Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Րաֆֆի Թոքաթլեանի Պրոնզէ Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

May 4, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 3 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանին, տեղի ունեցաւ  «Սըրսոք» թանգարանի 2012 տարեշրջանի Ա. մրցանակի դափնեկիր արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի «Լուսաւորուածութիւն» թեմայով պրոնզէ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հայ թէ օտար մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Լօլա Պէօյիւքեան, որ ներկայացուց Թոքաթլեանի հակիրճ կենսագրութիւնը: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտին ստեղծագործութիւններուն մէջ պրոնզը իբրեւ միջոց կ՛արտայայտէ ենթակային զգացումները, ապրումներն ու յուզումները: Պէօյիւքեան յայտնեց, որ Թոքաթլեանին ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են համաշխարհային բազմաթիւ ցուցասրահներու մէջ:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Րաֆֆի Թոքաթլեան Լիբանանին եւ հայութեան պատիւ կը բերէ իր իւրայատուկ աշխատանքներով եւ ստեղծագործութիւններով: Հաւաթեան աւելցուց, որ Թոքաթլեան ունի ստեղծագործական միտք, երբ իր գործերուն մէջ կը տեղադրէ իր ապրումները:

Իր կարգին, խօսք առաւ Մարք Տիքընսըն, որ յայտնեց, թէ Թոքաթլեան խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամներ կ՛ուղղէ իր գործերուն ընդմէջէն: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտը կը սիրէ կեանքը եւ իր արուեստը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին Րաֆֆի Թոքաթլեան ներկայացուցած է պրոնզէ ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ են «Կեանքի պարը», «Ապրելու գեղեցկութիւնը», «Դիմակի կողքին գաղտնիքը», «Հոգիի ազատութիւնը», «Զարթնում» եւ այլն:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 21 մայիս 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

 

 

Նախորդը

Մոկօ Խաչատրեանի Անհատական Ցուցահանդէսը` Մտերմիկ Միջավայրում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի, Ապու Տապիի Եւ Շարժայի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.