Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախորդ շաբաթ յայտարարեց, որ թելադրած է պատրաստել նոր սահմանադրութիւն, որ հանրաքուէի միջոցով պէտք է վաւերացուի Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ:
Կը յուսամ, որ Հայաստանի մէջ ընտրողներուն մեծամասնութիւնը պիտի մերժէ նոր սահմանադրութիւնը` այդպիսով ալ ստիպելով զայն` հրաժարական տալու: Ասիկա ոսկի առիթ է անկէ ձերբազատելու: Վերջին եօթը տարիներուն զայն պաշտօնէ հեռացնելու նախկին բոլոր ջանքերը ձախողեցան, որովհետեւ`
1) Ընդդիմադիր խմբաւորումներուն միջեւ պառակտումը խոչընդոտեց` ձեւաւորելու բաւական մեծ համախմբում, որ կարող պիտի ըլլար հեռացնել Փաշինեանը իր պաշտօնէն: Հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն անոր ժողովրդականութիւնը մեծապէս նուազած է` եօթը տարի առաջուան 80 տոկոսէն հասնելով ներկայիս նուազ քան 10 տոկոսի, այնուամենայնիւ, անոր իշխող կուսակցութեան քաղաքական վարկանիշը աւելի բարձր է, քան` ընդդիմադիր միւս խումբերէն իւրաքանչիւրինը: Բազմաթիւ արդարացումներ բերուած են չմիաւորուելու համար, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը աւելի կարեւոր է, քան` երկիրը փրկելու անհրաժեշտութիւնը: Ցաւօք, պառակտուած իր վիճակին բերումով ընդդիմութիւնը ի՛նքն է Փաշինեանի իշխանութիւնը պահողը:
2) Փաշինեանի դէմ յաջող համախմբում կազմելու համար ոչ մէկ խումբ պէտք է իշխել փորձէ: Համախմբումի ղեկավարութիւնը պէտք է հերթով փոխուի` մինչեւ նոր ընտրութիւններու կայացումը:
3) Ստուերային կառավարութիւնը պէտք է բաղկացած ըլլայ բոլոր ընդդիմադիր խումբերէն` մասնագիտական փորձառութեան հիման վրայ:
4) Խումբերը պէտք է ժամանակաւորապէս մէկ կողմ դնեն իրենց բոլոր ներքին տարակարծութիւնները եւ միաւորուին ազգը փրկելու համար: Եթէ Հայաստան այլեւս գոյութիւն չունենայ, այս խումբերուն գաղափարախօսութիւններէն ոչ մէկը իմաստ պիտի ունենայ: Երկիրը փրկելէ ետք անոնք կրնան վերադառնալ իրենց ինքնուրոյն նպատակներուն:
Գիտնալով Փաշինեանի եսապաշտական գործելաոճը, ան պիտի շրջագայի ամբողջ Հայաստանի տարածքին` երաշխաւորելու, որ քաղաքացիները քուէարկեն նոր սահմանադրութեան օգտին: Ան քար քարի վրայ չի ձգեր իր նպատակին հասնելու համար` ճնշելով եւ սպառնալով անոնց: Ան իր տրամադրութեան տակ ունի իշխանութեան լծակներ` իրականացնելու համար նման հսկայածաւալ քարոզարշաւ եւ դիմելու ընտրակեղծիքներու, կամ` նախընտրական, օրինական սահմանը գերազանցող մեծ գումարներ հաւաքելու, ինչպէս իր կուսակցութիւնը ըրաւ Երեւանի աւագանիի վերջին ընտրութիւններուն ատեն: Ասիկա Փաշինեանին համար գերագոյն նպատակ է, քանի որ նախագահ Ալիեւ յստակ կերպով յայտարարեց, որ առանց Հայաստանի նոր սահմանադրութեան` ինք պիտի մերժէ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը, զոր այնքան կ՛աղերսէ Փաշինեան: Փաշինեան կարիք ունի այդ ստորագրուած թուղթի կտորին, որպէսզի 2026 թուականի ընտրութիւններուն մոլորեցնէ ընտրողները, որպէսզի անոնք կարծեն, թէ ի՛նք «խաղաղութիւն» բերաւ, թէկուզ ատիկա երկար պիտի չտեւէ:
