու իմաստութեան կանչերը,
Ե՛ւս յուռթի կ՛ըմպէ նախապէս ամբարուած,
նեղմտութեան մակարդը՝ տգիտութեան սրուակներէն:

«Խեւ Աւօ»-ն, հաւատարիմ իր ծաղրածուի ուխտին,
ներառուած կեղծ լոզունգներու թմրանիւթի բերկրանքով,
Ազատամարտի պարտութեան մթնշաղի խամրած խարոյկի հետքերով,
Շեփորելով պոռոտախօսութեան մեղեդիները,
Յոխորտ նազանքով, կը ճօճէ ջարդուած բազուկը,
Վաղեմի ատրճանակով տրաքող՝ անհետացած մատները ցոյց տալով,
Պատրանքով, միմոսելով յաղթականի նշանը։

Մինչ Վահագնը հիասթափուած,, բալասանը ձեռքին,
Անոր հրաշագործ սրուակը ձեռնտուութեամբ,
Ծիր կաթինի յարդերու ծղօտներուն վրայէն,
Համարձակ, կը կարկառէ զայն,
Ժխտողական ցնորախտէ վարակուած՝  հէք ամբոխին։

Յեղափոխութեան տունը սողոսկած «պատկառելի ամբոխը»,
Հանգչած ընտիր բանուածքով թաւշեայ ասեղնագործին վրայ,
Յերիւրածոյ յաղթանակի գինիով արբշիռ,
Ինքնագոհութեան պալարը ամոքող սպեղանին,
«Խեւ Աւօ»-ներու գլխաւորութեամբ՝
Ահագնութեամբ, շպրտեց երկարուած բալասանի սրուակները
Պարտութեան ամօթի խարոյկին մէջ,
Ի հեճուկս դաւադիրներու սարդոստայնին մէջ կալանաւորուած,
Անհամար մարտիկներու խոհական յորդորներուն։

Յամրացած՝ «Պատկառելի ամբոխը» խելագար,
Անձնատուութեան հնամաշ վահանը,
Կռանելով մեղկութեան փքոցներով,
Ինքնասիրահարութեան  բոցը կրկին ճարճատեցնելով,
Գերուած չկամութեան նազանքով,
Աղիողորմ նահանջի ուշաթափ մեղեդին կրկնելով,
Հեղձամահի եռանգի խազերու գոչիւնով,
Գոռգոռալով, կը գօտեպնդէ «Խեւ Աւօ»-ներու՝
«կառուցողական բարեգործութիւնները»:

Մինչ, Վիշապաքաղի շինարար յորդորներու թոյրը,
Պաղատագին կ՛արձագանգէին իմաստութեան հովիտին մէջ …

Հէ՜յ ջա՜ն տղե՛րք,
Արեգակի այրող տօթը ճաշակելու չէ՛ք,
Որպէսզի հրկիզուած՝ ցաւագին հեռանաք։
Երկրաշարժի ժաժը զգալու չէ՛ք,
Որ փախուստ տաք անծածկոյթ ապահով երկինք։
Կոյուղիին կափարիչը բանալու չէ՛ք,
Զազրելի գարշահոտութեան չափը գիտնալու։
Թոյնի սրուակէն կուլ տալու չէ՜ք,
Իմանալու՝ անոր մահացու ըլլալը։
Բախտն ու ճակատագիրը այպանելով տրտնջալու չէ՛ք,
Երբ ունիք աստուածատուր գանձ մը,
Ապահով հանգչած ձեր գլուխներու կաթսայի կառափին մէջ,
Ընծայուած է ձեզ, առաւելագոյնս վարելու հմտութեամբ։

Ի հեճուկս Վահագնի պաղատագին կանչերուն,
Ափսո՜ս, արդիւնաշատ սերմացանները յումպէտս կորան,
Սփռուելով յարդգողի զառիթափին ներքեւ,
Այն վառ յոյսով, որ օր մը՝
Կրկին կ՛ընձիւղուին ոսկեգոյն յաղթերթով,
Բոցավառելով եղէգները ամեհի,
Կոփելով Աշտիշատի լուսաւոր արքունիքի կամարները մեծապանծ։

Ապրիլ 2025

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (7 Ապրիլ 2025)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երանի՜ Ես Ըլլայի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.