Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկին` 97-94 Արդիւնքով

March 1, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին գծով հիւրընկալեց Անդրանիկը եւ պարտութեան մատնեց զայն 97-94 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ, որ պարտութեամբ սկսած էր այս տարեշրջանը Մէյրուպայի դէմ (88-96), Էն. Էս. Էյ.-ին յաղթելէ ետք (81-83) կրցաւ չորեքշաբթի օրուան մրցումը յաղթել, երբ 3-րդ մասին կրցաւ ոչ միայն հանգիստ կողովներ նշանակել, այլ նաեւ զսպեց մրցակից Անդրանիկի յարձակումները:

3-րդ մասին 1,28 վայրկեան կար, երբ արդիւնքը հաւասարեցուց ՀՄԸՄ, մանաւանդ որ Անդրանիկ 11 կէտի առաւելութիւն ունէր կիսախաղին:

Կարգ մը համակիրներ կը քննադատեն կարգ մը մարզիկներ, սակայն այդ մարզիկներն են, որոնք պասքեթպոլի մէջ կարեւոր պահերուն կարեւոր կէտեր կը նշանակեն: Օրինակ` Աքսել Թուփան 7 կէտ նշանակեց այս մասին, մինչ Ճորտըն Սթիվըն 10 կէտ ձեռք ձգեց, իսկ Կապրիէլ Աճէմեան` 9 կէտ:

ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Կերի Չիւիչեան բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ իր 9 փորձերէն: Ան 44 տոկոս յաջող ձեւով 3 կէտնոց կողովներ կը նշանակէր, բայց կարգ մը համակիրներ տակաւին աւելի կը սպասեն: Սթեֆ Քըրրի, որ պասքեթպոլի պատմութեան լաւագոյն 3 կէտ կողովներ նշանակող մարզիկն է, 42 տոկոս յաջողութեամբ կը նշանակէ…

Ճորտըն Սթիւընզ 24 կէտ նշանակեց (5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ) եւ կատարեց 9 էսիսթ: Կապրիէլ Աճէմեան 20 կէտ նշանակեց, մինչ սենթըր Եոաթ Ալոք 15 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց տապըլ տապըլ ձեռք ձգելով:

Կերիի նման Աքսել Թուփան 4 սթիլ կատարեց 11 կէտի եւ 8 ռիպաունտի կողքին: 5 կէտ նշանակեց Պասել Հարֆուշ, մինչ Ժոզեֆ Խուրի, Ճէյսըն Սուֆան եւ Փիթըր Տեքերմենճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցումին:

Անդրանիկի լաւագոյն մարզիկներն էին Անթոնի Ֆէյրլի (28 կէտ, 9 ռիպաունտ), Սայիտ Նելսոն (27 կէտ եւ 10 էսիսթ) եւ Անթոնի Քրիսուել (22 կէտ եւ 8 ռիպաունտ), մինչ Ռուտի Հաժ Մուսա (Սիքուիք) 8 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Անդրանիկի, որ վատ մրցում չկատարեց եւ կրեց իր առաջին պարտութիւնը, 2 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, Անթունիէի (79-72) եւ Մարիսթի (Շանվիլ) (83-60) վրայ:

Հետաքրքրական էր վերջին 1 վայրկեանը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ 94-87 արդիւնքով կը յաղթէր, Ֆէյրլի 2 կէտ նշանակեց` 94-89, ապա Սթիվընզ փոխադարձեց` 96-89: Մրցումի աւարտէն 15 երկվայրկեան մնացած, Ֆէյրլի տանք մը նշանակեց… 96-91: Ալոք կորսնցուց առիթ մը, եւ Ֆէյրլի տանք մը եւս նշանակեց` 96-93: 0,08 երկվայրկեան մնացած ֆաուլերը սկսան, եւ մարզիչները ժամացոյցի դէմ մրցումի մը սկսան, 0,01 երկվայրկեան մնացած թեքնիքըլ ֆաուլ, եւ Սայիտ Նելսոն նշանակեց կողովը` 96-94: Անդին Ճորտըն Սթիվընզ, որ հիմնական ֆաուլը իր դէմ կատարած էր, իր ազատ հարուածներէն 1-ը նշանակեց, ապա Ֆէյրլի փորձեց արագ խաղալ, բայց Թուփան սթիլ կատարեց` իրաւարարին սուլիչը հասնելով եւ մրցումը աւարտելով 97-94 արդիւնքով:

Ստորեւ` 3-րդ շաբթուան մրցումներուն արդիւնքները.

Սանթրալ – Հուփս 71-69
Թատամոն Հարաժել – Էն. Էս. Էյ. 80-74
ՀՄԸՄ – Անդրանիկ 97-94
Սաժես – Անթունիէ 101-80
Ռիատի – Մէյրուպա 105-75
Պէյրութ – Մարիսթ 103-97

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարտութիւն Մը Կրեց Ազուրէն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.