Սկզբնական շրջանին Փաշինեան մերժեց սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող Ալիեւի պահանջը` զայն նկատելով միջամտութիւն Հայաստանի ներքին գործերուն: Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ նման անհրաժեշտութիւն չկայ, քանի որ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծը կը բովանդակէ դրոյթ մը, որով երկու երկիրները համաձայն են ճանչնալու իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը: Վէճի պարագային, խաղաղութեան պայմանագիրի պայմանները գերակայ են իրենց համապատասխան սահմանադրութիւններուն նկատմամբ: Փաշինեան աւելցուց, որ Ազրպէյճանի Սահմանադրութիւնը կը պարունակէ անուղղակի յղումներ` Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ պահանջելու վերաբերեալ: Այնուամենայնիւ, Փաշինեան ըսաւ, որ պիտի չխնդրէ Ազրպէյճանին` վերանայիլ իր սահմանադրութիւնը…
Բացի Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելէ` Փաշինեան ընդունեց Ալիեւի հետեւեալ պահանջները.
– Հայաստանը Ազրպէյճանին պիտի յանձնէ Հայաստանի տարածքին գտնուող որոշ գիւղեր:
– Պիտի արտօնէ ազրպէյճանցիներուն, որոնք նախապէս ապրած էին Հայաստանի մէջ գտնուող շրջաններուն մէջ, վերադառնալ եւ ապրիլ հոն:
– Լուծարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը:
– Եւրոպական Միութեան դիտորդներու հեռացում Հայաստանէն:
– Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի դէմ բարձրացուցած միջազգային դատերու դադրեցում:
– Ազրպէյճանի արեւելեան հատուածէն Նախիջեւան տանող ճամբան պէտք է ըլլայ միջանցք` Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ներքոյ, քան` զուտ ճանապարհ: Միջանցքի դէմ առարկելու ատեն Փաշինեան համաձայնած է դիւրացնել մուտքը:
– Հակառակ անոր որ 2020 թուականի համաձայնագիրը թոյլ կու տայ, որ ինչպէս Հայաստանը, այնպէս ալ Ազրպէյճանը անցնին իրարու տարածքներով, Փաշինեանը բազմիցս յայտարարած է, որ ազրպէյճանցիները կրնան ազատ կերպով հատել Հայաստանի տարածքը` առանց գէթ մէկ անգամ յայտարարելու, որ համաձայնագիրը պէտք է իրականացուի փոխադարձաբար:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան նախորդ շաբաթ ըսաւ, որ նոր սահմանադրութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2026 թուականի յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դեռ յստակ չէ, թէ արդեօք սահմանադրութեան համար ընտրողներուն պիտի առաջարկուի քուէարկել խորհրդարանի անդամներուն համար քուէարկութեա՞ն հետ միաժամանակ, թէ՞ այդ ընտրութիւններէն ետք:
Պարբերաբար սահմանադրութիւնը փոխելու մէջ վատ բան չկայ, երբ որ անհրաժեշտութիւն կը ծագի, սակայն բացարձակապէս անընդունելի է թշնամիին պահանջով ստիպուած ըլլալ բոլորովին նորը գրել:
Շատ կարեւոր է, որ հայ ընտրողները մերժեն նոր սահմանադրութիւնը: «Ո՛չ» քուէն վարչապետին նկատմամբ անվստահութեան քուէարկութիւն է: Ան այլեւս չի կրնար շարունակել մնալ իր պաշտօնին վրայ, եթէ ժողովուրդը մերժէ անոր առանցքային նախաձեռնութիւնը: Ան հրաժարական տալէ բացի` այլընտրանք չ՛ունենար:
www.TheCaliforniaCourier.com



