Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը հաստատեց նոր օրէնքներու փոփոխութիւն, որուն հիման վրայ 2025-2026 տարեշրջանէն սկսեալ միայն խումբերու խմբապետները կրնան իրաւարարներուն մօտենալով խօսիլ կամ բողոքել որեւէ որոշումի շուրջ:
Վերջերս 2024-ի Եուրոյին արդէն իսկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին փորձած էր այս մէկը, որ համեմատաբար աւելի լաւ է, մանաւանդ ժամանակի կորուստի աւելի նուազ վայրկեաններու համար:
Այլ օրէնք մը, որուն պիտի դիմուի, այն է, որ եթէ գնդակը բերդապահներուն ձեռքերուն մէջ մնայ 8 երկվայրկեանէ աւելի, մրցակից խումբը պիտի ստանայ քոռնըր մը:


