Շաբաթավերջին, Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կիսախաղին, կրցաւ 3 կոլ նշանակել Սաութհեմփթընի բերդին մէջ եւ կէտերու հաշիւը հասցուց 70-ի: Տակաւին 9 մրցումներ ունի կատարելիք Լիվըրփուլ, որ կը սուրայ դէպի ախոյեանութեան 20-րդ տիտղոս` հաւասարելով Մանչեսթըր Եունայթըտի 20 տիտղոսներուն:
Մոհամետ Սալահ երկու կոլ նշանակեց փենալթիով` հաւասարելով Սերխիօ Ակուիրոյի 184 կոլերուն` «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան մէջ: Միայն Էնտի Քոլ (187 կոլ), Ուէյն Ռունի (208), Հերի Քէյն (213) եւ Ալեն Շիրըր (260) աւելի կոլ նշանակած են «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան մէջ:
Լիվըրփուլի յառաջապահը 44 արդիւնաւէտ գործողութեան մասնակցած է (27 կոլ եւ 17 էսիսթ)` հաւասարելով Թիերի Հանրիի (2002-2003 տարեշրջանին) եւ Էրլինկ Հաալանտի (2022-2023 տարեշրջանին) մրցանիշներուն:
Անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նոթինկհամ Ֆորեսթէն` այս վերջինիս «անտառ»-ին մէջ:
Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա յայտնեց, որ «սիթիզընները» պէտք է քրտնաջան աշխատին` ապահովելու «Չեմփիընզ լիկ»-ի տոմսը: «Չեմփիընզ լիկ»-ի տոմսը երկինքէն չ՛իյնար: Մենք պէտք է շատ աւելի լաւ ֆութպոլ խաղանք»:
Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ եւ Պայեր Լեւերքուզըն մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով դաշտ ներկայացած էին` նկատի ունենալով, որ անոնք իրար դէմ պիտի մրցին վաղը գիշեր` «Չեմփիընզ լիկ»-ի դարձի մրցումին:
Պայերն Միւնիխ 2-3 արդիւնքով պարտութիւն կրեց 16-րդ դիրքը գրաւող Պոխումէն, մինչ Պայեր Լեւերքուզըն իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Վերտըր Պրեմընէն:
Իտալիոյ մէջ Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 3 կոլ նշանակել Մոնցայի բերդին մէջ եւ մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ: Առնաութովիչ, Չալհանօղլու եւ Քերիաքոփուլոս (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Ինթերի կոլերը:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա – Օսասունա մրցումը վերջին վայրկեանին յետաձգուեցաւ, երբ քաթալոնական ակումբի խումբին բժիշկը յանկարծամահ եղաւ:
Ֆրանսայի մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ռեննը` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Պարքոլա, Ռամոս եւ Տեմպելէ (2) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին կոլերը: Փարիզ Սեն Ժերմեն այժմ 16 կէտի առաւելութիւն ունի Բ. դիրքը գրաւող Մարսէյի վրայ, որ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Լանսէն:


