Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղիկի Մը Փոխան

March 29, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

«Մեր հասարակութեան հիմքը կինն է, մայրը, սերնդի շարունակողը»

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Հայ ազատագրական շարժումի տարիներուն գրագէտներ եւ ուսուցիչներ իրենց ներդրումը ունեցան` քարոզելով պայքարի ու յեղափոխութեան գաղափարները: Աւելի ուշ, խօսքերը վերածելով գործի, անոնք իրենց ներդրումը ունեցան զէնք ու զինամթերքի փոխադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց տուներուն մէջ ընդունեցին ու պահեցին ֆետայիներ, որոնք պէտք էր թաքնուէին պետութենէն: Աւելի՛ն. անոնք զէն ի ձեռին կանգնեցան կռուի դաշտին վրայ` հայ տղամարդու կողքին:

Այս բոլորէն աւելի պէտք է յիշենք այն հայ կինը, որ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ իւրաքանչիւր օր պայքարեցաւ իր մօր, քրոջ, զաւկին եւ իր անձին փրկութեան համար: Աւելի՛ն. ան պայքարեցաւ յանուն հայրենիքի գաղափարին, իր մանուկին սորվեցուց հայերէն գիրերը, դաստիարակեց իր որդին` քարայրի մութ անկիւնը փոխանցելով դարեր շարունակ ժառանգուած մեր հայրենասիրութեան ոգին, մշակոյթը, պատմութիւնը, սորվեցուց ըլլալ պահանջատէր, վրիժառու, մնալով կառչած` իր արդար դատին:

Մեծ է դերը հայ կնոջ` մեր յաղթանակներու կերտումին մէջ: Այս առիթով պէտք է խոնարհիլ մեր նահատակներու մայրերուն, քոյրերուն եւ կիներուն`  Նաթալիա եւ Սաթենիկ Մատինեան քոյրերը (Սաթենիկ ծանօթ` Ծաղիկ յեղափոխական ծածկանունով, հետագային պիտի դառնար իշխան Յովսէփ Արղութեանի կինը), Դարիա Գոլոշեան, Սիմոն Զաւարեանի քոյրը` Մարօ, Աննա Սահակեան, Իւղաբեր Ղլտճեան, Ա. Փիրումեան, Ժենիա Ադամեան, Նաթալիա Ամիրխանեան, Սրբուհի Եգանեան, Ռուբինա Արէշեան-Օհանջանեան եւ ուրիշներ:

Պէտք է յարգել ու պատուել հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներու մայրերը` մաղթելով, որ անոնց դէմքերը միայն ուրախութեան արցունքներ տեսնեն:

«Եթէ հայ մայրերը չզոհաբերեն իրենց զաւակները, կորսուած է բոլորիս թէ՛ կեանքը եւ թէ՛ պատիւը. հասած է ժամը, երբ հայ մը պէտք է զգայ իր կոչման բարձրութիւնը եւ կատարէ իր սուրբ պարտականութիւնը» (Ա. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ):

Մեծ է թիւը այն հայ կիներուն, որոնք իրենց ամուսիններուն հրաժեշտ տալով, քաջաբար  խրախուսեցին` «Ուխտդ ընդունելի ըլլայ, կեանքդ թանկ ծախէ, քանի մը թուրք սպաննէ… յետոյ…»: Շատեր իրենց ամուսինին կամ եղբայրներուն հետ միասին տարին յեղափոխական դժուարին աշխատանք, անոնց կողքին կռուեցան թշնամիին դէմ ու մինչեւ իրենց վերջին շունչը դիմադրելով` նահատակուեցան:

Այսպէս գործեցին հայուհիները, եւ մէկ բռնուածի տեղ տասը նորեր մէջտեղ եկան իրենց երիտասարդ կեանքը իրենց ազգին նուիրաբերելու համար:

Հերոս հայուհիներու փաղանգը այսքանով չի բաւարարուիր: Մերօրեայ իրականութեան մէջ կը գտնուին նաեւ այլ հերոսներ` հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչները:

Ամէն մարդ չի կրնար ուսուցիչ ըլլալ եւ ուսուցիչ մնալ, երբ գիտակից պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ անոր: Սովորական գործ մը չէ, այլ` կեանքի կոչում մը եւ առաքելութիւն: Շատեր կը փորձեն եւ յետոյ կը հրաժարին: Ուրիշներ սկիզբէն հեռու կը մնան ուսուցչական ասպարէզէն:

Դպրոցական միջավայրին, դպրոցական կրթութեան եւ դաստիարակութեան շունչ տուողը, աշակերտին մտածելու, դատելու կարողութիւնը զարգացնողը, մտային եւ հոգեկան պաշարը հարստացնողը ուսուցիչն է: Մեր երկրորդ ծնողքը, աշակերտին օրինակն ու հայու տիպարը ուսուցիչն է:

Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, կը նկատենք, որ օրէ օր շատերու համար ուսուցչութիւնը դադրած է այլեւս գրաւչութիւն ներկայացնող ասպարէզ մը ըլլալէ: Մեր իրականութեան մէջ չէ պատահած, որ այսքան համալսարանաւարտ ունենանք, ու նաեւ չէ պատահած, որ հայ ուսուցիչի այսքան լուրջ տագնապ ունենանք: Հարցը չի վերաբերիր միայն հայագիտական նիւթեր դասաւանդողներու, այլ` ընդհանրապէս հայ ուսուցիչներու, որոնք կը դասաւանդեն զանազան նիւթեր` օտար լեզուներ, գիտութիւններ թէ այլ:

Հակառակ այս բոլորին, մեզի համար ուսուցիչը կը մնայ մտքի մշակը, որ լծուած է պատրաստելու ապագայ սերունդները:

Յարգանքով, յուզումով եւ երախտապարտութեամբ կը յիշենք մեր ապագայի կերտիչները, արժանաւորնե՛րը, որոնք անցնող կէս դարուն ձեւ ու կերպարանք տուին մեր կեանքին, ոգի եւ ապրում` յաջորդական սերունդներու:

 

 

 

 

Նախորդը

Այր Մարդու Նման` Կին

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ . Մեր Խօսքը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.