Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Լուրեր

March 13, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱԹԼԵԹԻՔ Պիլպաոյի ծայրի յառաջապահ Նիքօ Ուիլիամս այս ամրան պիտի լքէ իր խումբը:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Ուիլիամս պիտի չմիանայ Պարսելոնային, այլ պիտի մեկնի Անգլիա` միանալու Լոնտոնի Արսենալին:

22 տարեկան Ուիլիամսի համար Արսենալ պատրաստ է 60 միլիոն եւրօ վճարելու:

. ՔԱՆԻ մը օր առաջ սկսաւ դատավարութիւնը բժշկական մարմնի 7 անդամներու, որոնք կը մեղադրուին ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն Տիեկօ Մարատոնայի մահուան պատճառ դառնալու համար:

Անոնք ոչ թէ պատճառ դարձած են անոր ուղղակի մահուան, այլ անոնց անտարբերութեան պատճառով անոր վիճակը աւելի եւս ծանրացած էր:

Նշենք, որ Մարատոնա 2020-ին մահացաւ 60 տարեկան հասակին, քանի մը շաբաթ առաջ ուղեղին մէջէն թանձրացած արիւնի գունդ մը հանելէ ետք: Ան նախապէս 2000-ին եւ 2004-ին սրտի կաթուածներ անցուցած էր, երկար ժամանակ թմրամոլութենէ, գերութենէ եւ ալքոլամոլութենէ տառապելէ ետք:

. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ բերդապահ Ինիաքի Փենիա յառաջիկայ ամիսներուն կրնայ լքել ակումբը: Անոր պայմանագրութեան երկարաձգումի բանակցութիւնները սառած են, մանաւանդ որ Փենիա կը փափաքի աւելի յաճախ խաղալ: Ան մինչեւ 2026-ի ամառ պայմանագրութիւն ունի, սակայն Պարսելոնա կը նախընտրէ զինք աւելի կանուխ «ծախել»` օգտուելու համար նիւթական եկամուտէն: 26 տարեկան բերդապահը արդէն իսկ կապի մէջ մտած է թրքական Կալաթասարայ ակումբին հետ, ինչպէս նաեւ «Փրեմիեր լիկ»-ի քանի մը խումբերու հետ:

. ԱՄԻՍՆԵՐՈՎ լրագրողներու նիւթը դառնալէ ետք, Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի միջնապահ Եոշուա Քիմիչ որոշեց երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը Պայերնի հետ: Անոր նոր պայմանագիրը կը նախատեսուի մինչեւ 2029: 30 տարեկան Քիմիչի ծառայութիւններով հետաքրքրուած էին Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի, ինչպէս նաեւ Լիվըրփուլ եւ Արսենալ:

Քիմիչ 2015-ին Լայփցիկէն միացած էր Պայերն Միւնիխին:

. ԱԹԼԵԹԻՔՕ Մատրիտի ֆրանսացի վեթերան յառաջապահ Անթուան Կրիզման հաւանական է, որ միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենին: Անոր փոխանցման սակը կ՛արժէ մօտ 25 միլիոն եւրօ, եւ ըստ երեւոյթին Փարիզ Սեն Ժերմեն լրջօրէն կը մտածէ զայն ձեռք ձգելու մասին:

. ԻՏԱԼԱՑԻ հռչակաւոր մարզիչ Մաքսիմիլիանօ Ալեկրի հաւանաբար մարզէ Ա. Սէ. Միլանը` յառաջիկայ ամառ: Ըստ «Լա Կացեթա տելլօ Սփորթ»-ի, Ա. Սէ. Միլան կը կարծէ, որ իրենց պէտք է յաղթող մարզիչ, որ ծանօթ է «Սերի Ա.»-ին: Նշենք, որ Ալեկրի 2010-էն 2014 մարզած է Ա. Սէ. Միլանը` շահելով «Սերի Ա.»-ն եւ գերբաժակը, ապա միացած Եուվէին:

Նախորդը

Արեւմտահայերէնը` «Բազմալեզու Ցանցեր» Ծրագրին Լեզուներէն Մին, Իսկ Փարաջանովի «Սայաթ Նովա»-ն (Նռան Գոյնը)` Արաբերէն Ենթագրութեամբ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Իր 15-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Տօնեց

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.