Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Գոյապայքարի Լիբանանահայ Ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 20-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Հանդիսութիւն

May 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, երէկ` չորեքշաբթի, 2 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան գոյապայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 20-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն` ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու:

Սարին Ղազարեան

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սարին Ղազարեան, որ նշեց, թէ Վիգէն Զաքարեան կառչած մնացած էր իր դաշնակցականի երդումին եւ նահատակուած յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: Ղազարեան յայտնեց, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը պէտք է զինուի Վիգէն Զաքարեանի ուխտով եւ շարունակէ երթը:

Ներկաները դիտեցին նահատակ Վիգէն Զաքարեանի կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան, որ նշեց, թէ Վիգէն Զաքարեան հասած էր իր երազին եւ իրականացուցած իր տեսլականը: Ան աւելցուց, որ Վիգէն Զաքարեան Արցախի հերոսամարտէն առաջ արդէն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն իր մեծ ներդրումը ունեցած էր հայութեան պահպանման դժուար աշխատանքներուն:

Մարալ Մխսեան

Իր խօսքի աւարտին Մխսեան ըսաւ. «Մենք` խոնարհ ընկերներ, դուն` վեհ ու վսեմ, ի՞նչ բառերով արժանի քեզ ներբող հիւսեմ, որ պարզ ըլլայ, քեզի վայել` իբրեւ յուշարձան, քեզի` մեր հոգիի հերկերու անմահ սերմնացան»:

Ապա Լորի Պիլալեան (սրինգ) եւ Յակոբ Հարֆուշեան (դաշնակ) նուագեցին Արամ Խաչատուրեանի «Վալս» ստեղծագործութիւնը, որուն յաջորդեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի ասմունքը. ան ներկայացուց Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւններէն:

Օրուան պատգամախօսն էր Յովիկ Պերթիզլեան, որ ըսաւ, թէ հայութիւնը քսան տարի առաջ առաւ անվերադարձ քայլ մը, որ ապագայ տարիներուն  պիտի ուղեւորէ հայոց պատմութիւնը եւ պիտի կազմաւորէ Հայաստանի քաղաքական նկարագիրը: Պերթիզլեան յայտնեց, որ Շուշին լուսաւորուեցաւ հայկական հրետանիի արձակած առաջին ռումբով, որ վերականգնեց հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը:

Յովիկ Պերթիզլեան

Պերթիզլեան հաստատեց, որ արցախեան հրամայականը կասեցուց հայութեան ազատագրական պայքարը աւարտելու վիճակը, եւ Շուշիի ազատագրումը փաստն է, որ պայքարը կը շարունակուի: Ան յայտնեց, որ միացեալ Հայաստանը զգացական կարգախօս չէ, եւ այսօր` Շուշիի ազատագրումէն քսան տարի ետք, հայութիւնը իրաւունք չունի կարծելու, թէ այս գաղափարը միայն երազ է: Ան աւելցուց, որ այդ երազին հետեւողներուն փաստերէն մէկը Վիգէն Զաքարեանն է, որ իր ընկերներուն հետ կռուեցաւ միացեալ Հայաստանին համար:

Պերթիզլեան նշեց, որ Արարատին հասնելու համար դժբախտաբար պէտք է ընդարձակել Եռաբլուրը, որովհետեւ ազատագրական պայքարը կը պահանջէ երիտասարդ նահատակներ:

Ազատամարտիկին մայրը կը ստանձնէ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի յուշանուէրը

Արժեւորելէ ետք Շուշիի ազատագրման կարեւորութիւնն ու Վիգէն Զաքարեանին արժէքը` Պերթիզլեան ըսաւ. «Եռաբլուրի մէջ թաղուած հերոսները մտահոգ չեն, վախ չունին, մտահոգ չեն եւ աներեր են նաեւ զոհուելիքները: Հարցը մնացողներն են, որոնք իւրաքանչիւր նոր զոհուածի գերեզմանին վրայ կը խոստանան եւ կ’երդնուն «Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք ընկերներ, շարունակենք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով Սերոբ Յակոբեան ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին երգեց շարք մը յեղափոխական երգեր, որոնց յաջորդեց Վիգէն Զաքարեանի մօր` Մարի Զաքարեանին յուշանուէրի տուչութիւնը: Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած յայտագիրը փակուեցաւ «Վէրքելով լի» երգով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Բժիշկ-Հիւանդ Փոխադարձ Պարտաւորութիւններ Եւ Ակնկալութիւններ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.